Չորեքշաբթի օր խմբագրատան մէջ սիրով հիւրասիրեցինք «Ակօս»ի վաղեմի բարեկամ Մուսթաֆա Պալապանը։ Էլազըղաբնակ Պալապան իր ծննդավայր քաղաքին մէջ կը գործէ իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ։
Միւս կողմէ ան բնապահպանական աշխատութիւններով ծանօթ «ՉԷՔԻՒԼ» Հիմնարկի գործիչ է Էլազըղի մէջ։
Մուսթաֆա Պալապան, իբրեւ «Ակօս»ի հաւատարիմ ընթերցող, տարածաշրջանի հայկական մշակութային ժառանգի ալ հաւատարիմ պահապան մըն է։
Արդարեւ այս այցելութեան ընթացքին իրմէ լսեցինք քաղաքին հայ բողոքական եկեղեցւոյ մասին զարգացումները։ Անհատական սեփականութիւն դարձած այդ եկեղեցին եւ տարածքը 1970-աւան տարեթիւերուն գրանցուած է իբրեւ պատմամշակութային կառոյց։ Այդ գրանցումին մէջ չես գիտեր ինչպիսի դրդապատճառներով հայ բողոքականաց եկեղեցին ներկայացուած է իբրեւ ասորի եկեղեցի։
Ներկայ սեփականատէրը կ՚ուզէ կանգուն տաճարը վերանորոգման մատնելով հիւրանոցի վերածել։
Մուսթաֆա Պալապան կ՚առարկէ այս նախաձեռնութեան, պնդելով թէ պատշաճ չէ եկեղեցին հիւրանոցի վերածել։ Ան նաեւ կ՚աշխատի սխալ գրանցումը սրբագրելու, ճշդելով թէ եկեղեցին ոչ թէ ասորեապատկան է, այլ Էլազըղի երբեմնի հայ բողոքական համայնքին։
Գիտնալով Պալապանի նախորդ աշխատութիւնները վստահ ենք թէ այս նիւթի շուրջ ալ ան պիտի յաջողի իր դիմումները ընդունելի դարձնելու։