Պոլսահայ հանրածանօթ երգչուհի Սիպիլ ներկայ գտնուելով Պրազիլիոյ մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած միջոցառման, թերթիս փոխանցած է հետեւեալ լրատուութիւնը։
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Պրազիլի մէջ կազմակերպած է գիտաժողով մը՝ նիւթ ունենալով Կովկասեան տարածքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ հետեւանքներու շուրջ։
Միջոցառման ծիրէն ներս քննարկուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հեռանկարները ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ 31 Յուլիսին Սան Փաուլօ քաղաքի յայտնի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանի դահլիճին մէջ։
Աւելի քան 300 մասնակիցներով ընթացող միջոցառման ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ Պրազիլիոյ դասընթացքներուն Հայաստանի մէջ 2023-2024 թուականներուն մասնակցած տեղացի լրագրողներ։ Պրազիլիացի լրագրողները ընթլայնելով իրենց գիտելիքները տարածաշրջանի եւ երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներու մասին ներկայացուցին իրենց կարծիքները եւս։
Քննարկման մասնակցած էր պատմաբան Հէյտոր Լոուրէյրոն։ Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեանը, ան նաեւ ելոյթ ունեցաւ բացման արարողութեան ընթացքին։
Միջոցառումը խոր վերլուծութիւններու եւ քննարկումներու բեմ դարձաւ կովկասեան տարածաշրջանը ձեւաւորող ընկերաքաղաքական բարդ եւ տարաբնոյթ գործօններու, պատմական խնդիրներու եւ միջազգային ասպարէզի վրայ Հայաստանի առջեւ ծառացած ժամանակակից մարտահրաւէրներու վերաբերեալ։
«Մեծ պատիւ էր կազմակերպել այս միջոցառումը եւ հիւրընկալել նման տաղանդաւոր լրագրողներ ու պատմաբաններ։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի քննարկումը շատ լուսաւոր էր հանրութեան համար՝ յաջողութեամբ տարածելով երկրի իրավիճակի մասին իրազեկութիւնը բարձր ներգրաւուած լսարանի վրայ» նշած է ՀԲԸՄ Պրազիլի նախագահ Ռաֆայէլ Բալուկեանը։