«Պոլիս Լուսատու» մեծ յաջողութիւնով աւարտած ցուցադրութենէն ետք, այժմ կը պատրաստուի անձնակազմի անդամներուն ստեղծագործ վարպետներու աշխատանքին ձօնուած լուսանկարները ցուցադրել Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ շրջաբակը։ Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ 2 Օգոստոս ուրբաթ գիշեր ժամը 21.00-ին։ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 4 Օգոստոս կիրակի։
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները կ՚ակնկալեն թէ այս ցուցադրութիւնը եւս պիտի արժանանայ այցելուներու ուշադրութեան, քանի որ նկարուած նիւթերը առհասարակ հարազատ թեմաներ են բովանդակ պոլսահայութեան համար։
Ինչ որ կը պատահի համաշխարհային կանոնով, այստեղ ալ ժամանակի գործօնը ոչնչացման եզրին հասցուցած է զանազան ասպարէզներ, որոնք էական նշանակութիւն ունէին նոյնիսկ մինչեւ քանի մը տասնամեակներ առաջ։
Արդարեւ լուսանկարներու այս ցուցադրութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ վաւերագրական յատկութիւն մը, հետզհետէ անհետացող այդ մասնագիտութիւններու մասին։
Քանի որ լուսանկարչութիւնը պահը ձերբակալելու եւ անմահացնելու արուեստն է, ուրեմն կրնանք համոզուիլ թէ «Պոլիս Լուսատու»ի արուեստագէտներուն ոսպնեակին հանդիպած իւրաքանչիւր արհեստաւոր իրենց բաժինը ստացած են անմահութեան բաժակէն։
Տեփոյի փորձէն մեկնելով մենք ալ մեր կարգին կրնանք վկայել թէ Պերճ Արապեան, Արման Ճամկէօզօղլուի, Տիգրան Տիւլկերեանի, Էտմոն Սեֆերի, Կարօ Միլոշեանի, Մկրտիչ Արծիւեանի, Նուրհան Աքքայայի եւ Սարգիս Պահարօղլուի գործերու ցուցադրութիւնը ընծայուած բացառիկ առիթ մըն է նախապէս այդ բախտը չունեցողներուն համար։