Կարօ Գաբրիէլեանի դէմ յարձակումին հակազդեցութիւնը կը ծաւալի

Պոլ­սա­հայ կեան­քի մէջ նա­խորդ շա­բաթո­ւայ կա­րեւո­րագոյն խնդիր­նե­րէն մէկն էր հա­մայնքի ծա­նօթ դէմ­քե­րէն Կա­րօ Գաբ­րիէլեանի խոշ­տանգու­մը։

Դէպ­քը պա­տահած էր Գնա­լը Կղզիի մէջ, երբ Կա­րօ Գաբ­րիէլեան առար­կած է իր տան դի­մաց գտնո­ւող խա­նու­թի ապ­րանքնե­րը փո­ղոց հա­նելով, նոյ­նիսկ տան մուտքը դժո­ւար ան­ցա­նելի դարձնե­լուն դի­մաց։ Այդ առար­կութիւ­նը պատ­ճառ եղած էր որ խա­նութպա­նը եւ աշ­խա­տակից­նե­րը խոշ­տանգեն զինք եւ նաեւ անար­գեն ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թեան հա­մար։

Լու­րը բա­ւական մեծ ար­ձա­գանգ գտաւ եւ շա­տեր պա­հան­ջե­ցին թէ կղզե­ցիներ առեւ­տուրը դադ­րեցնեն նշեալ խա­նու­թէն։

Կ՚երե­ւի թէ այս հա­կազ­դե­ցու­թիւնը տո­ւաւ իր ար­դիւնքը, քա­նի որ խա­նութպա­նը «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն զան­գա­հարե­լով բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ կա­տարուածը ար­դա­րաց­նե­լու մի­տու­մով։

Ան կը պնդէր թէ ինք խտրա­կանա­կան բնոյ­թով անար­գանք մը չէ ու­նե­ցած, քա­նի որ ծա­գու­մով քիւրտ է եւ քիւրտե­րը հա­յոց դէմ թշնա­մու­թիւն չեն կրնար ու­նե­նալ։

Միւս կող­մէ խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ ծա­ւալիլ եւ Ան­գա­րայի մէջ ալ որոշ հար­թակներ ստո­րագ­րա­հաւա­քի դի­մած են կա­տարո­ւածը դա­տապար­տե­լու հա­մար։

Կաս­կած չկայ որ հա­յերը գերզգա­յուն պի­տի ըլ­լան նման ոտնձգու­թիւննե­րու դի­մաց, որ­պէսզի մար­դիկ հա­մար­ձա­կու­թիւն չի գտնեն ցան­կա­ցած պա­հուն հա­յը անար­գե­լու հա­մար։

Մինչ այդ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք եւ Կղզիեաց Քա­ղաքա­պետն ալ այ­ցե­լեցին Կա­րօ Գաբ­րիէլեանը եւ զօ­րակ­ցութիւն յայտնե­լով արագ ապա­քինում մաղ­թե­ցին իրեն։

Նշենք որ տա­րիներ առաջ նման բնոյ­թով դէպք մը պա­տահած էր Մեծ Կղզիի մէջ, այս ան­գամ թի­րախ ու­նե­նալով կղզեբ­նակ հրեայ քա­ղաքա­ցի մը։ Այդ դէպ­քէն ետք րա­բու­նա­պետը շա­բաթօ­րեայ պաշ­տա­մունքի ժա­մանակ իր ժո­ղովուրդը զգու­շա­ցու­ցած էր տո­ւեալ հաս­տա­տու­թե­նէ առեւ­տուրէ հրա­ժարե­լու հա­մար։ Ազ­դե­ցիկ եղած էր այդ կո­չը եւ հրեաներ դադ­րե­ցու­ցած էին նշուած խա­նու­թէն իրենց առեւ­տուրը։

Ըստ երե­ւոյ­թի այս ան­գամ ալ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը տո­ւած է իր ակնկա­լուած հե­տեւան­քը եւ գոր­ծա­րանի տէ­րը խու­ճա­պի մատ­նուած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ