Եթէ մինչեւ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ գերհզօր պետութիւններ աշխարհի ընթացքը ձեւաւորելու համար ծածուկ կերպով կը դիմէին կարգ սը դաւադիր գործողութիւններու, այսօր այդ ծածկոցի կարիքը չեն զգար։ Ներկայ դրութեան մէջ ամէն ինչ կը կայանայ բոլորին աչքերուն առջեւ, քանի որ տեսնող աչքերը շլացած են կարծրատիպներով եւ աչքին տեսածը ընկալելու ատակ միտքերն ալ բաւականին պղտորած ու ցնորած։
Քայլ առ քայլ այսպէս զարգացաւ Ուկրաինան Ռուսաստանի հետ պատերազմի տանող գործիքակազմը։
Այժմ այդ նոյն սարքը կը գործէ Իրան երկիրը եւս անաւարտ եւ անարդիւնք պատերազմի մը ներգրաւելու փորձերով։ Այս անգամ գրգռիչի, պատերազմ հրահրողի դերը ստանձնած է Նեթենեահուի կառավարութեան տակ Իսրայէլի պետութիւնը։ Համասի քաղաքական ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ սպանութիւնը անշուշտ որ պիտի ունենար իր հետեւանքները։ Այս գիտնալով է, որ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի գործիչները զսպուածութեան կոչեր կ՚ուղղեն Իրանի նորընտիր նախագահ Բեզեշկիեանի հասցէին։
Ինչ զարմանալի է որ այդ զսպուածութեան կոչերը չեն արտասանուիր պատերազմ հրահրող կողմին, այլ թելադրանքներու ձեւով յարձակումի ենթարկուածին։ Շատ ցաւալի է տեսնել թէ Հենդինկդընի շուրջ 40 տարիներ առաջ կանխատեսած «Քաղաքակրթութիւններու Բախում» կամ «Փոքր Ազգայնականութեան Աճ»ի մասին հաստատումները իրականութիւն կը դառնան սպառնալով համամարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումներուն։
Ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ շատ աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ մարդկութիւնը շունչը բռնած կը սպասէ նոր պատերազմի մը ծագումը։ Իրաւացի է այդ սարսափը, քանի որ արդէն շարունակուող պատերազմները սկսած են թիրախաւորել ատոմակայաններ, որոնց վերջին օրինակը հանդիսացաւ Զափորոժիէի ատոմակայանը։