Ֆեթհիյէ Չեթինի «Պահուած Ոտանաւոր»ը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ֆեթհի­­յէ Չե­­թին անու­­նը բո­­լորին ծա­­նօթ է իբ­­րեւ Հրանդ Տին­­քի իրա­­ւապաշտպան։ Հրան­­դի սպա­­նու­­թե­­­նէն ետք ան եր­­կար տա­­րիներ շա­­րու­­նա­­­կեց այդ պաշ­­տօ­­­նը, այս ան­­գամ Տինք ըն­­տա­­­նիքը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով ոճի­­րի դա­­տավա­­րու­­թեան ըն­­թացքին։

Այս մի­­ջոցին քա­­ջարի փաս­­տա­­­բանը հան­­րութեան ծա­­նօթ դար­­ձաւ իր գրա­­կան ձիր­­քե­­­րով եւս։ «Մեծ Մայ­­րիկս» անուն գիր­­քով հրա­­պարա­­կեց իր մեծ մօր ող­­բերգա­­կան պատ­­մութիւ­­նը։ Ըն­­թերցող­­ներ այդ գիր­­քի շնոր­­հիւ թա­­փան­­ցե­­­ցին 1915-ի հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն վե­­րապ­­րած ին­­նա­­­մեայ որ­­բուհիի մը տխուր պատ­­մութեան։ Ըն­­տա­­­նեկան գաղտնիք մըն էր այդ, որ մա­­համերձ տա­­տիկը բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով փո­­խան­­ցած էր իր թոռ­­նուհիին, երբ ան կը պատ­­րաստո­­ւէր իրա­­ւագի­­տական ու­­սում ստա­­նալու հա­­մար տու­­նէն բաժ­­նո­­­ւելու։

Գիր­­քը մեծ ար­­ձա­­­գանգ ստեղ­­ծած էր երկրի մէջ, քա­­նի այդ հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն ետք շա­­տեր յայտնո­­ւած էին իրենց ըն­­տա­­­նիքէ ներս ալ նման ապ­­րումնե­­րու վկա­­յու­­թիւնով։

«Իմ ալ…», «Մեր ալ…» բա­­ռերով սկսող բա­­զում նա­­մակ­­ներ գրո­­ւեցան Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինին։ Մար­­դիկ կը պատ­­մէին թէ իրենց ըն­­տա­­­նիքի մէջ ալ ու­­նե­­­ցած են հայ ծա­­գու­­մով մեծ հայ­­րեր կամ մեծ մայ­­րեր, որոնց այդ ծա­­գու­­մը զգու­­շօ­­­րէն քօ­­ղար­­կուած է ըն­­տա­­­նիքի մէջ եւ իրենք շատ շատ ուշ գի­­տակ­­ցած են այդ գաղտնի­­քին։ Վեր­­ջա­­­պէս այս նա­­մակ­­նե­­­րէն ընտրա­­նի մըն ալ հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ «Թոռ­­ներ» անու­­նով։

Այս երկրորդ գիր­­քի խմբագ­­րութեան ըն­­թացքին Այ­­շէ­­­կիւլ Ալ­­թը­­­նայ գոր­­ծակցած էր Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինի, քա­­նի որ այս վեր­­ջի­­­նը այդ ժա­­մանակ­­նե­­­րուն ամ­­բողջո­­վին ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւած էր Հրանդ Տին­­քի ոճի­­րի դա­­տավա­­րու­­թեամբ։

Դա­­տավա­­րու­­թիւնը եւս վե­­րածո­­ւեցաւ գրա­­կան գոր­­ծի եւ վեր­­ջա­­­պէս բո­­լոր այդ գոր­­ծընթա­­ցը ծա­­նօթա­­ցուե­­ցաւ «Կ՚ամա­­չեմ» խո­­րագիր գիր­­քով։

Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թին այս ան­­գամ վկա­­յու­­թիւններ կը բե­­րէ 12 Սեպ­­տեմբեր 1980 թո­­ւակա­­նին Թուրքիոյ Զի­­նեալ Ու­­ժե­­­րու կա­­տարած իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան օրե­­րու ապ­­րումնե­­րէն։

Կա­­րելի է ըսել թէ Մին­­չեւ այդ անի­­ծեալ թո­­ւակա­­նը կա­­րելի է խօ­­սիլ Թուրքիոյ մէջ որոշ չա­­փով գոր­­ծադրո­­ւած ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան մը մա­­սին։ Ճիշդ է որ այդ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը նա­­խապէս եր­­կու ան­­գամ եւս ընդհա­­տուած էր բա­­նակի մի­­ջամ­­տութիւ­­նով, բայց այդ մի­­ջամ­­տութիւննե­­րու գոր­­ծած աւե­­րը մնա­­յուն չէր եղած։ Մա­­նաւանդ 1960-ի յե­­ղաշրջու­­մը, որ կա­­խաղան հա­­նած էր ժո­­ղովուրդի ձայ­­նե­­­րով ընտրո­­ւած վար­­չա­­­պետը եւ եր­­կու նա­­խարար­­ներ, աւար­­տին երկրին պար­­գե­­­ւած էր նոր սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն մը։

Այդ սահ­­մա­­­նադ­­րութիւ­­նը դէ­­պի ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը կա­­րեւոր ոս­­տում մըն էր։ Հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րը տի­­րացած էին ինքնա­­վարու­­թեան, հիմ­­նո­­­ւած էր սո­­ցիալիս­­տա­­­կան գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը որ­­դեգրած կու­­սակցու­­թիւնը եւ մա­­մու­­լը որոշ չա­­փով թօ­­թափած էր պե­­տու­­թեան ձայ­­նը ըլ­­լա­­­լու հար­­կադրան­­քը։

Այս ան­­գամ 12 Մարտ 1971-ին զի­­նուոր­­նե­­­րը կրկին ան­­գամ մի­­ջամ­­տե­­­ցին երկրի քա­­ղաքա­­կան ըն­­թացքին, դժգո­­հելով 1961 թո­­ւակիր սահ­­մա­­­նադ­­րութեան ըն­­ձե­­­ռած ազա­­տու­­թիւննե­­րէն։ «Այս շա­­պիկը շատ լայն է մեր երկրին հա­­մար, պէտք է նե­­ղաց­­նել» կ՚ըսէին զօ­­րավար­­նե­­­րը։ Թէեւ անոնք այս պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնով սահ­­մա­­­նափա­­կեցին որոշ իրա­­ւունքներ, բայց երբ վե­­րադար­­ձան իրենց զօ­­րամա­­սերը յայտնի դար­­ձաւ որ 12 Մար­­տի զի­­նուո­­րական մի­­ջամ­­տութիւ­­նը պա­­տուաս­­տի դեր ու­­նե­­­ցաւ երկրի ժո­­ղովրդա­­վարաց­­ման գոր­­ծընթա­­ցի մէջ։ Հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու ազա­­տատենչ կո­­չերուն միացան նաեւ բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւննե­­րը եւ խօս­­քի ազա­­տու­­թիւնը ալ աւե­­լի թափ առաւ։ Թուրքիոյ ներ­­կա­­­յացու­­ցած այս նե­­րու­­ժը որոշ ան­­հանգստու­­թիւն ու մտա­­հոգու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռեց նաեւ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱ­­ԹՕ-ի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն։ Այդ ան­­հանգստու­­թեան հե­­տեւանք որ­­պէս Թուրքիոյ բա­­նակը ան­­գամ մը եւս մի­­ջամ­­տեց կա­­ռավա­­րու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցին եւ բա­­նակը կրկին ան­­գամ ստանձնեց վար­­չութեան ղե­­կը։ Այս ան­­գամ անոնք նկա­­տի ու­­նե­­­ցան նա­­խորդ մի­­ջամ­­տութիւննե­­րու հե­­տեւանքնե­­րը եւ շատ աւե­­լի ծանր մի­­ջոց­­նե­­­րով փոր­­ձե­­­ցին ճնշել հա­­սարա­­կու­­թեան պա­­հանջնե­­րը։ Տնօ­­րինե­­ցին դա­­ժան պա­­տիժ­­ներ, ընդդէմ մտա­­ւորա­­կանու­­թեան եւ եր­­կի­­­րը վե­­րածե­­ցին բռնա­­տիրու­­թեան։

Ահա­­ւասիկ այդ հանգրո­­ւանով կը սկսի Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինի յու­­շագրու­­թիւնը, երբ ինք եւս ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է եւ դա­­ժան տան­­ջանքնե­­րու են­­թարկո­­ւի Մա­­մաք թա­­ղի զի­­նուո­­րական ար­­գե­­­լանո­­ցին մէջ։ Որոշ զգայ­­նութիւ­­նը ու­­նե­­­ցող մարդկանց հա­­մար բա­­ւակա­­նին ծա­­նօթ է դա­­ժանու­­թեան այդ գոր­­ծադրու­­թիւննե­­րը, որոնք կեան­­քի կո­­չուած են «Փեն­­թա­­­կոն»ի ցուցմունքնե­­րով։ Այն ինչ որ կա­­տարո­­ւած էր Չի­­լի, նոյ­­նութեամբ կը գոր­­ծադրո­­ւէր նաեւ Թուրքիոյ բան­­տե­­­րուն մէջ։ Այս իրո­­ղու­­թեան անդրա­­դար­­ձանք դի­­տելով Քոս­­տա Կավ­­րա­­­սի նշա­­նաւոր «Կոր­­սո­­­ւածը» ֆիլ­­մը։ Զար­­մա­­­նալով տե­­սանք թէ այն ինչ որ կը կա­­տարո­­ւէր Չի­­լիի մէջ նոյ­­նը կը գոր­­ծադրո­­ւէր Անդրկով­­կա­­­սեան հե­­ռաւո­­րու­­թիւնով Թուրքիա։ Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թին իր «Գաղտնի Ոտա­­նաւո­­րը» անուն յու­­շագրու­­թեան մուտքին կը պատ­­մէ թէ ին­­չո՞ւ հա­­մար մին­­չեւ օրս յե­­տաձ­­գած է այս պա­­տումները գրի առ­­նե­­­լու գոր­­ծը։ «Ար­­դէն շատեր այս մա­­սին գրած էին եւ իմ պատ­­մե­­­լիք­­ներս նո­­րու­­թիւն մը պի­­տի չըլ­­լա­­­յին»։ Ճիշդ է որ 12 Սեպ­­տեմբե­­րի փոր­­ձանքը ապ­­րած մար­­դիկ մին­­չեւ օրս կը հա­­լածեն այդ յե­­ղափո­­խու­­թեան հե­­ղինակ­­նե­­­րը։ Շա­­բաթօ­­րեայ Մայ­­րե­­­րը անընդհատ պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թեամբ հա­­շուի կը նստին անոնց ոճիր­­նե­­­րը դա­­տապար­­տե­­­լով։ Նոյ­­նիսկ քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տի վրայ այդ զօ­­րավար­­նե­­­րու գոր­­ծունէու­­թիւնը կը դա­­տապար­­տո­­­ւի բո­­լորին կող­­մէ։ Բայց յստա­­կօրէն կա­­րելի է ըսել թէ ար­­տա­­­սանո­­ւած բո­­լոր խօս­­քե­­­րը ան­­բա­­­ւարար են կա­­տարո­­ւածը բնու­­թագրե­­լու հա­­մար։ Ար­­դա­­­րեւ Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թին ալ իր ու­­շադրու­­թիւնը կը սե­­ւերէ բո­­լորո­­վին տար­­բեր հար­­ցումնե­­րու պա­­տաս­­խան որո­­նելու։ «Ինչպէս եղաւ որ դի­­մադ­­րութեան մի­­ջոց­­ներ որո­­նելու գոր­­ծին մէջ այդքան մեծ փոր­­ձութիւններ կու­­տա­­­կած ընդդի­­մադիր շար­­ժումը այդքան դիւ­­րին պար­­տո­­­ւեցաւ եւ նոյ­­նիսկ դա­­սալիք եղաւ կա­­տարո­­ւած մեծ չա­­րիքի դի­­մաց»։

Այս ըսե­­լէ ետք Չե­­թին կը մեկ­­նա­­­բանէ Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թեան նա­­խորդ չա­­րիք­­նե­­­րու հան­­դէպ ան­­փոյթ վե­­րաբե­­րու­­մը։ Ամէն ինչ կը նկա­­րագ­­րէ «ան­­պատժե­­լիու­­թիւն» կո­­չուած սկզբունքով։ Տան­­ջանք գոր­­ծադրող­­նե­­­րը զուրկ էին իրենց ան­­մարդկա­­յին արար­­քը մեկ­­նա­­­բանե­­լէ։ Հա­­մոզո­­ւած էին թէ իրենց դի­­մաց կանգնած են այն չա­­րագործնե­­րը, որոնց նպա­­տակն է եր­­կի­­­րը կոր­­ծա­­­նել։

Ապա Չե­­թին օրի­­նակ­­ներ կը թո­­ւէ հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նիւ­­թի հան­­դէպ ան­­տարբեր մնա­­ցող­­նե­­­րուն։ Ինչպէս յե­­տադի­­մական­­նե­­­րը, յա­­ռաջ­­դի­­­մական­­ներն ալ կը խու­­սա­­­փէին այս նիւ­­թե­­­րու մա­­սին խօ­­սելէ։ Վեր­­ջա­­­պէս ու­­նէին հաս­­տատ հա­­մոզում մը, ըստ որու սո­­ցիալիս­­տա­­­կան յե­­ղաշրջու­­մէ մը ետք ամէն ինչ իր լու­­ծումը պի­­տի գտնէր։ Այսպէս կը յե­­տաձ­­գէին նաեւ կի­­ներու հա­­ւասա­­րու­­թեան պա­­հանջնե­­րը իրենց այ­­րիշխան հա­­մակար­­գին մէջ եւս։ «Իրաւ ալ ին­­չո՞ւ մեր ընդյա­­տակեայ Կո­­մու­­նիստ Կու­­սակցու­­թեան մէջ ալ որո­­շում կա­­յաց­­նողնե­­րու շար­­քե­­­րուն մէջ կի­­ները բո­­լորո­­վին բա­­ցակայ էին, հա­­կառակ որ կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րուն մէջ բնաւ նո­­ւազ չէր իրենց կազ­­մած հա­­մեմա­­տու­­թիւնը»։

Այս հար­­ցումնե­­րը Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինի «Պա­­հուած Ոտա­­նաւո­­րը» անուն յու­­շագրու­­թիւնը եզա­­կի կը դարձնեն։ Տան­­ջանքնե­­րը ու բռնու­­թիւնը ճիշդ է որ պատ­­մո­­­ւած են զա­­նազան օրի­­նակ­­նե­­­րով։ Ար­­դա­­­րեւ Չէ­­թին ալ որոշ չա­­փով կը խու­­սա­­­փի այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու մէջ մխրճո­­ւելէ։ Ան ու­­նի շատ աւե­­լի լուրջ հար­­ցադրումներ եւ կ՚ու­­զէ ըն­­թերցողն ալ առաջ­­նորդէ դէ­­պի այդ հար­­ցումնե­­րու վրայ մտածել­ու։

Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինի այս յու­­շագրու­­թիւնը եզա­­կի դարձնող գոր­­ծօննե­­րէն մէկն ալ իր վա­­ղեմի բա­­րեկա­­մու­­հի Նիլ­­կիւն Թո­­քէրի գրած նա­­խաբանն է։ Թո­­քէր եւս այդ շրջա­­նի վկա­­ներէն ակա­­դեմա­­կան մըն է, Եկէակա­­նա Հա­­մալ­­սա­­­րանի Փի­­լիսո­­փայու­­թեան բաժ­­նի դա­­սախօս մը, որ մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կէ պե­­տու­­թեան ճնշումնե­­րուն դի­­մադ­­րե­­­լու։ Չէ որ ան ալ «Այս յան­­ցանքին մեղ­­սա­­­կից չենք ըլ­­լար» խո­­րագ­­րեալ կո­­չը ստո­­րագ­­րած ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով հե­­ռացո­­ւած է իր ամ­­պիոնէն։

Ճիշդ է՝ դի­­մադ­­րութիւ­­նը կամք մըն է, որու հա­­մար ան­­հա­­­տը ստի­­պուած է հա­­տու­­ցե­­­լու։ Բո­­լորը չէ որ պի­­տի յօ­­ժարին իրենց պաշտպա­­նած գա­­ղափար­­նե­­­րու հա­­մար հա­­տու­­ցել։ Շա­­տեր փո­­խանակ հա­­տու­­ցե­­­լու կը հա­­մակեր­­պին օրո­­ւայ պայ­­մաննե­­րուն եւ այսպէ­­սով կ՚ապա­­հովեն իրենց անվտան­­գութիւ­­նը։ Աւե­­լին՝ կը մե­­ղադ­­րեն իր որ­­դեգրած սկզբունքնե­­րուն հա­­մար անդրդո­­ւելի մնա­­ցող­­նե­­­րը։ Նոյ­­նիսկ կը հա­­լածեն ըսե­­լով թէ անոնք իզուր տեղ ցաւ պատ­­ճա­­­ռած են իրենց ծնող­­նե­­­րուն եւ հա­­րազատ­­նե­­­րուն։

Ու­­րեմն կրկնենք՝ ճիշդ է որ անոնց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը յա­­ւելեալ վիշ­­տեր ապ­­րած են, բայց առանց այդ վիշ­­տե­­­րու կա­­րելի չէ մարդկու­­թեան յա­­ռաջ­­դի­­­մու­­թիւնը։

Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թին բո­­լոր այդ դա­­ժանու­­թիւննե­­րը ապ­­րե­­­լով հան­­դերձ դոյզն իսկ ետ­­քայլ չէ ըրած իր հա­­մոզումնե­­րէն եւ որ­­դեգրած սկզբունքնե­­րէն։ Սա­­կայն չէ խու­­սա­­­փած նաեւ այդ հա­­մոզումնե­­րու թե­­րացող կող­­մե­­­րուն հետ առե­­րեսո­­ւելէ։ Կա­­րելի է ըսել որ ան գտած է կեան­­քը իմաս­­տա­­­ւորե­­լու եղա­­նակը եւ այս գիրքն ալ այդ հաս­­տա­­­տու­­մի ապա­ցոյցն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ