ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ներշնչուելով նախորդ տարի դէպի Թաւրիզ կատարուած շրջագայութենէն սոյն տարուայ Հոկտեմբեր ամսու սկզբին մտադրած էինք շուրջ 20 անձերէ բաղկացող խմբով այցելել Սեբաստիոյ շրջանը։ Հայկական բարձրավանդակի արեւմտեան ծայրամասն է Սեբաստիան, հետեւաբար հայ մշակոյթի, թէկուզ աւերակ բազում օրինակներու օրրան մը նաեւ։ Շրջագայութեան ուղղութիւնն ալ ճշդուած էր այդ հիման վրայ, քանի որ մտադիր էինք 5 օրերու ընթացքին բացի Սեբաստիոյ կեդրոնէն, այցելել Տիվրիղի, Շեպինգարահիսար, Թամզարա, Ազպտէր, Էրպաղա գաւառները ու Եվթոկիա քաղաքը։
Այս շրջագայութեան մանրամասնութիւնները կը մշակէինք, երբ վրայ հասաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Սեբաստիա» անուն գիրքը։
Իրականութեան մէջ այս մէկը Անուանի պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի խմբագրած «Հայոց Պատմական Քաղաքները» անուն 14 հատորանի շարքի հինգերորդ գիրքն է։ «Արաս» նախապէս հրատարակած էր Պիթլիսն ու Մուշը, Վան, Խարբերդ եւ Զմիւռնիա հատորները։
Սեբաստիայէն ետք յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն՝ Կարին, Ամիտա- Եդեսիա եւ Կիլիկիա, Սեւ Ծով, Իսթանպուլ, Կարս եւ Անի, Կեսարիա եւ Կապատովկիա, Փոքր Ասիա ու վերջապէս Մուսա Լեռ հատորները։
Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի խմբագրած այս հատորի մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ հայ եւ այլազգի հեղինակներու ակադեմական բնոյթով յօդուածները։
Գիրքի մուտքին խմբագիրը հակիրճ կը ներկայացնէ Փոքր Հայկի տարածքը եւ ապա համառօտ տողերով կը ծանօթացնէ գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածները։
Երկրորդ յօդուածը, գրի առած է Ռոպէր Հիուսէն ծանօթացնելով Ալիս գետի ափերուն հայկական միջավայրը։ Երրորդ բաժնի մէջ Նիւ Քեստըլ Համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօսներէն Էն Էլիզապեթ Ռիչըրտ նիւթ կ՚առնէ Կաթողիկոս Յովհաննէս Գ.-ի «Ի Դէմ Պաւղիկեանց» անուն գործը եւ այդ ծիրէն ներս կ՚ուսումնասիրէ Տիվրիղիի Պաւղիկեանները։ Այս մէկը յատկապէս ուշագրաւ է, քանի որ թէ հայաստանեան եկեղեցական պատմութեան եւ թէ պաշտօնական հայոց պատմութեան նիւթերու շարքին անտեսուած խնդիր մըն է Պաւղիկեան աղանդի դերակատարութիւնը։ Նիւթ մը՝ որ առնչուած է հայ ժողովուրդի դէպի արեւմուտք զանգուածային գաղթին հետ, որու ալիքները հասած են մինչեւ Լեհաստան։
Փեթեր Քողու Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտութեան բաժնի դասախօս է եւ Սեբաստիա հատորի չորրորդ բաժնի մէջ կ՚ուսումնասիրէ Ժ եւ ԺԱ դարերուն դէպի Սեբաստիա հայկական գաղթերը։
Սուրէն Քոլանճըեան կը փորձէ ճշդել պատմաբան Ուխտանեսի կոչումը։ Պրպտելով թէ Ուխտանես Եթեսիո՞յ եպիսկոպոսն էր, թէ ոչ Սեբաստիոյ։
Քրիստինա Մարանճը կը ներկայացնէ Սեբաստիոյ հայկական արուեստը եւ ճարտարապետութիւնը։ Պերնարկ Քուլիի նիւթն է հայերէն ձեռագիրները եւ Սեբաստիոյ գեղագրութեան կեդրոնները։ Ֆրենք Էնտրիյու Սթոն կը հետազօտէ, Անաթոլիա Քոլէժի եւ Սեբաստիոյ Ուսուցչաց Վարժարանի նման ամերիկեան կրթական հաստատութիւններու մէջ հայկական ուսման ծրագիրները։ Պարպարա Մերկելեան գիրքի իններորդ բաժնին մէջ կ՚ուսումնասիրէ Սեբաստիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի 22 տարուայ գործունէութիւնը։
Պարլոու Տէր Մկրտիչեանի յօդուածի խորագիրն է «Հրաժեշտ Եվթոկիոյ Հայոց», Արմին Կրետեան վկայութիւն մը կը փոխանցէ նիւթ ունենալով Գահիրէի պատերուն հանդիպած կիւրիւնեայ շալ մը։
Սեբաստիոյ դաշտային տարածքի մասին ծանօթութիւններ փոխանցելու համար Մուրատ Մենեշեան օրինակ կը բերէ Կովտուն գիւղը։
Թամար Պոյաճեան եւ Ռիթա Որբերեան կը նկարագրեն արեւմտահայ բանաստեղծութեան տիտան Դանիէլ Վարուժանը, «Սեբաստիոյ Որդին Վարուժանը» խորագիրով։ Հելեն Սահակեան կը ծանօթացնէ Մերի Լուիզ Կրեհըմը եւ Էրնեստ Փերդրիչը։ Երկու նուիրեալներ՝ որոնց Մեծ Եղեռնի օրերուն կատարած զոհողութիւնները եւ ջանքերը դրոշմուած են Սեբաստահայոց յիշողութեան մէջ։
Վերջընթեր յօդուածի հեղինակն է Սիմոն Փայասլեան, որ կը նկարագրէ Շեպինգարահիսարի հայոց դիմադրութիւնը։
Գիրքը աւարտին կը հասնի Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի ցեղասպանութենէ ետք սեբաստահայերու գոյապայքարը ծանօթացնող յօդուածով։
Երանի կարելի ըլլայ վերեւ նշուած շրջագայութեան բոլոր մասնակիցները նախօրօք ծանօթանան այս հատորին հետ, որպէսզի իրենց հանդիպած իւրաքանչիւր յատկանշական պատկեր ալ աւելի տպաւորիչ վերյիշումներու առիթ ընդձեռէ։
Այս մէկը կ՚ըսենք օրինակ ունենալով Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպը։ Այդ գիրքը կարդացողներ շատ աւելի խորաթափանց եղած էին Մուսա Լերան եօթը գիւղերը շրջելու պահուն։
Լոկ այս տեսանկիւնէն դիտելով կրկնակի երախտապարտ ենք «Արաս։ հրատարակչատան, որ նման բովանդակութիւնը մատուցեց Հոկտեմբերեան շրջագայութեան ընդառաջ։