Ողիմպիական ոգին եւ մենք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողիմպիական խա­ղերը իրենց պատ­մա­կան ան­ցեալով հա­մաշ­խարհա­յին ու հա­մամարդկա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու դրսե­ւորումն են մար­զա­կան սահ­մա­նու­մով։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ յա­ճախ կը շեշ­տադրո­ւի «Ողիմ­պիական ոգի» կո­չեալ հաս­կա­ցողու­թիւնը։ Այդ ո­գին կը թե­լադ­րէ պար­կեշտու­թեան, բա­րեկա­մու­թեան եւ հա­ւասա­րու­թեան սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ մրցակ­ցութեան խոր­հուրդը։

Խա­ղերու ըն­թացքին խար­դա­խու­թիւնը, մրցա­կիցի հան­դէպ ատե­լու­թիւնը եւ թշնա­ման­քը բա­ցար­ձա­կապէս կ՚ար­հա­մար­հո­ւի։ Մար­զի­կը՝ ան­հատ թէ խմբո­վին եկած է իր կա­րողու­թիւնը փաս­տե­լու։ Հա­զարա­մեայ ան­ցեալով այս ոգին ափ­սոս որ ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն կ՚են­թարկո­ւի շատ լուրջ այ­լա­սերու­մի։

Քա­նի որ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թիւնը կը մատ­նո­ւի նոր մար­տահրա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւելու, բնա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը կը գոր­ծէ նաեւ Ողիմ­պիական խա­ղերու վրայ։ Տե­ղի-ան­տե­ղի յա­ճախ կը յի­շուի թէ մարմնա­մար­զութիւ­նը պէտք է գե­րազան­ցէ քա­ղաքա­կանու­թեան։ Սա­կայն միւս կող­մէ են­թա­կայ ենք «ազ­գա­յին» կամ «ազ­գայնա­կան» սահ­մա­նու­մով հա­կամար­տութիւննե­րու դաշտ մը գո­յաց­նե­լու։ Այդ դաշ­տին վրայ ինքնա­բերա­բար, ան­խուսա­փելիօրէն, նոյ­նիսկ եր­բեմն առանց անդրա­դառ­նա­լու կը տա­րուինք խտրա­կանու­թեան այլ եւ այլ երե­ւոյթնե­րու։

Այդպի­սին էր, որ Դաշ­նակցա­կան Ռու­սիան դուրս մնա­ցած է Ողիմ­պիական խա­ղերէ։ Մենք որ մրցումնե­րուն կը հե­տեւինք երկրի պաշ­տօ­նական լրա­տուա­միջոց ԹՌԹ-ի էկ­րաննե­րէն, զար­մանքով ակա­նատես կ՚ըլ­լանք խօս­նա­կի ձայ­նի ելե­ւէջ­նե­րուն։ Օրի­նակի հա­մար, երբ մաս­նա­կից մար­զիկնե­րը իրենց դրօ­շակ­նե­րով կը տո­ղան­ցեն Սեն գե­տի վրայ, ԹՌԹ-ի խօս­նա­կը, որ մինչ այդ լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւնով կը ներ­կա­յաց­նէր իւ­րա­քան­չիւր ազ­գա­յին պա­տուի­րակու­թիւն, յան­կարծ լռու­թեան կը մատ­նո­ւի, երբ հեր­թը կը հաս­նի Իս­րա­յէլի պա­տուի­րակու­թեան։ Դար­ձեալ կը նկա­տենք թէ այլ եւ այլ խօս­նակներ ինչպի­սի ոգե­ւորու­թիւն կը փո­խան­ցեն, երբ կը խօ­սին ԱՄՆ-ի մար­զիկնե­րու մա­սին։ Զար­մա­նալով կը տես­նենք թէ անոնց ձայ­նը յան­կարծ աւե­լի բարձր եւ կո­րովով կը հնչէ այդ պա­հուն։ Ալ չենք խօ­սիր ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանի ուղղեալ շռնդա­լից ար­տա­յայ­տութիւննե­րու մա­սին, գո­նէ այդքա­նը որոշ չա­փով ըն­դունե­լի հա­մարե­լով։

Պար­տինք խոս­տո­վանիլ թէ Փա­րիզի Ողիմ­պիական խա­ղերու բաց­ման արա­րողու­թիւնը ի դէմ բո­լոր քննա­դատու­թիւննե­րու, իր կար­գին գե­ղարո­ւես­տա­կան վա­յելք մըն էր։

Այս պա­հուն այ­լեւս պար­տինք յի­շել թէ Լեոնար­տօ Տա Վին­չի «Վեր­ջին ընթրիք» կտա­ւը կամ Ռո­տինի «Ադամ» անուն քան­դա­կը իրենց կրօ­նական նշա­նակու­թիւնով չէ, այլ հա­մամարդկա­յին, մշա­կու­թա­յին ար­ժէքներ ըլ­լա­լով պի­տի գնա­հատո­ւին։

Եկե­ղեցին պար­տի հրա­ժարիլ Քրիս­տո­սի կեր­պա­րը իր սե­փակա­նու­թիւնը կար­ծե­լու մո­լուցքէն։ Սալ­վա­տոր Տա­լիի նշա­նաւոր «Յի­սուս» կտա­ւը սո­վորա­կան սրբան­կար մը չէ, այլ գերիրա­պաշտ արո­ւես­տի գլուխգոր­ծոց մը, յատ­կա­պէս տե­սան­կիւնի առու­մով ար­ձա­նագ­րած հրաշ­քի հա­մազօր յա­ջողու­թիւնով։

Մրցումնե­րը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուին եւ հա­զիւ շա­բաթ մը ետք է, որ եր­կիրնե­րու ցու­ցա­կը պի­տի հրա­տարա­կուի իրենց ստա­ցած ոս­կեայ, ար­ծա­թէ կամ բրոնզ մե­տալ­նե­րու հա­շուար­կումով։

Մին­չեւ այդ մե­զի կը վի­ճակի ըմ­բոշխնել Ողիմ­պիական ոգին եւ անոր ցո­լացու­մը հան­դի­սացող մրցումնե­րու գե­ղեցիկ պատկերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ