Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տէր Լէյըն յոյս ունի, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործութեան:
Այս մասին Վոն Տէր Լէյըն խօսեցաւ Էօզպեքիստանի Սամարկանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու առաջին գագաթնաժողովին ընթացքին: «Սեւ ծով հասնելու համար նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ սահուն սահմանը կարեւոր է: Երեք տասնամեակ փակ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն բացումը պիտի փոխէ խաղի կանոնները: Ասիկա Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մօտեցնէ աւելի քան երբեք», յայտարարեց Վոն Տէր Լէյըն: