PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Չարիքի եւ բարիքի միջեւ զոհուածներուն

20 Յուլիսին Ուրֆայի Սուրուչ գաւառին մէջ տեղի ունեցած կոտորածը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, թէ վայրագ թակարդներու լուծը դեռ շատ պիտի ցաւցնէ մեր սիրտերը։ Պիտի ցաւեցնէ՝ քանի որ ՏԱԻՇ-ի անդամակցելու ցանկութիւն ունեցողներու թիւը շատ աւելի բարձր է ԵՓԿ/ԵՓԺ-ի զօրակցութեան փութացողներէն։ Առայժմ արիւնարբու ոճիրները աւելի մեծ ձգողութիւն ունին, քան Ռոժավայի յեղափոխութիւնը։ Քանդելը աւելի ձեռնտու է, քան շինելը։ Նոյնիսկ չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք՝ ոմանց համար մահը աւելի հրապուրիչ է քան կեանքը։

Ուրեմն հակադրութիւնը յստակօրէն չարի ու բարիի միջեւ է։ Սպանողը չարը կը ներկայացնէ, զոհուածը բարին։ Սուրուչ աւանի մէջ մահացող 32 երիտասարդները աւերուած Քոպանին վերակերտելու, քաղաքը պատած պատերազմի փոշին սրբելու համար մէկտեղուած էին։ Խաղալիքներով լեցուն էր իրենց պայուսակները։ Խաղալիքներով ու գրենական պիտոյքով։ Մանուկները ուրախացնել երազած էին։ Այդ երազին առթած ուրախ տրամադրութիւնով լեցուած էին օթօպիւսներ եւ երգերով հասած էին Սուրուչ։ Քոպանիի պատերազմին սարսափը իր մորթին վրայ ապրած սահմանամերձ այս աւանը գրկաբաց ընդունած էր այդ երիտասարդները։ Տիրող խանդավառութիւնը նոյնիսկ չէր խանգարուած Ուրֆայի կուսակալին յարուցած արգելքներով։ Այս վերջինս խրտչած էր երիտասարդներու հաւաքաբար Քոպանի անցնելէն եւ յօժարած էր միայն ներկայացուցչական խումբի մը սահմանը անցնելուն։ Տղաքը ահա այդ սահմանուած խումբը ճանապարհելու պատրաստութեան մէջ էին, երբ ոճրագործը կատարեց իր չար արարքը, երկվայրկեաններու մէջ խլելով աւելի քան 30 երիտասարդ կեանքեր։

Եթէ 30 երիտասարդ կեանքեր խլեց դէպքի վայրը, նաեւ 30 օճախներ մարեց Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէ ներս, տարբեր ազգային ինքնութիւններ ունեցող ընտանիքներու տուներէ ներս։

Քրտական ազատագրական շարժումը երկար ատենէ ի վեր հրաժարած է հիմնարկութեան տարիներուն գլխաւոր նպատակէն՝ ազատ, անկախ Քիւրտստանի մը հիմնադրութենէ։ Ընդ հակառակը շարժումը իր ճակատագիրը կապած է Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ համերաշխութիւն մը գոյացնելու։ Համերաշխութիւն մը՝ որ յարգանք պիտի ցուցաբերէ քիւրտերու ազգային ինքնութեան, մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ։ Նման պահանջը կը թելադրէ նաեւ այս բոլորը ցանկալ երկրի բոլոր ժողովուրդներու համար եւս։ Այսպէսով ալ անոնք երբեւիցէ կը գործածեն «Թուրքիականացում» բացատրութիւնը, որ կը մատնանշէ երկրի բոլոր բնակիչներուն անունով ելքի միջոցներ գտնել երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Յայտնի է որ այս նոր նախադրեալը շատ աւելի խրտչեցուցած է Թուրքիոյ ազգայնամոլները, որոնք պիտի նախընտրէին անկախութիւն եւ անջատողականութիւն պահանջող թշնամիին հետ պայքարիլ, քան խաղաղութիւն պահանջող ազգային շարժումի մը հետ գործ ունենալ։ Ուրեմն սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ Քոպանիի մէջ պայթող այդ ռումբի իսկական թիրախը ճիշդ ալ ՀՏՓ-ականներուն թելադրած խաղաղութեան մթնոլորտն էր։ Այդ մերձեցումը արժանի արձագանգը գտած էր երկրի տարբեր ժողովուրդներէն, որոնք կարեւոր համեմատութեամբ զօրակցած էին Սելահատտին Տէմիրթաշի կերպարին մէջ մարմնաւորուած այս հասկացողութեան։ Իսկապէս ալ շատ անգամ չարիքը աւելի նախընտրելի է, քան բարիքը։ Եւ ի վերջոյ չարագործն է որ աւելի մեծ յաղթանակ պիտի ձեռք բերէ, քան մարդկայինը, մարդասիրականը, մարդավայելը։