Խաչատուր Աբովեանը իր թողած ազգագրական ժառանգութեամբ մեծ դեր խաղացած է հայ գիտական ազգագրութեան հիմնադրման մէջ։
Անգնահատելի է անոր դերը քրտական ու եզդիական մշակոյթի եւ ուսումնասիրման եւ գնահատման գործէ ներս։ Մեծ մտաւորականը իր ազգագրական երկերը ստեղծած է չսահմանափակուելով նեղ ազգային շրջանակներու մէջ։ Ան խտրականութիւն չէ դրած ժողովուրդներու միջեւ։ Հաւասարապէս սիրած է բոլոր ազգերը։
«Քրտեր եւ Եզդիներ» աշխատութիւնը առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Խաչատուր Աբովեանի հարուստ գրական ժառանգութեան մէջ։ Ան գիտական, ազգաբանական եւ ընկերաբանական բնոյթի ուսումնասիրութիւն է, որ նուիրուած է այս ժողովուրդներու վարք ու բարքի, ծագումնաբանութեան ու պատմութեան, կրօնական եւ մշակութային յատկութիւններու պարզաբանման խնդիրներուն։
Քիւրտերու եւ եզդիներու մասին աշխատութիւն գրելու յանձնարարութիւնը Աբովեան ստացած է ցարական կառավարութեան Կովկասեան Փոխարքայութեան պաշտօնեայ Կոնց Փեկնդորֆէն։
1845-ի վերջերուն ձմրան դաժան օրերուն արձակուրդ վերցնելով ան կը մեկնի քրտաբնակ եւ եզդիաբնակ շրջաններ։ Երկու շաբաթ կ՚ապրի անոնց մօտ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը յայտնաբերէ այդ ազգութիւններուն բարքերու, հաւատալիքներու, բնաւորութեան, նոյնիսկ բանահիւսութեան մասին։ Վերադառնալով Թիֆլիս երեք ամսուայ ընթացքին հաւաքած նիւթերը կը մշակէ եւ կ՚ամփոփէ գերմաներէնով գրուած ուսումնասիրութեան մէջ։
Կասկած չկայ որ քուրտերու եւ եզդիներու մասին Աբովեանի իմացութիւնը սահմանուած չէ քանի մը ամիսներու ուսումնասիրութիւններով։ Այս ժողովուրդներու հետ անոր ծանօթութիւնը սկսած է դեռ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն, անոնց հետ ունեցած շփումներով։ Փոխադարձ յարգանքը կու գայ Աբովեանի ընտանիքէն։ Անոնց տան դուռը միշտ բաց եղած է քիւրտերու եւ եզդիներու առաջ։ Յետագային այդ գիտելիքները խորացած ու հարստացած էր Արեւմտեան Հայաստան եւ Պարսկաստան կատարած շրջագայութիւններու ժամանակ կատարած ուսումնասիրութիւններով։ Ազգագրական եւ պատմական հարցերու պարզաբանման համար Աբովեանը հիմնուած է ժամանակի պատմագրական ուսումնասիրութիւններու, մասնաւորապէս՝ Չամչեանի եւ Ինճիճիեանի աշխատութիւններու վրայ։ Ան նաեւ ծանօթացած է պարսկական եւ արաբական աղբիւրներուն։
Խաչատուր Աբովեանը այս ուսումնասիրութեան ձեռագրերէն առաջինը ուղարկած է Միւնխենի Համալսարանի դասախօս Մորից Վակներին, իսկ երկրորդը՝ թերեւս 1846-ին ուղարկած է Կովկասի Փոխարքայի Գրասենեակը։
«Քրտեր եւ Եզդիներ» ուսումնասիրութեան վերոյիշեալ երկու ձեռագիրները մինչ օրս չեն տպագրուած։ Վակները այդ աշխատասիրութիւնը հատուածաբար վերապատմած է «Ուղեգրութիւն Պարսկաստան Եւ Քրտերի Երկիր» մենագրութեան մէջ, որ տպագրուած է 1852 թուին Լայպցիկ։ Ըստ էութեան սոյն աշխատութեան ողջ նիւթերը կը պատկանին հայ մեծ Լուսաւորչին եւ Վակները այդ չէ ժխտած, նշելով «Պարոն Աբովեանից ձեռագրերը տրուեցան իմ տրամադրութեան տակ, ազատօրէն օգտուելու պայմանով եւ այն ինկած է սոյն ակնարկի հիմքին»։
Թիֆլիս՝ Փոխարքայի Գրասենեակ ուղարկուած ձեռագրի միայն մէկ մասը, որ կը վերաբերէր քրտերուն, անցած է «Կովկաս»ի խմբագրութեան, ուր ռուսերէն թարգմանութեամբ տպագրուած է թերթի 1848-ի վերջին համարներուն, Աբովեանի անհետացումէն ետք։ Յօդուածը լոյս տեսած է կրճատումներով։ Ցաւօք չեն տպագրուած Աբովեանի գրի առած այն քրտական երգերու բառերը, որոնք Աբովեանը ժամանակին յանձնած է Փոխ Արքայի Գրասենեակ։
Նշենք նաեւ որ յետագային այս յօդուածը ամբողջութեամբ թարգմանած է Հայր Փիլիպոս Ճամճեանը եւ տեղադրած «Ճանապարհորդութիւն Ի Հայաստանի» խորագրով գրքին, որ տպագրուած է Վիէննա, 1851 թուականին։
«Քրտեր եւ Եզդիներ» աշխատութիւնը բաղկացած է երկու բաժիններէ, առաջինը քիւրտեր, ապա եզդիներ։
Քիւրտերուն նուիրուած մասին Աբովեան կ՚ընդգծէ որ քիւրտերու ծագման ներկայի եւ անցեալի գրաւոր տեղեկութիւնները շատ աննշան են։
Աբովեանի կարծիքով քիւրտ անուան ծագման ամենահաւանական մեկնաբանութիւնը այն է, որ անունը յիշեալ ժողովուրդին անցած է, այն բնակավայրէն, ուր անոնք ապրած են՝ Կորդ կամ Կորդիք։ Երբ յետագային հին մարերու այդ սերունդը կը ներխուժէ երկրի տարբեր բնակավայրեր, անոնց այդ անունով կը կոչեն։ Ինքնանուանման երկու ձեւերն ալ պահպանուած է։ Քիւրտերը իրարու մէջ իրենց կը կոչեն «Կորմանջէ», այլազգիներու համար անոնց ինքնանուանումը «Քուրդն» է։
Աբովեանը կը նշէ որ քիւրտերու ծագման, անոնց պատմութեան հետ կապուած շատ հարցեր մինչեւ օրս պարզաբանուած չեն։ Քիւրտերու նախահայրենիքը կը համարուի Իրանի Պարս նահանգը։ Արաբական խալիֆայութեան կազմաւորումէն ետք քրտական ցեղախումբերը թափանցած են հիւսիսային Միջագետք եւ մահմետականութիւն ընդունած։ Սելջուկեան թուրքերու տիրապետութեան շրջանէն՝ ԺԱ-ԺԲ դարեր քիւրտերը սկսան հաստատուիլ Հայաստանի հարաւային գաւառները։
Խաչատուր Աբովեանը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ քիւրտերու կրօնական, դաւանական պատկանելութեան խնդրին։ Կը նշէ որ բոլոր քիւրտերը մահմետականներ են, կը պատկանին սիւննի աղանդին, եւ անոնց յարաբերութիւնները շիա մահմետականներու հետ բաւական լարուած են։ Անոնց համար քրիստոնեաները նոյնիսկ աւելի տանելի են, քան շիաները։
«Իսլամը դաւանող ոչ մի ժողովուրդի մէջ մահմետական կրօնը եւ անոր հետ միասին արաբական ժողովրդայնութիւնը այնպիսի ամուր հիմք չէ գտած, ինչպէս քրտերու մէջ։ Անապատի այդ զաւակներու՝ արաբներու կերպարանքը, տարազը, ընտանեկան ու քաղաքական կարգերը եւ սահմանադրութիւնը, կենցաղը, ամէն տեսակ առաքինութիւնները եւ արատները այնպէս թափանցած են այդ կոպիտ, թափառաշրջիկ հաւատակիցներու մէջ, որ հազիւ թէ հնարաւոր ըլլայ տարբերել քիւրտը արաբէն… Անոնք ալ արաբներու նման բաժանուած են վաչկատուններու եւ նստակեացներու կամ արտադրողներու։ Այս ժողովուրդը սրտի խորգէն կ՚արհամարհէ եւ այդ կենցաղակերպը չի կարող իր համար աւելի երջանիկ, կեանք պատկերացնել, քան ազատ կեանքը բաց երկնքի տակ»։
Տիրապետելով քրտերէն եւ ընդհանրապէս արեւելեան եւ եւրոպական մի շարք լեզուներու, Աբովեանը կը պարզաբանէ քիւրտերու հնչիւնաբանական, շարահիւսական եւ քերականական առանձնայատկութիւններ։ Կը նկատէ քրտերէնին առկայ տարբեր լեզուներէն, պարսկերէնէն, արաբերէնէն, հայերէնէն ու թուրքերէնէն առուած փոխառութիւնները։ Կ՚աւելցնէ թէ վերջին շրջանին անոնց գումարուած են ռուսերէնէն առնուած որոշ բառեր։
Աբովեանը դրուատանքով կը խօսի քրտական բանաստեղծութեան մասին։ Իր այս աշխատութեան նիւթերը հաւաքելու պահուն ան զբաղուած է նաեւ քրտական, ժողովրդական, բանահիւսութեան հաւաքագրումով, մշակումով ու թարգմանութիւնով։
Եւրոպական հանրութեան քիւրտերու եւ եզդիներու բանաստեղծութիւնը ծանօթացնելու համար ան կը ներկայացնէ փոքրիկ հաւաքածոյ մը, որուն կը յաւելէ իր բարձր գնահատականը։ «Այս ժողովուրդի ազգային պոէզեան այնպիսի հսկայական յառաջդիմութիւն է կատարել եւ այնքան է կատարելագործուել, որ համարեա ամէն մի քիւրտի, անգամ ամէն մի քրտուհիի կարելի է համարել իսկական բանաստեղծ կամ բանաստեղծուհի»։
Բաւական ուշագրաւ է քիւրտերու նիստ ու կացի, բարքերու ու սովորութիւններու աբովեանական նկարագրութիւնները։ Ամենաբնորոշը անոնց ազգային կեցութեան մէջ այն է, որ անոնք կ՚ապրին նահապետական կեանքի բնատուր մաքրութեամբ։ Հէնց այդ ալ Աբովեանի կարծիքով, իր մէջ կը պարունակէ անոնց կեանքի դրական՝ բազում արաքինի, ինչպէս նաեւ արատաւոր եւ վայրագ կողմերը։ Օրինակ՝ բաւական է թեթեւ արատաւորել ցեղապետի պատիւը, թէկուզ կատակով, որպէսզի մի ամբողջ գաւառ թրի ու սուրի մատնուէր։ Արեան վռէժը կը յագենայ երբեմն մի ամբողջ ցեղի ոչնչացումով։ Սակայն այս ժողովուրդի վայրի ու անսանձ բնաւորութեան կողքին Աբովեանը կը ներկայացնէ անոնց ասպետական վերաբերմունքը կանանց նկատմամբ։ «Քիւրտերու կարծիքով կինը ազնուագոյն նժոյգ է, նրան պէտք է խնամել, պաշտպանել՝ բայց սանձը միշտ ձեռքում պահել, որպէսզի չի կարողանան իրենց մէջքը ուրիշ ոչ ոքի դարձնել»։
Ռազմական վարժութիւնները ու գործերը տղամարդու առաջին եւ ամենայարգուած առաքինութիւններն են։ Ռազմաճակատին մեռնիլը ամենապատուաբեր մահն է, որ կը տօնեն ցնծութեամբ եւ երգով։ Իսկ ամենամեծ խայտառակութիւնը, որ անոնք կ՚ողբան աղեկտուր լաց ու կոծով, այն է, երբ տղամարդը կը մեռնի ընտանիքի մէջ, բնական մահով։
«Եզդիները» բաժնի սկզբին Աբովեանը կը նշէ թէ այն բոլորը ինչ որ ըսուած է քիւրտերու մասին նոյնութեամբ գոյութիւն ունին նաեւ եզդիներու մէջ։ Անոնց միջեւ տարբերութիւնը միայն կրօնական հաւատալիքներու մէջ պէտք է փնտռել։ Խաչատուր Աբովեանի «Քրտեր եւ Եզդիներ» աշխատութիւնը գիտական խոշոր ներդրում է քրտական մշակութային կեանքին, սկզբնաղբիւր մը, որ արժէքաւոր փաստագրական նիւթ կը հաղորդէ պատմաբաններուն, ազգագրագէտներուն, գրականագէտներուն ու մշակոյթի գործիչներուն։