PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Դուք որո՞ւն եկեղեցին կը ներկայացնէք

Նոյ­նիսկ տա­սը տա­րի առաջ շա­տեր կա­րեւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէին այն խորհրդանշա­կան տա­րեթե­ւին, որ պի­տի յի­շեց­նէր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձը։ Բա­զում իմաստներ կը վե­րագ­րուէին այդ խորհրդան­շա­կան թուակա­նին։ Կար­ծես թէ օրա­ցոյ­ցը ինքնին բա­ցառիկ յատ­կութիւն մը ու­նե­նար եւ յան­կարծա­կիօրէն շրջէր մեզ յու­զող տխուր ճա­կատա­գիրը։ Ի վեր­ջոյ եկաւ այդքան սպա­սուած տա­րեթի­ւը, իր հետ բե­րելով դա­ւադ­րութեան նոր մարմնա­ցումներ։ Ոմանք կը սպա­սէին որ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւնը թե­ւակո­խելով այդ կա­խար­դա­կան տա­րեթի­ւին, իս­կոյն պի­տի փո­խէ իր այդքան տա­րուան կարծրա­ցած քա­ղաքա­կանու­թիւնը եւ պի­տի մե­ղան­չէ իր գոր­ծած ոճի­րին հա­մար։ Ներ­կայ դրու­թեամբ այդպի­սի հե­ռապատ­կեր մը չե­րեւիր հո­րիզո­նին վրայ։ Ընդհա­կառա­կը, այժմ կը տի­րէ շատ աւե­լի մտա­հոգիչ երե­ւոյթ քա­նի որ ու­րա­ցու­մը գտած է նաեւ հա­յերէ­նով ար­տա­յայ­տուելու առի­թը։ Մեզ բո­լորիս ամօ­թի ծանր բա­ժին մը կը վի­ճակի, երբ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի Փո­խանոր­դը իր ժո­ղովուրդը կը հրա­ւիրէ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի զո­հերու յի­շատա­կին հո­գեհանգստեան պա­տարագ մա­տու­ցե­լու։ Ու­րացման երե­ւոյթնե­րէն մէկն ալ նիւ­թե­րը իր իմաս­տէն դուրս քա­շելով կը յայտնուի։ Ապ­րիլ 24-ը Առա­ջին Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ո՞ր մէկ ճա­կատագ­րա­կան պա­հը կը խորհրդան­շէ որ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին մէկ կողմ թո­ղու իր զո­հերու յի­շատա­կը եւ փու­թայ այլ ազ­գի զո­հերու յի­շատա­կը յար­գե­լու։ Մենք բնա­կանա­բար խտրա­կանու­թիւն չենք դներ բո­լոր ան­մեղ զո­հերուն մի­ջեւ։ Բայց ար­դէն ամ­բողջ դար մը հաս­տա­տուած թուակա­նը ու­րիշ իմաս­տի մը փո­խանա­կելը մեր հաս­կա­ցողու­թիւնով միայն մէկ նշա­նակու­թիւն ու­նի՝ սրբապղծու­թիւն։ Չըլ­լա՛յ որ այդ օր ի դէմ հայ եկե­ղեց­ւոյ միաս­նա­կան կամ­քին մեր Պատ­րիար­քա­րանը ազ­գիս հա­յոց 1,5 մի­լիոն ան­մեղ զո­հերուն, սրբա­դասու­թիւն կա­տարէ Առա­ջին Աշ­խարհա­մար­տի բո­լոր զո­հերուն հա­մար։

Կեան­քի մէջ կան պա­հեր, ուր մար­դիկ կրնան դա­տապար­տուիլ լռու­թեան, քար լռու­թեան։ Այդ հանգրուանին գիտ­ցո­ղը նկա­տի կ՚ու­նե­նայ լռու­թեան տե­ղի տուող պայ­մաննե­րը եւ եղե­լու­թիւնը կը դի­տէ հաս­կա­ցողու­թեամբ։ Սա­կայն ար­դեօ՞ք ներ­կայ պա­հը դեռ տա­կաւին այդ պահն է, որ մենք ապա­ւինինք այդ քար լռու­թեան թե­լադ­րած վախ ու սար­սա­փի ան­պա­տիւ հո­գեվի­ճակին։ Բայց ի՞նչ ընենք, որ չար ճա­կատա­գիրը մեզ բե­րաւ այնպի­սի հանգրուանի մը, ուր մեր ձայ­նին լսե­լի դառ­նա­լուն հա­մար յոյ­սերնիս կա­պած ըլ­լանք Քիմ Քար­տա­շեանի ժո­ղովրդա­կանու­թեան։ Եթէ կը խօ­սինք ամօ­թի մը մա­սին հարկ է նշել որ այստեղ խնդրոյ առար­կայ եղա­ծը ազ­գա­յին ամօթ մըն է։ Իբ­րեւ ազգ չենք յա­ջողած մեր ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը բարձր պա­հել։ Զո­հած ենք մեր սրբու­թիւննե­րը ի գին խայ­տա­ռակ վա­խի։ Բայց ոչ մէկ կաս­կած, յան­կարծ եթէ պայ­մաննե­րը որոշ չա­փով իսկ բա­րելա­ւին, այ­սօ­րուան բո­լոր վախ­կոտնե­րը պո­ռոտա­խօս հե­րոս­ներ ըլ­լա­լով պի­տի ներ­կա­յանան մեր դի­մաց։

Այո՛, 2015 տա­րեթիւն է եւ հայ ժո­ղովուրդի ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին են­թարկուած մե­ծագոյն չա­րիքը յի­շատա­կելու հա­մար կը դի­մենք ամօ­թալի ու­րա­ցու­մի մը առ­թած խո­րաման­կութեան։ Մենք մեզ պի­տի լո­լոզենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու յի­շատա­կը յար­գած ձե­ւաց­նե­լով, իսկ ու­րիշնե­րուն պի­տի վստա­հեց­նենք, թէ մենք գործ չու­նինք այդպի­սի նիւ­թե­րով։ Եւ որ­քան ցա­ւալի է տես­նել, թէ պոլ­սա­հայու­թիւնը ի վի­ճակի չէ այս ամօթ արար­քը ար­ժա­նի կեր­պով դա­տապար­տե­լու։ Այս խնդրին մէջ ալ հա­շիւը պի­տի թո­ղունք երկնա­յին դա­տաւո­րին, քա­նի որ գի­տենք թէ մար­դու կեան­քի այս չնչին տե­ւողու­թեան փո­խարէն շատ աւե­լի մնա­յուն է պատ­մութեան յի­շողու­թիւնը, որ պի­տի չմոռ­նայ այս խայ­տա­ռակ ճղճի­մու­թիւնը։