Հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրականութեան մէջ համեմատաբար նուազ յիշուող անուն մը եղած է Եդուարդ Սիմքեշեան։ Իր կենդանութեան օրօք գրական ու ընկերային միջավայրի մէջ հանրածանօթ դէմք էր ան։ Համեմատաբար նուազ արտադրող բանաստեղծ մը, բաղդատմամբ իր սերնդակիցներուն։ Թերեւս այդ ալ ազդակ մը եղաւ, որ իր քերթուածները հետզհետէ աւելի քիչ յիշուին։
Սա թերեւս ալ կեանքի դաժան իրողութիւն է, որու հետ չէ հաշտուած իր թոռնուհին՝ Տիկին Էլիզապեթ Թեմինեան։
Նախորդ տարի, երբ Մեծ Կղզիի մէջ պատշաճ միջոցառումով կը յիշատակէինք գաւառի գրականութեան մերօրեայ կարեւորագոյն դէմք Մկրտիչ Մարկոսեանը, տիկին Էլիզապեթ եւս ներկայ էր այդ միջոցառման։ Աւարտին մօտեցաւ ու ազնիւ եղանակով պարզեց իր միտքը. «Մեծ հայրս ալ արժանի էր նման յիշատակման։ Այս մասին կրնա՞ք օգնել ինծի»։ Խոստովանիմ որ անձնական ծանօթութիւն չեմ ունեցած Եդուարդ Սիմքեշեանի հետ։ Բայց նման առաջարկի դէմ անտարբեր չէի կրնար մնալ։
Վերջապէս այժմ կը պատրաստուինք 24 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18.00-ին Մեծ Կղզիի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ յիշատակելու թէ՛ Եդուարդ Սիմքեշեանը եւ թէ տիկին Էլիզապեթի միւս մեծ հայրը՝ դարձեալ բանաստեղծ Սահակ Մեսրոպը։
Միջոցառման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պոլսահայ համարեա բոլոր բանաստեղծներու գրական վաստակը, բեմին վրայ իր շնորհալի ասմունքով վերակենդանացնող արուեստագիտուհի տիկին Սիլվա Կոմիկեան։
Միջոցառումը յաւելեալ փայլ պիտի ստանայ երաժշտական բաժինով, ուր մեներգներով հանդէս պիտի գայ Մարալ Այվազ, Սիրուն Սիրունեանի եւ Սեւան Ինեափանի նուագակցութեամբ։