Արագածոտնի դերէն ու երազանքէն մինչեւ աշխատանքային առօրեայ, մարզէ ներս կատարուած աշխատանքներէն մինչեւ Արագածոտնի ապագայի տեսլականը. այս եւ այլ կարեւոր թեմաներու շուրջ «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է Արագածոտնի մարզպետ տիար Սերկէյ Մովսիսեանի հետ։
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.- Արագածոտնի մարզպետ ըլլալու հեշտն ու դժուարը։
Ս.Մ.- Մարզպետ ըլլալը թէ՛ մեծ պատիւ է, եւ թէ՛ մեծ պատասխանատուութիւն։
Երբ գիտակցումով կը կատարես հանրօգուտ աշխատանք՝ սիրով կը ծառայես նաեւ ժողովուրդիդ, հայրենիքիդ ու պետութեանդ։
Ինչ կը վերաբերի դժուարութեան՝ մէկ բան կ՚ըսեմ, ցանկացած աշխատանքի դժուարութիւնները կը յաղթահարուին,ե թէ տիրապետես եւ եռանդով ու պատրաստակամ կ՚աշխատիս։
Մ.Յ.- Ինչպէ՞ս կ՚անցնի Արագածոտնի մարզպետի առօրեան։
Ս.Մ.- Իմ առօրեան յագեցած է։
Ընդհանուր առմամբ, իմ աշխատանքը պետական քաղաքականութեան կատարման ապահովումն է մարզէ ներս, ինչը բաւականին աշխատատար է եւ կը զբաղեցնէ առօրեայիս գերակշիռ մասը։
Մ.Յ.- Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիտարկենք որպէս շախմատային դաշտ, ապա Արագածոտնի մարզը ո՞ր կերպարը կ՚ըլլայ ըստ ձեզ։ Այսինքն՝ այսօր մարզը ի՞նչ դեր կը կատարէ Հայաստանի արդի կեանքին։
Ս.Մ.- Հայաստանի իւրաքանչիւր մարզ բացառիկ է իր տեսակի մէջ, Հայաստանը չքնաղ է իր բոլոր մարզերով։
Արագածոտնը իմ հայրենիքն է եւ բնականաբար, իմ աչքերուն կրկնակի գեղեցիկ է։ Այն Հայաստանի գոհարներէն է, այստեղ է երկրի ամենաբարձր, սառոյցը՝ Արագած լեռը... հարիւրաւոր պատմամշակութային յուշարձաններու շնորհիւ ուշագրաւ զբօսաշրջային կեդրոն ըլլալէ զատ, Արագածոտնի մարզը կը յաւակնի դառնալ լեռնային հանգիստի կեդրոն եւ կը վերադիրքաւորուի, որպէս լեռնադահուկային սփորթի, լեռնային հանգստի տարածաշրջանային կեդրոն։ Այսինքն, յառաջիկային ան տարեկան Հայաստան կը բերէ հազարաւոր օտարերկրացի զբօսաշրջիկներ։ Բացի այս, Արագածոտնի մարզը անզուգական մրգերու, խաղողի, կենարար գինիի հայրենիքն է. ինչպէս անմահ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը ըսած է՝ «ոսկեվազեան գինու մառան…»։
Մ.Յ.- Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին կատարուած աշխատանքները բազմաթիւ են ու բազմօրինակ։ Անոնցմէ՞ ո՞րը կամ որո՞նք կ՚առանձնացնէք, որ առանցքային եղած են մարզի համար։
Ս.Մ.- Առհասարակ, ինչպէս արդէն նշած եմ, մենք պետական ծրագրեր իրականացնող օղակ մըն ենք։ Եթէ առանձնացնելու ըլլամ՝ կ՚ըսեմ, որ մարզէ ներս վերջին տարիներուն հսկայական բարեփոխումներ իրականացուած են առողջապահութեան, կրթական, ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն։ Հսկայական ֆինանսական միջոցներով կը կառուցուին եւ վերակառուցուին մարզի խոշոր բժշկական 4 հաստատութիւններէն 3-ը, որոնք շուտով բնակչութեան կը մատուցեն ժամանակակից բժշկական ծառայութիւններ։ Առանձնացնեմ նաեւ դպրոցաշինական ծրագրերը, որոնց շրջանակին կառուցուած են եւ կը կառուցուին նոր կրթօճախներ՝ ժամանակակից ենթակառուցուածքներով։ Կառավարութեան ամենամեայ ծրագրերու շնորհիւ մարզէ ներս ունինք բարենորոգ ճանապարհներ, զարգացող ենթակառուցուածքներ, որոնք բաւականին հեշտացուցած են մեր քաղաքացիներու կենցաղը՝ կրճատելով առօրեայ հոգերը եւ բարձրացնելով կենսամակարդակը։
Մ.Յ.- Խօսինք յառաջիկայ ընելիքներու մասին։
Ս.Մ.- Յառաջիկային մենք հետեւողականօրէն շարունակելու ենք մեզի վստահուած լիազօրութիւններու շրջանակին աջակցիլ ՀՀ Կառավարութեան զարգացման ծրագրերը մարզի մէջ իրականացնելու գործին. սա կը նշանակէ թէ՝ կրկին դպրոցներ պիտի կառուցենք, ճանապարհներ նորոգենք, գիւղատնտեսութիւնը զարգացնենք, լսենք մեր քաղաքացիներու խնդիրները ու լուծումներ գտնենք, եթէ ամփոփ նշեմ՝ փորձելու ենք առաջանցիկ տեմպերով զարգացնենք մեր մարզը։
Մ.Յ.- Պարոն մարզպետ, այսօրուայ Արագածոտնը երազանք ունի՞։
Ս.Մ.- Երազանքները մեր կեանքի շարժիչ ուժն են, անոնք են, որ կը մօտիվացնեն եւ իմաստ կը հաղորդեն մեր ապրելուն։ Երազանքը իր մէջ կը պարուրէ երեւակայական թուացող այն գաղափարները, որոնք իրականանալու հակում ունին եւ մեծ ցանկութեան դէպքին ժամանակին կ՚իրականանան։
Ի հարկէ, Արագածոտնը մեծ երազանք ունի՝ Հայաստանը ապրի ու յարատեւէ խաղաղութեան մէջ, ծաղկի, զօրանայ եւ համայն հայութեան շէն տունը դառնայ։ Ես կը հաւատամ այդ երազանքին եւ իմ հերթին կ՚աշխատիմ յանուն այդ երազանքի իրականացման...։
Մ.Յ.- Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Արագածոտնի ապագայի տեսլականը՝ որպէս տանուտէր։
Ս.Մ.- Արագածոտնի մարզը դառնալու է մեր երկրի բարենպաստ վայրերէն մէկը, որ ըլլալու է ցանկալի ապրելավայր...։
Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»ի ընթերցողին։
Ս.Մ.- Կը մաղթեմ, որ ամուր պահեն հայու ինքնութիւնը, ըլլան միտքով, հոգիով ու մարմնով քաջառողջ...։
Մ.Յ.- Շնորհակալութիւն