Լաւրով կը մեղադրէ Հայաստանը

Հայաստա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան բան­բեր Անի Պա­տալեան մեր­ժեց Ռու­սիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Լաւ­րո­վի Հա­յաս­տա­նի հաս­ցէին ար­տա­սանած քննա­դատու­թիւննե­րը։ Լաւ­րով Փու­թի­նի Ալիեւին հետ տե­սակ­ցած մի­ջոցին ռու­սա­կան ռա­տիօկա­յանի մը հետ ու­նե­ցած հար­ցազրոյ­ցին պնդած էր թէ Հա­յաս­տան տա­րած­քա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան դէմ ար­գելքնե­րը վե­րաց­նե­լու գոր­ծընթա­ցը կը կա­ցինա­հարէ։

Պա­տալեան կը յի­շեց­նէ թէ իր պաշ­տօ­նակի­ցը պար­տի գի­տակ­ցիլ թէ Հա­յաս­տան բա­ցայայտ փաս­տա­թուղթե­րէ զատ ոչ մէկ հա­մաձայ­նագրի մաս­նիկն է՝ հե­տեւա­բար չի կրնար այդ հա­մաձայ­նու­թիւննե­րը կա­ցինա­հարել։

Ան նաեւ յա­ւելեց թէ տա­րած­քա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան վե­րականգնու­մը ընդմիշտ կա­րելի է։

«Ռու­սիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն կոչ կ՚ընենք Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ խա­ղաղու­թեան հաս­տատման ջան­քե­րը կողմնա­կի յայ­տա­րարու­թիւննե­րով կա­ցինա­հարե­լէ խու­սա­փելու հա­մար» ըսած է Անի Պա­տալեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ