Հայ վարժարաններու հունձքը

13 Օգոս­տո­սին հրա­պարա­կուե­ցաւ ԲՈՒՀ-երու մտից քննու­թեան ար­դիւնքնե­րը։

Այս տա­րի հայ­կա­կան հինգ երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանի շրջա­նաւարտ 138 ու­սա­նող­ներ մաս­նակցե­ցան մտից քննու­թեան։ Անոնցմէ 80-ը ար­ձա­նագ­րո­ւած են յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­ներ, իսկ 53-ը պե­տական հա­մալ­սա­րան­ներ։ Բա­ցի ար­ձա­նագ­րո­ւած­նե­րէն եր­կու ու­սա­նող­ներ որո­շած են կրկին մաս­նակցիլ յա­ռաջի­կայ տա­րուայ քննու­թեան։ Եր­կու ու­սա­նող­ներ ալ կը սպա­սեն տա­ղան­դա­չափու­թեան քննու­թեան ար­դիւնքին։ Նշենք որ նա­խորդ տա­րի հայ վար­ժա­րան­նե­րէ շրջա­նաւարտ 129 ու­սա­նող­ներ մուտք գոր­ծած էին երկրի զա­նազան հա­մալ­սա­րան­նե­րուն։ Մեր կրթա­կան օճախ­նե­րէն ամե­նաշատ շրջա­նաւարտ տո­ւողը դար­ձեալ Կեդ­րո­նականն է 56 աշա­կերտնե­րով։ Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք ու­նի 14, Սա­հակեան Նու­նեան 23, Փան­կալթը Մխի­թարեան 19 իսկ Էսաեան ալ 22 շրջա­նաւարտներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ