7 Յունիսի Խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքը հիասթափութիւն մը եղաւ նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի համար, որ այդ օրէն ի վեր լարուածութիւն կը գրգռէ երկրէն ներս։ ՀՏՓ կուսակցութեան տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելուն արգելք ըլլալու միտումով ընտրութեան նախորդող օրերուն գործադրուած յարձակումները ի վերջոյ 20 Յուլիսին Սուրուչի մէջ 33 կեանքեր խլելով մեկնակէտը հանդիսացան երկիրը պատերազմի դաշտի վերածելու ծրագրին։ Թուրքիոյ մէջ համատարած համոզում մըն է որ այս բոլորը կը կատարուին նախագահի ծրագրին համաձայն։

Ներկայ դրութեան մէջ երկրի քրտաբընակ քաղաքները կը պարզեն Սուրիոյ ռմբակոծուած քաղաքներուն պատկերը։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ արտակարգ իրավիճակ կը տիրէ։ Կուսակալները կ՚արգիլեն բնակիչներու փողոց ելլելը եւ այդ արգիլեալ ժամերուն ոստիկանութիւնը կամ զինուորները զանգուածային ձերբակալութիւններ կը կատարեն նախապէս ճշդուած հասցէներէ ներս։ Համայնապատկերը կը յիշեցնէ 90-ական թուականները։ Սակայն այսօր ի տարբերութիւն անցեալէն, ժողովուրդն ալ զգալիօրէն քաղաքականացած է եւ չի վարանիր զինեալ միաւորումներու դէմ քարերով կամ փայտերով դիմադրելու։ Լարուած իրավիճակը ալ աւելի կը սրուի որոշ քաղաքներէ ներս ինքնավարութեան հռչակումով։ Ծանօթ փորձագէտ Ճէնկիզ Չանտար «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ այս ընթացքը կը ծառայէ նախագահի ծրագրին, հետեւաբար կը սպառնայ ՀՏՓ-ի շահերուն։ «Յանուն մարդկութեան անընդունելի են Վարդոյի, Տիգրանակերտի, Լճէի, Ճիզրէի կամ Եիւքսէքովայի մէջ պատահածները։ Բայց ես քաղաքական ռազմավարութեան իմաստով կը զգուշացնեմ, թէ ՀՏՓ պէտք չէ իյնայ այս ծուղակին» կ՚ըսէ Ճէնկիզ Չանտար։
«Ակօս»ի անձնակազմէն Կէօզտէ Քազազ, Ույկար Կիւլթէքին եւ Ֆաթիհ Կէօքհան Տիլէր այս մասին տեսակցեցան ՀՏՓ-ի Տիյարպէքիրի պատգամաւորներ՝ Զիյա Փիր, Չաղլար Տէմիրէլի եւ կուսակցութեան նախագահի օգնական Մերալ Տանըշ Պէշթաշի հետ։ Փիր կը հարցնէ թէ ապահովութեան ուժերը ինչի՞ կամ որո՞ւ դէմ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն, քանի որ այսօր ձերբակալուող այդ մարդիկ արդէն միշտ հոն եղած են։ «Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւններէն կը հասկնանք որ այս բոլորը իր հրամանով կը կատարուին» կ՚ըսէ Զիյա Փիր։ Չաղլար Տէմիրէլ ալ կը փոխանցէ Տիգրանակերտի, կամ ներկայ անունով Սիլվանի վիճակը։ «Քաղաքը աւերակի վերածուած է։ Քաղաքը անբնակելի դարձած, տուները ռբմակոծուած, ինքնաշարժերը հրկիզուած են։ Կ՚ուզեն ժողովուրդը սարսափի մատնելով ճնշումի տակ առնել»։
Իսկ Պէշթաշ կը յայտնէ թէ Հանրապետութեան նախագահը եւ անոր ցուցմունքներով վարուող կառավարութիւնը երկիրը դէպի քաօս կը տանին։