Նոթեր Հաթայի
ուխտագնացութենէն
Կատարուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի առթիւ դէպի Հաթայ եւ Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին աւանդական ուխտագնացութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Օգոստոս 2024, Ուրբաթ, վաղ առաւօտեան թռիչքով մէկնեցաւ Հաթայ։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեանի եւ Բարնաբաս Հիմնարկի նախագահ՝ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէոյի գլխաւորութեամբ ուխտաւորներու խումբ մը։
Մեր Հոգեւոր Պետը Հաթայի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հաթայի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու ատենապետներու՝ Եուսուֆ Թապաշի եւ Ճէմ Չափարի կողմէ։
Պատուոյ սրահի մէջ կարճ հանգիստէ ետք խումբը այցելեց Ս. Պետրոսի Քարայր ուխտատեղին։ Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։
Ապա մեր Հոգեւոր Պետը եւ ուխտաւորներու խումբը այցելեցին Հաթայի թանգարան-հիւրանոցը, որ քաղաքի նոր ու հետաքրքրական վայրերէն մէկն է։ Գտնուած պատմական վայրը պահելով, անոր վրայ հաստատուած հիւրանոց մըն է, ուր ներկաներ կրնան դիտել գտնուած բոլոր հնութիւնները։
Կէսօրին Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի ծխական խորհուրդները Հարպիյէի մէջ ճաշով հիւրասիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնն ու ուխտաւորները։
Այց՝ Հաթայի կուսակալին
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ.ի եւ Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի ծխական խորհուրդներու ատենապետներուն, յետ միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հաթայի կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըին։
Կուսակալը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց անգամ մը եւս Հայոց Պատրիարքը Հաթայի մէջ տեսնելով։ Ան փափաք յայտնեց պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան մասնակցելու, սակայն ըսաւ թէ նախարարի այցելութեան պատճառաւ անկարելի պիտի ըլլայ իրականացնել այս ծրագիրը։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ կարողութիւն մաղթեց մշակոյթներու եւ հաւատքներու կեդրոն դարձած այս քաղաքի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին։ Մեր Հոգեւոր Պետը փայտեայ ձեռագործ ծաղկաման մը եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւններէն նուիրեց Կուսակալ Մասաթլըին եւ հրաժեշտ առաւ անկէ։
Ժամանում Վաքըֆգիւղ
Ամեն Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյեան ժամանեց Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղը։
Հաթայի երկրաշարժէն վնասուած Վաքըֆգիւղը, հովուապետական անցեալ այցելութեան ընթացքին դառն յուզումով դիմաւորած էր իր Հոգեւոր Պետը։ Այս անգամ, հակառակ որ դեռ չէ սպիացած երկրաշարժի վէրքը, սակայն տօնական առիթը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը պատճառ դարձան, որ գիւղացիներ աւանդական շուքով դիմաւօրէն իրենց Հոգեւոր Պետը։
Նորին Ամենապատուութիւնը գիւղ մտաւ տհոլ-զուռնայով, եկեղեցւոյ զանգի ձայնով եւ ժողովուրդի սիրալիր ողջոյններով։
17 Օգոստոս 2024, Շաբաթ երեկոյեան, կատարուեցաւ նորոգուած եկեղեցւոյ նաւակատիքի, սրբագործման, օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութիւնը, որով սկսաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման հանդիսութիւնները։
Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ Հաթայի երկրաշարժէն վնաս կրած էր, նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի նախօրեակին՝ 17 Օգոստոս 2024, Շաբաթ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ձեռամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
Արարողութեան մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, Հաթայի եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Բարնաբաս Հիմնարկի նախագահ՝ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէօ եւ ուխտաւորներ։
Ժամը 16.00-ին, եկեղեցւոյ զանգին զուարթ ղօղանջով սկսաւ նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց աւագ խորանն ու Տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու ձօնուած քովնտի սեղանները, մկրտութեան աւազանը։
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ թափորը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. տեղւոյն հրշէջ գունդի մասնաւոր ինքնաշարժի վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը, ուր Ս. Միւռոնով օծեց գմբէթի եւ զանգակատան խաչերը։
Օծման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախատօնակ։
Արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ 6 Փետրուարի Հաթայի երկրաշարժին, որ ցաւ պատճառեց բոլորին։ Կեանքեր եւ շէնքեր տարաւ։ Սակայն երկրաշարժէ տուժողներուն օգնութեան ձեռք երկարեցաւ ամէն կողմէ։ Այս ալ կը կոչուի սէր։ Ցաւը մեծ էր, սակայն ինչպէս միշտ կ’ըլլայ, նոյնը եղաւ Վաքըֆգիւղի համար եւ մխիթարուեցաւ գիւղը։ Պատրիարքական Աթոռը, իսթանպուլահայութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ Մուսա լեռցիներ եւ համակիրներ իրենց օգնութիւնը բերին։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց եղած աշխատանքը եւ բոլոր մասնակիցները, Ճէմ Չափարի ատենապետութեամբ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, գիւղապետ Պերճ Գարթունը եւ բոլոր գիւղացիները։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս.ին, որ օժանդակութեան աշխատանք տարած է այս եկեղեցւոյ համար, ինչպէս նաեւ Բարնաբաս բարեգործական հիմնարկին եւ անոր ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէոյին, բարերար Պետրոս Շիրինօղլուին, որ մասնակցած է սոյն աշխատանքին իր օժանդակութեամբ, ՀԱՅՃԱՐ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան։ Նորին Ամենապատուոութիւնը գնահատեց Հաթայի եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, անդրադառնալով իր բերած ծառայութեան։ Նշեց որ ինք նուիրուած էր գիւղի նուիրականութիւններու պահպանման, ինչ որ կը ցոլացնէր գիւղի, ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ տածած սէրը։
Ապա Եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղօրհնէք։
Տաղաւարի հանդիսութիւն եւ անդրանիկ Ս. Պատարագ
Վաքըֆգիւղի Եկեղեցւոյ մէջ
Պատրիարք Հայրը 18 Օգոստոս 2024, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարին առթիւ նախագահեց Հաթայի Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին նորօծ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։
Ս. Պատարագը մատոյց Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշ, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան եւ դպիրներ։ Մասնակցեցան Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան՝ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէօ եւ ուխտաւորներ։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Պատարագիչ Սրբազան Հայրը եւ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կը գտնուէր այս գիւղին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ զինք հրաւիրած էր մասնակցելու տաղաւարի արարողութեանց եւ Ս. Պատարագ մատուցանելու այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Մուսալեռցիներուն, քանի իր պապերը եւս Մուսալեռէն էին։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ Յայտնութեան Գիրքի մէջի թագուհիին մասին, որուն թագը արեւն էր եւ ոտքին պատուանդանը՝ լուսինը։ Սուրբ Գրոց մէկնութիւններու համաձայն այդ թագուհին Ս. Կոյս Աստուածամայրն է։ Սրբազան Հայրը խրատեց հետեւիլ Ս. Աստուածածնի օրինակին եւ դառնալ կենդանի տաճարներ Աստուծոյ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ դրան առաջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Ապա թափորը յառաջացաւ հարիսայի կաթսաներուն քով ուր կատարուեցաւ հարիսայի օրհնութիւնը։
Եկեղեցական հանդիսութիւններէն ետք, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան ձօնուած մշակոյթի կեդրոնին մէջ ճաշկերոյթ կատարուեցաւ, որու մասնակցեցան նաեւ Սամանտաղի Փոխ Քաղաքապետ Ատնան Էրեըլմազ եւ Սամանտաղի Ոստիկան Զօրաց Զօրանոցի Հրամանատար՝ Հազարապետ Հարուն Պուլութ։
Նոյն գիշեր սարքուեցաւ հրաժեշտի ընթրիք, որու ընթացքին Վաքըֆգիւղի ծխական խորհուրդը փայտեայ խաչքարեր նուիրեց Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեանին եւ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէոյին, իսկ յուշատախտակ մը՝ Գրիգոր-Մարթա Ժոսլին Տինչքայըքճը ամոլին եւ ՀԱՅՃԱՐէն ճարտարապետ Արեւ Ապանալեանին։ Իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր ձեռաց խաչը նուիրեց Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէոյին։
Պատրիարք Հայրը, 19 Օգոստոս 2024, Երկուշաբթի վերադարձաւ քաղաքս։
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ։
Սուրբ Աստուածածինը
Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ
Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը նշուեցաւ Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներուն մէջ։ Պոլսոյ երկրորդ հայաշատ թաղամաս Պաքըրգիւղի մէջ Գերաշնորհ Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց եւ քարոզեց։
Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչն էր Արժ. Տէր Զոհրապ Քահանայ Ճիվանեանը։
Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ չորրորդ տաղաւարի պատարագը մատոյց Կղզիեաց Հոգեւոր Հովիւ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Գարթալի Խնդրակատար Սուրբ Նշան, Պէշիկթաշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներէ ներս եւս կատարուեցաւ Աստուածածնի Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք։ Գարթալի մէջ պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, իսկ Պէշիկթաշի մէջ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։
Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցին վերջին տարիներուն կը փորձէ ընդօրինակել վաքըֆգիւղցիներու աւանդութիւնը, Աստուածածնի առթիւ ժողովուրդին մատուցելով խարիսա։ Արդարեւ այս տարի ալ խարիսայի կաթսան կրակի վրայ դրուեցաւ Շաբաթ օր եւ պատարագի աւարտին մատուցուեցաւ քաղաքի հեռաւոր թաղերէն այս արուարձանային եկեղեցի փութացող հաւատացեալներուն։ Պոյաճըգիւղի մէջ պատարագիչն էր Տէր Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Բացի վերեւ նշուածներէն Պոլսոյ զանազան թաղերու մէջ աւանդական շուգով նշուեցաւ Աստուածածնի վերափոխումը եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Անոնց մէջ յատկապէս ուշագրաւ էր Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին իր խուռներամ բազմութիւնով։
Յաջորդող երկուշաբթի, Մերելոց էր եւ այս անգամ քաղաքի բոլոր հայ գերեզմանատուները լեցուած էին իրենց ննջեցեալներու յիշատակը յարգելու եկած ժողովուրդով։
Սեպտեմբերի մէջ կը նշենք Սուրբ Խաչը, որով աւարտած կ՚ըլլանք նաեւ հինգ տաղաւարներու շարքը։