«Մենք յաճախ ամաչելու ենք
մեր լաւագոյն արարքներու
համար, եթէ աշխարհը տեսնէր
բոլոր դրդապատճառները,
որոնցմէ առաջացած են անոնք»
Լարոշֆուկօ։
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Մարդաբանները համոզուած են, որ նախամարդը բնութեան առեղծուածները մեկնաբանելու կամ բացատրելու անկարող ըլլալով ապաւինած է արտաքին տեսլական ուժերու գոյութեան, տիեզերքի գերագոյն ստեղծարար եւ ամենազօրին՝ Աստծուն, եւ ստեղծած է հեթանոս աստուածներու, իմա՚ կուռքերու մեծ ընտանիք, դառնալով բազմաստուածային կրօն։
Այն տարածուած էր ի սփիւռս աշխարհի եւ ամէն երկիր ունէր իր աստուածներու բոյլը։ Յիշենք Հռոմի կամ յոյն աստուածներու պատկերասրահը։ Մենք եւս անբաժին չենք մնացած եւ ստեղծած ենք, որոնցմէ կարելի է մտաբերել Արամազդը, Վահագնը Անահիտը եւ այլն, որմէ ետք, աւելի ուշ եղած ենք նաեւ զրադաշտական, կրակապաշտ մինչեւ Լուսաւորիչի յայտնուելը եւ 302-ին նոր կրօնի հաստատումը մեր երկրին։ Մենք առաջինն էինք քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակողը եւ այն կը գործէ մինչ օրս ի դէմս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։
Մտադիր չեմ մանրամասն անդրադառնալ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծիսական կամ կրօնագիտութեան խնդիրներուն, որոնց ծալքերը երբեմն անհասանելի են եւ մութ, նախ որ ի զօրու չեմ իմ թերի իմացութենէն ելնելով, ապա այդ չէ արդի անհանգստացնող հարցը։
Անցած դարերու ընթացքին Լուսաւորիչի աթոռին բազմած բազմաթիւ փառահեղ գործունէութիւն ծաւալող գահակալներ ունեցած ենք, որոնցմէ արժանի է յիշել Սահակ Պարթեւը, Ներսէս Շնորհալին, Խրիմեան Հայրիկը, մեր օրերու Վազգէն Ա եւ Գարեգին Ա արժանայիշատակ վեհափառ հայրերը, աւա՜ղ որոնց կողքին ունեցած ենք նաեւ դաւաճան Պետրոս Գետադարձը եւ այլ նզովեալներ։
Սկզբունքօրէն բարձրաստիճան երդուեալ կրօնաւորը աշխարհիկ կեանքէն կը հրաժարուի իր հայրենիքի բարօրութեան, ժողովրդի հոգեկան բարեկեցութեան եւ կրօնական պաշտամունքի նուիրուելու նպատակով, մինչեւ իսկ կուսակրօնի ծանր, իմա՚ դժուար պայմաններու հետ հաշտուելով։ Այսօր, շատերը արդի պայմաններու կրօնաւորի տարազ հագած, բայց մնացեալ էութեամբ ստոր եւ դաւադիր աշխարհական՝ նման իրենց մեծաւորին, ենթակայ անոր թելադրանքին եւ օրհնութեանը։
Բաւական գայթակղեցուցիչ է Փարիզի ՀՀ դեսպանատան շէնքի եւ կղերի կատարած քայլերու դրուագը։ Խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն եւ ՀՀ հռչակումէն ետք նորաստեղծ պետութիւնը դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալելու համար ոտք դնելու տեղ չունէր Ֆրանսայի տարածքին, իսկ գնելու համար միջոցներ չկային։
Վազգէն Ա վեհափառ հայրապետի միջնորդութեամբ եւ օրհնութեամբ Փարիզի Հայ Առաքելական եկեղեցիի անունով, թերեւս վարկերէն խուսափելու նպատակով եւ մասնակցութեամբ, անհրաժեշտ շէնքը կը գնուի, որ պատշաճ եւ անվարան ծառայեց մինչեւ վարչապետի յայտնուելը եւ այդտեղ էր, որ վարունգը սկսաւ ծուռ աճիլ։ Հայրենի երկրի եւ հայութեան բարեկեցութեան հոգսերով ծանրաբեռնուած ու անքուն գիշերներ անցնող բարձրաստիճան կղերը սկսաւ ոտնձգութիւններ ընել թէ, քանի որ այդ շինութիւնը ձեռք բերուած է վեհափառի միջոցով եւ եկեղեցւոյ անունով, ապա այն եկեղեցական կալուածք է՝ պահանջեց եւ ի գործ դրաւ ժամ առաջ այդ շէնքէն դեսպանութեան վտարումը։ Մեկնաբանելու կամ որեւէ մէկին մեղադրելու միտում եւ անհրաժեշտութիւն չեմ տեսներ, հոգեւոր բարոյականութեան այդ «բարձր քայլի» առիթով՝ պարտադրուած հաւանաբար հոգեւոր կեդրոնի կողմէ, որպէս եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութեան հետեւանք։ Այն կը թողեմ յարգելի ընթերցողի հայեցողութեան։
Այս է անբիծ բարոյական յարաբերութիւններու եւ գործողութիւններու նմոյշը, որ նորութիւն չէր մեր դարերու անցեալ ունեցող չարքաշ անցեալին եւ բացակայ չէ ներկայիս։ Թոյլատրելի է յիշել Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» երկու հեկտար տարածքի օտարումը ինչ որ հրեայ գործարարի շահին եւ պատասխանատու պատրիարքը անվրդով կը յայտարարէ թէ չէ կարդացած պայմանագրի բոլոր կէտերը՝ որպէս արդարացում, մինչ հայ խեղճ ու կրակ համայնքը անդադար կ՚ենթարկուի յարձակումներու ոստիկանութեան եւ հրեայ ամբոխի կողմէ, որ հետեւանք է պատասխանատու հոգեւոր մարմնի տխմար գործունէութեան։
Մինչդեռ, որքան ընելիք կայ թէ՚ բարոյական, թէ՚ կրօնի եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մինչեւ իսկ տքնելու անհրաժեշտութիւն կայ դիւանագիտական ծանր եւ խառնաշփոթ միջավայրին, երբ Ալիեւի նման անձի հետ է մեր գործը, չմոռանալով ռուսական յաւէրժ տագնապը։
Անհնար է մոռացութեան մատնել երկրի բարոյական քայքայումը դուրսէն եկած բազում աղանդաւորներու անխափան խարսխուելով, որոնց համար ՀՀ-ը շատ բեղմնաւոր է մեր կղերի եւ մասամբ իշխանութեան ապիկարութեան պատճառով։ Փառաւոր հաստատուած են եւ իրենց աննախընթաց բերքահաւաքը կ՚ընեն մասոնների ազատ որմնադիրներու այսինքն մասորններու կողքին սորոսականները, Եհովայի վկաները, մորմոնները, միասեռականները, դրանսկենդները եւ այլազան թափթփուկ խմբակներ ու այլանդակութիւններ, որոնց ոչ միայն կարիքը չունինք, այլ հնարաւոր կարճ ժամկէտին բոլորին դուրս շպրտել։ Այդ բոլորը ոչ մէկ կապ ու առնչութիւն ունին ժողովրդավարութեան կամ խօսքի ազատութեան սկզբունքներու հետ ո՞ւր մնաց թէ մեր աւանդութեան։
Որքան իմաստուն կ՚ըլլային մեր ազգի փրկիչները, եթէ միասին վերոնշեալ խնդիրներով զբաղուէին, եթէ ոչ մէկ շունչով, ապա փուլ առ փուլ, աղբամաններով փողոց փակելու փոխարէն, իւրաքանչիւրը իր զբաղեցուցած աթոռին համապատասխան ըլլալու սկզբունքով։