Փողոցային անտէր անասուններու ողջակիզումը նախատեսող օրէնքի փոփոխութիւնը վաւերացուած է Թուրքիոյ Խորհուրդարանի կողմէ։
Յատուկ յանձնախումբի կողմէ աւելի քան 42 ժամեր տեւող բանակցութիւններէ ետք օրէնքի փոփոխութեան նախագիծը ընդդիմադիրներու 224 դէմ ձայներու փոխարէն իշխանութեան դաշինքի 275 կողմ ձայներով վաւերացուած է։
Նախագիծը կը պահանջէ փողոցի անասուններուն, այլ խօսքով շուներուն եւ կատուներուն գրանցումը։ 25 հազարէ աւելի բնակչութիւն ունեցող քաղաքապետարաններ իրենց տարեկան պիւտճէին հազարէն հինգը պարտաւոր են անասուններու խնամքին յատկացնելու։ Այդ յատկացումով անտէր անասունները պիտի պատսպարուին քաղաքապետարաններու կազմած պահեստանոցներու մէջ։
Ցաւալին այն է, որ վեց ամիս անց անտէր մնալու շարունակող անասուններու համար կը նախատեսուի ողջակիզում։ Իշխանութեան շրջանակները ողջակիզման գործընթացը նախ բնութագրեցին «էօթենազի» եզրը գործածելով։ Ապա անասուններու իրաւունքներու պաշտպանները լրջօրէն հակազդեցին այդ եզրի գործածութեան, քանի որ ան կը նշանակէր անողոք հիւանդութենէ տառապող եւ անտանելի ցաւերով տանջուած մարդկանց իրենց կեանքի վերջ տալու կամքը։ Քանի որ անասուններ նման կամք դրսեւորելու առիթը չունին, սխալ է գործուած ոճիրը «էօթենազի» կոչել։
Օրէնքի նախագծի Խորհրդարանի կողմէ վաւերացումէն ետք Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան պետ Էօզկիւր Էօզէր յայտարարութիւն մը ընելով յայտնեց թէ նախագիծի դէմ առարկութիւնը պիտի փոխանցեն Սահմանադրական Ատեան, քանի որ ապրելու իրաւունք հասկացողութիւնը կը ներառէ նաեւ անասուններու կեանքի ապահովութիւնը եւս։ Ան նաեւ յաւելեց թէ իր կուսակցութենէն ընտրուած քաղաքապետներ պիտի չհնազանդին այս օրէնքի պարտադրանքներուն։
Միւս կողմէ անասուններու իրաւունքները պաշտպանող հասարակական կազմակերպութիւններն ալ կը շարունակեն իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել անտէր անասուններու ողջակիզման որոշումին դէմ։