Ահա հասած է «ԱԿՕՍ»ի 1000. րդ. թիւը։ Հազար շաբաթներ կը նշանակէ այս։ Ուրեմն կ՚արժէ այդ անցնող ժամանակի մասին վերլուծում մը ընել։
1996-ի Ս. Զատկի տօնին հրատարակուեցաւ այս թերթի առաջին համարը։ Պոլսահայ հասարակութեան որոշ մէկ հատուածին համար ոգեւորութեամբ դիմաւորուած այս յայտնութիւնը, ոմանց համար ալ մտահոգութեան պատճառ էր։ Անոնք խիստ վերապահութիւն ունէին թրքերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթի մը հանդէպ։ «Ինչ հիմա, թուրքե՞րն ալ պիտի կարդան մեր ազգային խնդիրները» կը հարցնէին։ Իրաւացի էր այդ հարցումը, քանի որ ամբողջ հանրապետութեան շրջանին աննախադէպ երեւոյթ էր հայկական թերթի մը տեղական լեզուով հրատարակութիւնը։ Թէեւ սփիւռքի իրողութեան մէջ հանդիպած էինք անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն կամ ռուսերէն լեզուով հայկական պարբերականներու գոյութեան, բայց թրքերէնը բոլորովին տարբեր հանգամանք կը ներկայացնէր։ Այս փափկանկատութիւնը հասկնալու համար դիտենք մի այլ օրինակ։ Համահայկական օղիմպիական խաղերու ընթացքին Երեւանի փողոցները բաբելոնի աշտարակի տպաւորութիւն կը թողուն։ Բայց այդ լեզուներու խառնարանին մէջ երբ Թուրքիայէն եկած տղաք ալ փորձեն իրենց երկրի լեզուով խօսիլ, յանկարծ կռիւ կը ծագի խումբերու միջեւ։ Ակօսի հրատարակութիւնը այս տարօրինակութիւնն ալ բնականոնի վերածելու հանգամանք մը ունեցաւ։ Նաեւ շուտով պարզուեցաւ որ հայոց թշնամիները լրաքաղութեան համար արդէն ունին բաւականաչափ միջոցներ։ Թրքերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթը ի նպաստ չէ այլ ի վնաս է հայոց թշնամիներուն։ Չէ որ այդ թերթի միջոցաւ հայը իր խնդիրները լսելի կը դարձնէր շատ աւելի լայն շրջանակի մը։
Անցնող 999 համարները թղթատելով կը հանդիպինք բազմաթիւ էական լրատուութիւններու, որոնք իրենց հետեւանքներով բախտորոշ եղած են Պոլսահայ իրականութեան մէջ։ Իբր օրինակ կարելի է նշել Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի դէպքը։ Այդ դպրոցի շէնքին գրաւման պատմութիւնը խորհրդանշական օրինակ մըն է հայ ժողովուրդի հարստութեան պետութեան կողմէ թալանման առումով։ Ամբողջ գործընթացը կրկնել անիմաստ է։ Միայն վերյիշելու համար նշէնք որ Հանրապետական Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1936 թուին երկրի բոլոր հիմնադրամներէն պահանջեց ներկայացնեն իրենց պատկանող կալուածները։ Եւ այդ տարեթիւէն 38 տարիներ ետք յայտարարեց որ փոքրամասնութեան պատկանող հիմնադրամները իրաւունք չունին նոր կալուածներու տիրանալու։ Այդ նախադրեալով ալ մի առ մի գրաւեց շատը կտակի միջոցաւ, ոմանք ալ օրինաւոր կերպով գնուած բազմաթիւ կալուածներ։
Պետութեան «օրինաւոր» այդ անարդարութիւնը Ակօսի միջոցաւ փոխադրուեցաւ Թուրքիոյ հասարակութեան օրակարգին։ Զանազան թերթեր եւ հեռուստակայաննէր ձայնակցեցան Ակօսի լրատուութիւններուն եւ պետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ետքայլ ըրաւ իր որոշումէն։ Պետական տարբեր մարմիններ միջամուխ եղան խնդրին խաղաղ լուծում մը գտնելու համար։ Թէեւ մինչեւ օրս վերջնական լուծում մը չէ գտնուած, բայց դպրոցը կը շարունակէ գործել։ Չենք վարանիր ըսելու որ եթէ Ակօսի հրատարակութիւնը չըլլար, մենք շատոնց կորսնցուցած կ՚ըլլայինք ազգին դրամով գնուած այդ կալուածը։
Այսօր եթէ կը գործէ հասարակութեան միացեալ կամքը ներկայացնող ՎԱՏԻՓ հարթակը, այդ ձեռքբերումն ալ իրականացաւ Ակօսի եւ անոր հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքի յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ։
Հազարերորդ համարը յաղթանակի մը պանծացումն է, որու փոխարժէքը հատուցած ենք ամենաթանկ ձեւով։