Մարդորսութեան փորձեր

Շրջանային վար­չութիւննե­րու վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րէ ետք հա­սարա­կու­թեան հա­կումնե­րը ստու­գող հար­ցա­խոյզնե­րու հա­մաձայն իշ­խա­նու­թեան մօտ արիւ­նա­հոսու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի։

Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թիւնը հիմ­նադրու­թեան 23-ամեակի ըն­դա­ռաջ ձայ­նե­րու այս կո­րուստի դի­մաց կը դի­մէ մար­դորսու­թեան մի­ջոց­նե­րու։

Կու­սակցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն կը տե­ղեկաց­նեն թէ եր­կու երես­փո­խան եւ 13 քա­ղաքա­պետ­ներ իրենց ան­դա­մակ­ցած կու­սակցու­թիւննե­րէ հրա­ժարե­լով միացած են Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան շար­քե­րուն։

Նման կան­խա­միջոցը ինչպի­սի՞ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ շա­րու­նա­կուող արիւ­նա­հոսու­թեան դի­մաց, շու­տով յայտնի կը դառ­նայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ