«Ժամը ճիշդ 12։44-ին դուն բեմ կ՚ելլես եւ շրջանաւարտ դասարանի անունով կ՚արտայայտուիս։ Չորս վայրկեան կը տեւէ քու ելոյթը։ Քեզմէ ետք բեմ պիտի ելլեն նախ խնամակալութեան ատենապետը, երեք վայրկեանով, եւ ապա հիմնադիրը, դարձեալ երեք վայրկեան։ Վերջին ելլողը տնօրէնը պիտի ըլլայ, չորս վայրկեանի մէջ պիտի աւարտէ իր ելոյթը եւ նոյն պահուն բեմ պիտի հրաւիրէ այդ պահուն սրահին մէջ գտնուող կրտսերագոյն եւ երիցագոյն Կեդրոնականցիները։ Արդէն ժամը ճիշդ 13.00 է եւ բոլորը պիտի գոռան –Ապրի Կեդրոնականը, ապրի Կեդրոնականցին»։

Կեդրոնականի բազմաթիւ սաներ իրենց աւագ եղբօր՝ նորոգ հանգուցեալ Տոքթ. Հերմոն Արաքսի դարմանատան մէջ լսած են այս ճշդապահ կարգադրութեան վերեւ փոխադրուած նախադասութիւնները։
Ափսո՜ս որ 24 Յունիս Չորեքշաբթի, ցերեկուայ ժամերուն կորսնցուցինք բոլորին սիրելի Տոքթ. Արաքսը։ Ան ծնած էր 1923 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ Նախնական ուսումը ստացաւ Էսաեան, երկրորդական ուսումն ալ Կեդրոնական վարժարանի մէջ։ Աւարտեց Իսթանպուլի բժշկագիտութեան դպրոցը եւ լման վեց տարիներ աշխատեցաւ Կեսարիոյ մէջ։ Վայելեց տեղւոյն ժողովուրդին մեծ համարկրանքը։ Այդ տարիներուն հետեւելով Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի թելադրանքներուն հայերէնի դասաւանդութիւններ կատարեց Կեսարիոյ մէջ։ Իր դաստիարակած աշակերտները աւելի ետք արձանագրուեցան Իսթանպուլի նորահաստատ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանը։ Տոքթ. Արաքս ամուսնանալէ ետք Ռիթա Համամճեանի հետ, շարունակեց դաստիարակչական առաքելութիւնը նաեւ Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ։ Ինչպէս ըսած էինք Արփիկ Միսաքեանի մահուան առթիւ, Տոքթ. Արաքսի կորուստով դարձեալ պատմութեան կարեւոր էջ մը կը փակուի պոլսահայ իրականութեան մէջ։ Վերջին ամիսներու իրերայաջորդ կերպով կ՚ապրինք անփոխարինելի դէմքերու կորուստին պատճառած կսկիծը։ Տոքթ. Արաքս ալ կու գայ միանալու Սարգիս Սերովբեանի, Արփիկ Միսաքեանի եւ նմաններու կորուստով գոյացած մեծ պարապութեան վրայ նոր մը աւելցնելու։ Կը սգակցինք սիրելի Տիկին Ռիթա Արաքսին, մեր պաշտօնակից եւ բարեկամ՝ Ռաֆֆի Արաքսին եւ ընտանեկան պարագաներուն։ Իսկ սիրելի տոքթորին կը մաղթենք երկնային հանգիստ արդարներու օթեւանին մէջ։