ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Պուրհան Սէօնմեզի վերջին ստեղծագործութիւնն է ձեռքիս։ Արձակուրդէ վերադարձին քիչ մըն ալ փոքր ծաւալէն հմայուած կարծեցի թէ մէկ շունչով պիտի կրնամ ընթերցել։ Սխալած էի։ Հեղինակի լեզուական բարդութիւնները եւ պատումի հետզհետէ գրական վայելքի մը վերածուած հիւսուածքը յաճախ կը թելադրէին յետադարձ ակնարկներ։ Գիրքի հետաքրքրական կողմերէն մէկն ալ թրքերէն ու քրտերէն երկլեզու շարադրութիւնն է Ապացոյց մը՝ Պուրհան Սէօնմեզի իր մայրենիի հանդէպ պատասխանատուութեան։
Նացիական հակումներով ընտանիքի մը որդին Է. Ֆերտի Քափլան, որ 1968-ի ուսանողական շարժումներու ամենափոթորկոտ օրերուն Իսթանպուլ եկած է։
Գիրքը Ֆերտի Քափլանի դատավարութեան մասնակից կը դարձնէ ընթերցողը։ Այսպէս դատարանի դահլիճներէն մինչեւ բանտի խուցեր արդարութեան շեշտադրումը յաճախ կը ներկայացնէ ցնցիչ տողերով։ Ֆերտի Քափլան կը մեղադրուի Էրմսթ Ֆիշըրը սպաննելու եւ թէ Պրոտը վիրաւորելու մեղադրանքներով։
Պրոտ այն անձն է, որուն Քաֆքա վստահած է իր անտիպ գործերը, որոնք պէտք չէր որ տպագրուէին։
Պուրհան Սէօնմեզ այսպէսով ընթերցողին առջեւ կը պարզէ երկընտրանք մը։ Հեղինակը ստիպուած չէ իր բոլոր գրածները հրատարակելու։ Ֆերտի Քափլան Պրոտի արարքը դաւաճանութիւն ըլլալով կը մեկնաբանէ։
Ֆրանզ Ք.-ի սիրահարութիւնները ընթերցելով կ՚երթեւեկենք Պերլին-Իսթանպուլ ճանապարհով։ Պուրհան Սէօնմեզ կ՚ապացուցէ թէ սուտը առյաւէտ չի կրնար շարունակուիլ եւ պահը կու գայ ու իրողութիւնը կը յաղթահարէ։
Դատախազ Ֆերտի Քափլան, որ յաճախ արդարութիւն կը ճարէ, վերջապէս կ՚առերեսուի թէ անարդարութիւնը բոյն դրած է պետութեան արգելանոցներուն եւ դատարանի նրբանցքներուն։
Իսթանպուլը թէ՛ սեփական կեանքին եւ թէ գրականութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է Պուրհան Սէօնմեզի համար։
Հեղինակը քաղաքի այլանդակութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ նախադասութիւնով. «Եթէ կ՚ուզես երջանիկ մնալ մի տեսնէր Իսթանպուլի նոր կերպարը»։
Վերադառնանք գիրքի հիմնական հարցադրումին։ Հեղինակներու իրենց անտիպ գործերը չհրատարակելու մասին կտակը պէտքէ յարգուի՞, թէ ոչ։
Անշուշտ պարտաւոր ենք կտակի հանդէպ յարգանք սնուցելու։ Իսկ եթէ ընթերցողին պիտի չհասնի, այդ գրական գործերուն դարանի մը մէջ փտիլն ալ անարդարութիւն մը չէ՞։ Ֆրանզ Քաֆքա մեծ համբաւի տիրացաւ յետ մահու հրատարակուած գործերուն շնորհիւ։ Ուրեմն այդ հրատարակութիւնները դաւաճանութիւն կոչելը որքա՞ն արդար է։
Պուրհան Սէօնմեզի համաձայն ընթերցողներն են գրողներու սեփականատէրերը։ Մենք է որ տէր պիտի կանգնինք իրենց գործերուն ու վաստակին։ Այս գիրքը կարդալէս ետք յիշեցի Կապրիէլ Կարսիյա Մարքուէզի վերջին վէպը՝ «Ցտեսութիւն մինչ Օգոստոս»։ Մարքուէզ կտակած էր այդ գործը չհրապարակել, բայց որդիները ոտնակոխեցին այդ կտակը։ Տակաւին կը շարունակուին որդիներու դաւաճանութեան մասին մեկնաբանութիւնները։