ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Արեւմտեան երկիրներու քաղաքական գործիչներ վերջերս աւելի յաճախ կ՚անդրադառնան ատրպէյճանական յարձակումներու հետեւանքով բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իր հայրենի երկրի վերադարձի խնդրին։
Առաջին նկատումով որոշ տրամաբանութիւն մը ներկայացնող այդ իրաւունքը գործնական գետնի վրայ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի։ Բոլորս գիտենք թէ թրքական իշխանութիւններու վարչակարգը դարերէ ի վեր հիւսուած է բնակչութեան ճարտարագիտութեան մը պահանջներուն համաձայն։
Գրաւեալ տարածաշրջանը իւրացնելու հիմնական լուծումն է բնիկ ժողովուրդի չէզոքացումը։ Կը պարտադրես աքսոր ու տեղահանութիւն եւ տեղահանուածները կը փոխանակես եկուորներով։
Մէկ կողմ թողունք Օսմանեան Կայսրութեան շուրջ վեց դարեր տեւող փորձը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ալ անցնող 100 տարիներու ընթացքին շարունակեց նոյն ռազմավարութիւնը զանազան վայրերու մէջ։ Ակնթարթի մէջ կրնանք յիշել Թրաքիոյ տարածքի հրեաներու քանի մը օրերու ընթացքին իրենց պապենական բնակավայրերը լքելով Պոլիս եւ արտասահման գաղթը։
Նոյնը գործադրուեցաւ Իմրոզ կղզիի յոյն բնակչութեան համար։
Մեծ եղեռնէն ետք Սեբաստիա, Կեսարիա, Եոզղատ, Եվդոկիա, Մալաթիա, Տիգրանակերտ, Էլազըղ կամ Սասունի նման քաղաքներու կամ գաւառներու մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր 1950-60-ական տարեթիւերուն հարկադրուեցան իրենց բնօրրանը լքելու։
Վերադառնանք այսօրուայ բանավէճին, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մեծ ճիգ կը վատնէ հայկական, պատմամշակութային ժառանգի վերացման համար։ Արդէն եկւոր բնակչութիւն մը բերած է Ստեփանակերտէն մինչեւ Շուշի Արցախի բոլոր վայրերուն։
Նոյնիսկ եթէ թուղթի վրայ ապահովել կարելի ըլլայ արցախահայոց իրենց տուն վերադառնալու իրաւունքը, վերադարձողը ի՞նչ պիտի գտնէ իր դիմաց։ Ինչպէ՞ս պիտի տիրանայ օտարներով բնակեցուած իր սեփական տան։ Ինչպիսի սոցիալական միջավայրի մը մէջ պիտի յայտնուի զէնքի ուժով վտարուած հայը, թէկուզ օրինական իրաւունքներու ձեռքբերումով եթէ վերադառնայ Արցախ։
Բացի այդ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ալ իր կարգին պահանջատէր է նախկին հայաստանաբնակ ատրպէյճանցիներու ետ դարձի իրաւունքին համար։ Պարտինք յիշել թէ Խորհրդային Հայաստանի աւելի քան 3 միլիոն հաշուով վերջին մարդահամարի տուեալներով Հայաստանի մէջ կ՚ապրէին աւելի քան 200 հազար ատրպէյճանցիներ, կազմելով երկրի մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնը։
Եթէ Ալիեւի այդ պահանջը լուրջ նկատենք, հայերն ալ իսկոյն պիտի մտաբերեն Պաքուի կամ Սումկայիթի փախստականները, որոնք համարեա նոյն դրութեան մէջ են։ Երանի թէ հեզասահ ըլլար Խորհրդային Միութեան տարանջատումը եւ փոխանակ ազգայնականութեան թունաւոր մոլուցքին, համատեղ կեցութեան մշակոյթը հիմնաւորուած ըլլար տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ։
Քանի որ առիթը անցած է, ոչ նախապէս Հայաստան բնակող ազէրիները, ոչ Ատրպէյճան բնակող հայերը վերադարձի յարմար պայմաններ պիտի ունենան։ Օտար համարածին դէմ ատելութիւնը հետզհետէ թափանցած է մարդկանց բջիջներուն։ Մենք օրինակներ թուեցինք Թրաքիոյ հրեաներէն, Իմրոզ կղզիի յոյներէն կամ Արեւմտեան Հայաստանի զանազան գաւառներէն տեղահանուած հայոց ակնարկելով։ Պարտինք նշել նաեւ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը։ Այդտեղ բնակող յոյներ ալ Թուրքիոյ արշաւումէն ետք ստիպուեցան իրենց թէ՛ ներկայ հարստութիւնը եւ թէ պատմական անցեալը լքելով դէպի հարաւ գաղթելու։
Պատմութիւնը ամբողջ երկրագունդի տարածքին նման վայրագութիւններու բազում օրինակներով լեցուն է։
Ցաւալին այն է, որ հասարակական միտքը միշտ պատրաստ է «այլ» ստեղծելու։ Եթէ նիւթ կ՚առնենք Հայաստանը, յիշենք ներգաղթի տարիները, ուր հայեր իրենց ցեղակիցներուն դէմ իսկ այլամերժութիւն ու խտրականութիւն կ՚ընէին։ «ախբար» կոչումը իր մէջ կը պարունակեր նաեւ արհամարհանքի դրսեւորում։ «Հօրեղբայրս իր նման աղբար ընտանիքի մը աղջկան հետ ամուսնացաւ եւ այդ ամուսնութիւնը շատ հեշտ ընդունեցաւ իր ընտանիքին մէջ։ Բայց հայրս, որ ամուսնացաւ կիւմրեցի, այսինքն տեղացիի մը հետ, մայրս կը վկայէ թէ ընտանիքի մէջ լուրջ խնդիր ծագած է»։
Վերեւի տողերը կը պատկանին հալէպահայ Կարէն Ջալլաթեանի, որ Ուրֆայէն Հայաստան երկարող իր կենսագրութիւնը կը ներկայացնէ «Ախբարներու Պատմութիւններ» փորթքաստներու«Եութուպեան» շարքի վրայ։
Նման վկայութիւններ կը բերեն նաեւ Թուրքիայէն Յունաստան գաղթած յոյները, որոնք եւս արժանացած էին իրենց տեղացի ցեղակիցներու արհամարհանքին։
Ի դէմ բոլոր այս ժխտական օրինակներուն, կայ նաեւ դրական երեւոյթներ, որոնք կարելի է բացատրել համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացումով։ Արդարեւ Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշում կայացուց իր երկրէն հինգ դարեր առաջ վտարուած հրեաներու շառաւիղներուն քաղաքացիութիւն շնորհել։ Այդ ժամանակ ալ կը տիրէր կրօնական այլամերժութիւն, որու հետեւանքով Կաթողիկէ թագուհի Իզապէլլա չհանդուրժեց իր երկրի մովսէսադաւան բնակչութեան, որու հետեւանքով հրեայ ժողովուրդը զանգուածաբար ապաստանեցաւ Օսմանեան Կայսրութիւն։ Այդ հրեաներու շառաւիղները մինչեւ օրս երախտապարտութիւն կը զգան Թրքական Թագաւորութեան եւ անոր մերօրեայ ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։
Սակայն կայ խնդրին հակապատկերը ու այս անգամ նոյն Թրքական կառավարութիւնը մերժեց «Սթրումա» նաւու խարսխումը իրեն նաւամատոյցներուն։ Արդարեւ նաւը 24 Փետրուար 1942-ին ռմբակոծուեցաւ եւ 791 ուղեւորեր եւ անձնակազմ խեղդամահ եղան։ Նաւու բոլոր ուղեւորները Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն փախած հրեաներ էին։
Շուտով կ՚աւարտենք ԻԱ դարու առաջին քառորդը։ Երկու համաշխարհային պատերազմներով ու ցեղասպանութիւններով յագեցած Ի դարու սեւ ստուերը կը խաւարէ նաեւ յաջորդող դարն ալ։
Բանաստեղծներ միամտաբար յուսացին եւ հիւսեցին ապագայի պայծառ օրերու տեսլականը։ Երեւոյթը կ՚ապացուցէ թէ տակաւին շատ երկար ճանապարհ ունինք մեր դիմաց, հասնելու համար աւետեալ այդ լուսաւոր ապագային։
Այս յոռետեսութեան մէջ ինչ արժէք վերագրենք ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի դիւանագիտական շրջանակներու արծարծած արցախահայութեան իր պատմական հողերը վերադառնալու մասին հնչեցուցած պատգամներուն։