30Յուլիս երեքշաբթի օր կայացաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի երկու բանագնացներ՝ Սետրար Քըլըճի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի հինգերորդ հանդիպումը։
Այս անգամ հանդիպման համար նախատեսուած էր Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանագծի երկու ափերը։ Ռուբինեան եւ Քըլըչ առաւօտեան ժամերուն մէկտեղուեցան սահմանի հայկական կողմը ու քննարկեցին անցակէտի շահագործման համար կատարուած աշխատութիւնները։
Յետմիջօրէին հանդիպման երկրորդ փուլը կայացաւ սահմանի թրքական հատուածին մէջ։
Կողմերը այս հանդիպումներէն ետք շեշտադրեցին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար բնականոնացման վերջնական նպատակի հասնելու համար առանց նախապայմանի բանակցութիւնները շարունակելու մասին իրենց վճռակամութիւնը։
Թէ Ռուբինեան եւ թէ Քըլըչ իր սոցցանցերու վրայ կատարած յայտարարութիւններով նշեցին որ քննարկած են նաեւ երկաթուղիի շահագործման համար անհրաժեշտ թեխնիքական բարելաւումները եւ գոհունակութիւն յայտնած այս հանդիպման արդիւնքներուն մասին։
Կ՚արժէ յիշել թէ երկու բանագնացներու հանդիպումները վերջերս մատնուած էին երկարատեւ լռութեան։ Մինչ այդ Հայաստան կը կատարէր նախորդ հանդիպումներու ընթացքին համաձայնեցուած որոշումներու իրականացման առնչուող իր տնային պարտականութիւնները։
Այդ ծիրէն ներս Վարչապետ Փաշինեան նախորդ շաբթուայ ընթացքին այցելած էր Մարկարայի անցակէտը եւ ստուգած կատարուած աշխատութիւնները։
Երկու բանագնացներու նախորդ հանդիպումին որոշուած էր ցամաքային սահմանին երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն ու դիւանագիտական անցագիր կրողներու շահագործման տրամադրելու որոշումը։
Սակայն այդ որոշումը մնացած էր թուղթի վրայ եւ չէր կրցած անցնիլ գործնական փուլ։
Այս վերջին հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ պաշտօնական անցագիր կրողներու վիզայի սպասարկութիւնները դիւրացնելու ուղղեալ միջոցները։
Նշենք թէ պետական կանանչ անցագիր ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիները ցարդ չէին կրնար օգտուիլ Հայաստան մուտքի պահուն օդակայանը կամ ցամաքային սահմանակէտերէն մուտքի վիզա ստանալու դրութենէն։
Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնական անցագիր կրողներէն կը պահանջէր ուղղակի Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմելով վիզա ստանալ։
Նկատի ունենալով երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայումը, այս պահանջը որոշ բարդութիւններ կը ստեղծէր կանանչ անցագիր կրողներու համար։