Պատրիարքական Աթոռոյս եպիսկոպոսաց դասու անդամներէն Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան անհանգստացած ըլլալով, դարմանումի տակ առնուած է։
Սրբազան Հայրը արձակուրդէ քաղաքս վերադարձին անհանգստանալով դիմած է Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց, ուր խնամքի տակ առնուած է։ Կատարուած քննութեանց որպէս արդիւնք յայտնուած է, որ անհանգստութեան պատճառը մտահոգիչ չէ եւ Սրբազան Հայրը բժշկական խնամքի տակ է։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Օգոստոս 2024, Երկուշաբթի, իսկոյն հեռաձայնով կապ հաստատած է Սրբազան Հօր հետ եւ արագ ապաքինում մաղթած է իրեն։ «Ակօս» եւս շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ Արամ Արքեպս. Աթէշեանին։