Հալէպահայ ծանօթ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան «Դիմատետր»ի գրառումով մը սրտցաւօրէն կը նկարագրէ հայ սփիւռքի յառաջադէմ գաղութներու նահանջի եւ նոյնիսկ անկումի թշուառ համայնապատկերը։ Ստորեւ «Ակօս»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Շառոյեանի ահազանգը։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Պոլսէն հայերէնաւանդ վաստակաւոր ուսուցչուհի մը կը գրէ ինծի. «Մեր համայնքը անդունդի եզրին հասած է։ Հայախօս մարդ գրեթէ չմնաց մեր շուրջ։ Իսթանպուլի հայերէն 2 թերթերն ալ շուտով պիտի փակուին։ Մենք վերջացած ենք»։
Լիբանանահայ մտաւորական բարեկամ մը հեռաձայնին միւս ծայրէն գրեթէ կը հառաչէ. «Լիբանանի վրայէն գի՛ծ քաշէ այլեւս։ Ո՛չ մտաւորականութիւն մնաց, ո՛չ մշակութային որակեալ կեանք։ Երբեմնի հզօր գաղութը հիւծումի ու այլասերումի ճամբան բռնած է։ Խառն ամուսնութիւնները գլուխը առած կ'երթա՜ն...։ Անգամ մը Պուրճ Համուտ իջիր՝ որ աչքովդ տեսնես, թէ ո՜ւր էինք ու հիմա ո՛ւր հասանք»...։
Փարիզէն վաստակաշատ խմբագրուհի մը իր նամակին մէջ կ'արտայայտէ սա՛ միտքը. «Սփիւռքի հայատառ մամուլին այսօրուան վիճակը աւելի քան ողբալի է։ Ի՜նչ թափթփած լեզու եւ ի՜նչ անկեալ բովանդակութիւն։ Ընթերցումի արժանի հաճելի կամ օգտակար յօդուածներ գրեթէ չես գտներ հոն։ Խմբագիր դարձած անձերը իրե՛նք հայերէն չեն գիտեր...։ Արեւմտահայերէնը ամէն օր քայլ մը աւելի կը մօտենայ իր գերեզմանին։ Մենք վերջացած ենք այլեւս»։
135 տարուան հայկական կուսակցութեան մը մէկ ղեկավարը, Եւրոպայէն, այցելելէ ետք միջինարեւելեան մեր գաղութները, մտերմաբար կը խոստովանի. «Տասնամեակներ շարունակ վազեցինք շողշողուն լոզունգներու ետեւէն։ Սիրեցինք փողն ու թմբուկը...։ Մարդուժ չկրցանք պատրաստել։ Այժմ, մօտէն քննելէ ու արժեւորելէ ետք մեր կուսակցութեան վիճակը Միջին Արեւելքի երբեմնի հայահոծ կեդրոններուն մէջ, անկեղծօրէն պիտի խոստովանիմ, թէ մենք վերջացած ենք...»։
Հայ կուսակրօն հոգեւորական մը, անբասիր ու պարկեշտ, վերջերս կը գանգատէր. «Մեր եկեղեցին դէպի անկում կ'երթայ։ Անոր ու ժողովուրդին միջեւ հաստ պատ մը կայ։ Կոչումներն ալ չափազանց պակսած են։ Արժէքաւոր հոգեւորականներու թիւն ալ հետզհետէ կը պակսի։ Վաղը արժանի թեկնածուներ անգամ պիտի չգտնենք մեր նուիրապետական աթոռներուն համար»։
Հալէպի մեր ուսուցչուհիներէն մին, սրտցաւ ու անկեղծ, քանի մը օր առաջ կը գանգատէր ինծի. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայերէնի վիճակը մեր դպրոցներուն մէջ։ Աշակերտներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երկու նախադասութիւն անսխալ գրել չի յաջողիր։ Շատեր սահուն կարդալու անատակ են։ Պատասխանատու մարմիններուն անտարբեր նայուածքին տակ՝ սերունդը կ'օտարանայ։ Մենք վերջացած ենք»։
Լոս Անճելըսէն բարեկամ բժիշկ մը, որուն թոռները ամերիկահայ վարժարան մը կը յաճախեն, կը դժգոհէր ինծի. «Այո., թոռներս հայկական դպրոց կ'երթան, սակայն հայերէն կը խօսին միմիայն ինծի՛ հետ։ Կ'երեւի թէ չեն ուզեր նեղացնել մեծ հայրիկը...։ Այլապէս, իրենց ամբողջ խօսակցութիւնը անգլերէն է՝ տունը, փողոցը, թէ դպրոցը։ Հոս, Ամերիկայի մէջ, մենք վերջացած ենք»։
Մշակութային մեր միութիւններէն մէկուն վարչականներէն մին ինծի պատմեց հետեւեալը. «Ժողովի մը ընթացքին առաջարկեցի գրական ձեռնարկ մը սարքել Եղիշէ Չարենցի մասին։ Ժողովական մեր ընկերներէն մին հարց տուաւ, թէ Չարենցը ո՞ղջ էր արդեօք...։ Շշմեցայ։ Այսպիսի վարչականներո՞վ յառաջ պիտի ընթանայ մեր մշակութային առաքելութիւնը...։ Մենք վերջացած ենք»։
Հայրենակցական երբեմնի փառաւոր միութեան մը մէկ վարչականը անցեալ օր գլուխը օրօրելով կ'ըսէր. «Ալ ո՛չ միութիւն մնաց, ո՛չ անդամ։ Սերունդը իր պապերու բնօրրանին նկատմամբ պատկանելիութիւն չի զգար այլեւս։ Տոհմային ապրում չկայ։ Այս տարի վերջին անգամի մը համար պատի մեր օրացոյցը պիտի հրատարակենք ու ապա լուծարենք միութիւնը...։ Մենք վերջացած ենք»։
(Հալէպ)