Հայ մամուլի խմբագրատան հաճելի կողմերէն մէկն ալ բարեկամներու այցելութիւնն է։ Այդ այցելութիւններու շնորհիւ ծանօթացած ենք զանազաններու հետ, որոնց կարգին է նաեւ մեր կիւմրեցի գեղանկարիչ Լեւոն Լաճիկեան։ Ըստ երեւոյթի մեր միջեւ գոյացած է երկկողմանի ձգողութիւն, քանի որ ան այս քաղաքի մէջ կը տեսնէ նկարելու արժանի բազում նիւթեր եւ մենք ալ իր կերպարին մէջ կը տեսնենք հայաստանցի տաղանդաւոր արուեստագէտի մարմնացումը։
Լաճիկեան իր անհատական շփումներուն մէջ համեստ, պարզ ու զուսպ անձնաւորութիւն է։ Բայց երբ կը ծանօթանանք իր արուեստի որակին, ինքնաբերաբար կը հմայուինք իր արուեստական բարձունքով։
Յայտնի է որ Լաճիկեան մարդու եւ անոր ստեղծագործութեան հանդէպ հիացում սնուցողները բաւականին լայն զանգուած մը կը գոյացնեն եւ այսպէս ամէն անգամ նոր դռներ կը բացուի իր դիմաց։
Այս անգամ ալ Լաճիկեան սեղմ օրերու մէջ երկու միջոցառումներով հաղորդակից պիտի ըլլայ պոլսահայութեան։
Այդ միջոցառումներէն առաջինը իր գործերուն ցուցադրութիւնն է, որ պիտի կայանայ 18 Օգոստոս կիրակի, Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակը։
Իսկ երկու օր ետք 20 Օգոստոս երեքշաբթի գիշեր՝ նոյն վայրին մէջ պիտի կայանայ «Պոլիսը Հին եւ Նոր» գեղանկարչական հաւաքածոյի շնորհանդէսը։
Այժմէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելը բարեկամը, այս զոյգ միջոցառումներու առթիւ։ Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն թէ՛ պատմական հարստութիւններով, թէ՛ բնական գեղեցկութիւններով եւ թէ հայեցի ցոլացումներով անհամար նիւթերու շտեմարան այս քաղաքի սովորական մարդու համար անյայտ, իսկ արուեստագէտի համար նշմարելի գանձը։