«Մանկանց Գնացքը» Վիոլա Արտոնէ

ՔՈՒՂԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Վիոլա Ար­տո­նէի վէ­պը կը պատ­մէ Մու­սո­լինիի ան­կումէն ետք իտա­լացի­ներու ապ­րած զրկանքնե­րը։ Ֆա­շիզի­մը աւե­րուած եր­կիր մը թո­ղած է իր ետիք։ Փո­ղոց­նե­րը այ­լանդա­կողը թա­փօն­նե­րու գո­յացու­ցած բլուրնե­րը չէր միայն։ Սար­սա­փը ամե­նու­րէք էր։ Պա­տերազ­մի հե­տեւան­քով այ­րիացող կի­ներու գլխա­ւոր մտա­տան­ջութիւնն էր իրենց զա­ւակ­նե­րու սնունդը։

Այդ պայ­մաննե­րու մէջ է որ ժո­ղովուրդի բեր­նէն կը տա­րածո­ւի փսփսուկ մը «ման­կանց գնաց­քը»։ Հետզհե­տէ յա­ճախա­կի դար­ձող զրոյցնե­րու հա­մաձայն գնացք մը երա­խանե­րը պի­տի փո­խադ­րէ այնպի­սի եր­կիր մը, ուր մար­դիկ կը ստա­նան հիմ­նա­կան բո­լոր կա­րիք­նե­րու գո­հացու­մը։ Առա­ջին հեր­թին մայ­րե­րը չեն հաշ­տո­ւիր իրենց զա­ւակ­նե­րէն բաժ­նո­ւելու գա­ղափա­րին։ Միւս կող­մէ անոնց սնան­ման խնդիրն ալ մղձա­ւան­ջի մը վե­րածո­ւած է շա­տերուն հա­մար։ Ակա­մայ կը հա­մակեր­պին երա­խանե­րը ղրկե­լու գա­ղափա­րին։ Վեր­ջա­պէս կար­միր դրօշ­նե­րով զար­դա­րուած գնաց­քը կը հաս­նի քա­ղաք։ Կարճ կտրո­ւած մա­զերով կա­նայք, որոնք պաշ­տօ­նակո­չուած են կոմ­կուսի կող­մէ, ար­դէն սկսած են ար­ձա­նագ­րութիւննե­րուն։

Վիոլա Ար­տո­նէի գրա­կան ոճը տպա­ւորիչ է։ Ըն­թերցո­ղը յա­ճախ կը նոյ­նա­նայ մօր գիր­կէն բա­ժանո­ւելու կսկի­ծը պա­տած ան­չա­փահա­սի հո­գեբա­նու­թեան։

Ին­ծի հա­մար շատ ցնցիչ էր այն տո­ղերը, ուր հե­ղինա­կը կը պատ­մէր երա­խանե­րուն, Կար­միր Բա­նակի կող­մէ ու­ղարկո­ւած եւ զի­րենք տաք պա­հող բաճ­կոննե­րը գնաց­քի տե­ղաշար­ժով իս­կոյն հա­նուե­լու եւ իրենք ճա­նապար­հե­լու եկած մայ­րե­րուն նե­տելու դրո­ւակը։ Ետին մնա­ցող­նե­րու հո­գերը իրենց հետ տա­նող երա­խանե­րու պատ­մութիւնն է այս։ Գնաց­քը այդ երա­խանե­րը կը փո­խադ­րէ պար­տո­ւած եր­կի­րէ մը դէ­պի Կար­միր Եր­կիր։ Խորհրդա­յին երկրին է այդ եր­կի­րը, ուր ոչ սով կայ եւ ոչ ալ մսիլ։ Հոն սնունդը բո­լորին հա­մար բա­ւարար է։ Բո­լորին բա­ւելու չափ կօ­շիկ կայ։ Ման­կանց կը պատ­մո­ւի սե­փական ու­նե­ցուած­քի բա­ցակա­յու­թիւնը։ Ամէն ինչ դա­սաւո­րուած է կա­րիք­նե­րու հա­մաձայն։

Երա­խանե­րը տեղ հաս­նե­լով կը բա­ժանո­ւին խնա­մատար ըն­տա­նիք­նե­րու։ Ետին մնա­ցած մայ­րե­րը կը տա­ռապին, կը մտա­հոգո­ւին, հետզհե­տէ կը վախ­նան իրենց որ­դի­ներուն մա­սին։

«Վէ­պը կը փաս­տէ թէ սո­վածու­թիւնը աւե­լի որո­շիչ դե­րակա­տար մըն է, քան վա­խը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ