ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
5Օգոստոս գիշեր Գնալը Կղզի Կազդուրման Կայանի խաղավայրին մեծ շուքով նշուեցաւ անուանի երգահան Մաժակ Թօշիկեանի ստեղծագործական վաստակի 60-ամեակը։
Նախկին պոլսեցի, այժմ Գանատաբնակ Մաժակ Թօշիկեան փոփ երաժշտութեան մարզէ ներս բազմաթիւ յօրինումներով ու դաշնաւորումներու արդար համբաւի մը տիրացած էր «Ճենք Թաշքան» կեղծանունով։
Ան հազիւ Գանատա տեղափոխուելէ ետք է, որ իր յօրինումները ստորագրեց մկրտութեան անունով եւ ծանօթ դարձաւ հայաշխարհի։ Անոր ամենաշատ ժողովրդականացած գործը եղաւ Յովհաննէս Շիրազի խօսքերով «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգը։ Այդ երգը Հայաստանի երգիչներու կողմէ շատ յաջող կատարումներով հնչեց ամենուրէք։ Նոյնքան փայլուն երգ մըն էր «Արարատ»ը, որ առաջին անգամ կատարուեցաւ պոլսահայ մեծ երգիչ Պարթեւ Կարեանի կողմէ։
Մինչ այդ Մաժակ Թօշիկեան յօրինեց նաեւ աւելի ծաւալուն ստեղծագործութիւններ, օրաթորիոյի ձեւաչափով։ Կ՚արժէ յիշել Հրանդ Տինքի ձօնուած օրաթորիոն, որու խօսքերու հեղինակն էր Պերճուհի Պէրպէրեան եւ մենակատարներն էին սոփրանօ Այլին Աթէշ եւ թենոր Պօղոս Եղիազարեան։ Միջոցառումը պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը, Կղզիաց Քաղաքապետ Էրճան Աքփոլաթ։
Միջոցառումը ձեռնհասօրէն ներկայացուց պոլսահայ բեմերու յայտնի հանդիսավար Գարոլին Մամիկոնեան։ Ապա իրարու յաջորդեցին պոլսահայ համայնքի հանրածանօթ մենակատարներ, Պարթեւ Կարեան, Արի Պարութօղլու, Թաթիանա Պոսթան, Մարալ Աթաման, Սերճան Կազերօղլու, Մարալ Այվազ եւ Լիւսի Գահվեճիօղլու։
«Մարալ» պարախումբը եւս անմասն չէր մնացած այս եզակի միջոցառումէն եւ ան ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ողբերգ», «Սարտարապատ», «Փողոցային Պար» եւ «Քոչարի» պարերով։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի ելոյթով, խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։
Այս բոլորէն ետք մեծարեալ Մաժակ Թօշիկեան իր երախտիքը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն։
Քաղաքապետ Էրճան Աքփոլաթ եւս գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ շնորհաւորեց մեծարեալ Մաժակ Թօշիկեանը։
Պատրիարք Սրբազանը արտասանած հուս բանկով եւս ողջունեց Մաժակ Թօշիկեանի վաստակը արեւշատութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով յոբելեարին։