ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԵՄԻՐ
Կուկուչ Եաեայի պատմութիւնը
Ալեքօ Երկիատիս հետեւեալ կերպով կը բնութագրէ իր ընտանիքի պատմութիւնը։
«Կուկուչ Եաեան իմ մեծ մեծ մայրս է։ 1915-ին փոխանակ աքսորի երթալու ամուսնոյն Կարապետ Քիչիկեանի եւ որդւոյն Նշանի հետ փախած է դէպի Չատ գիւղի մերձակայ լեռներ ու անտառներ։ Տարիներ տեւած է այդ փախուստի շրջանը, որու ընթացքին լսած է նաեւ որդւոյն եւ ամուսնոյն սպանութեան լուրը։ Մինչ այդ սպանուած էր նաեւ իր եղբայրն ալ։ Ճարահատ կերպով կ՚ամուսնանայ մեծ մեծ հայրս Անաստասիոս Եորկիատիսի հետ։ Միջոց մը ետք որդին Նշան եւ ամուսինը Կարապետ կը յայտնուին իր դիմաց։ Սխալ եղած է անոնց սպանութեան մասին փոխանցուած լուրը։ Սակայն Կուկուչ ամուսնոյն Կարապետին կը յայտնէ թէ նպատակ ունի իր նոր ամուսնոյն հետ Յունաստան երթալու։ Կարապետը ճարահատ կը յօժարի պայմանաւ որ Նշանը մնայ իր մօտ։ Մարին եւ Հայկանոյշը կը տանի իր հետ Յունաստան։ Կուլի անուն փոքր աղջիկը արդէն արեւանքուած էր եւ արեւանքողին հետ ամուսնութիւնը մերժելով սպանուած։ Կարապետ Քիչիկեանն ալ իր կարգին երկրորդ ամուսնութիւն մը ըրած է Զիլիֆ Եաեայի հետ։ Իսկ որդի Նշան Քիչիկեան եւ երկու անգամ ամուսնացաւ եւ ունեցաւ Եփրակ, Կիւլպենկ, Իլհան, Տողան, Մարիամ, Մուրատ եւ Չիչեք անուն զաւակներ տասնեակներով թոռներ։
Նշան Քիչիկեանի ընտանիքը կը շարունակէ Թուրքիա ապրիլ եւ մենք կը պահենք իրենց հետ ազգականական կապերը»։
Հրիստօ Տեմիրճիօղլուի պատմութիւնը
30 տարի է որ կը ճանչնամ Հրիստօ Տեմիրճիօղլուն։ Հօրեղբօր Նշան տետէի որդիները եւ թոռները այցելելու համար յաճախ Իսթանպուլ կու գայ։ Ամէն անգամ որ Յանյա կ՚երթամ, անպայման կը հանդիպիմ իրեն ալ։ Իրմէ խնդրեցի որ պատմէ մեծ հօր Ակօ ամոյի եւ տատիկի Նալուի մասին։
«Մեծ հայրս Ակօ Աղա Տեմիրճիեան Նազլը նանիիս հետ ամուսնացած էր։ Ունեցած են Արշակ, Սեդօ, Նարխաթուն, Տիրան, Նշան եւ Սոֆիա անուն որդիներ ու դուստրեր։ Պապս Ակօ աղա եւ որդին Տիրան լեռ բարձրացած ու ֆետայիներուն մասնակցած են։ Աւելի վերջ պապս իր որդիներու կարօտով գիւղ կ՚իջնէ ու այնտեղ կը ձերբակալուի եւ կը սպաննուի։ Նալու տատիկս որդիները կ՚առնէ ու դաշտը կը տեղափոխուի։ Տիրան ամոն իր ընկեր ֆետայիներով կը մօտենայ Թաշլըքի եզրերը, բայց ընկերները իր հօր հետ պատահածները նշելով արգելք կ՚ըլլան քաղաք մտնելուն։ Ան ալ իւրնեշցի Սամուէլի ֆետայիներուն հետ դարձեալ լեռ կը բարձրանայ ու կը շարունակէ ինքնապաշտպանութեան պայքարը։ Աքտաղի անտառներուն մէջ։ Երբ համաներում կը շնորհուի ֆետայիները դաշտ կ՚իջնեն։ Սակայն զինուորները զիրենք կը ձերբակալեն։ Ֆետայիները կը յաջողին ձեռնակապերէն ազատուիլ եւ դիմադրել ժանտարմներուն։ Այդ թոհուբոհի մէջ գիւղացիները կը փութան զինուորներու օգնութեան եւ Տիրանն ու ընկերները այդտեղ կը սպաննուին։
Բնակչութեան փոխանակման շրջանին Նազլըն Արշակը, Սեդօն եւ Սոֆիան առնելով Յանյա գաղթել կը որոշէ։ Իր հետ կ՚առնէ նաեւ Տիրանի այրին Տեսփինան եւ դուստրը Եսդերը։ Կու գան ու Պաֆրա գիւղը կը հաստատուին։
Նշան Տեմիրճիեան ամոս եւ Նարխաթուն ամուսնացած եւ Թուրքիա մնացած են։ Նշան պապուկի որդին Գասպար կը պատմէ թէ իր ծնողները զիրար շատ սիրած են եւ այդ պատճառաւ ալ որոշած են Թուրքիա մնալ»։
Ֆրիքսօ Գարապինաս
Ֆրիքսօն զարմուհիս Վասիլիքի Կուլայի ամուսինն է։ Անոնք տեղացիներն են Յանյայի։ Պատմեց ընտանիքի անցեալին մասին։
«Պապս Վանկելիս, հայրս ալ Հրիստոլոսյուս է։ Մեր ցեղը կու գայ Փրեվեզէ Սուլիէն։ 1821-ին պատերազմելով եկած ու Յանյա, Քոզմիրա գիւղը հաստատուած են»։ Զարմուհիս Կուլա պատմեց իրենց ծանօթանալու ոդիսականը։
«Ֆրիքսոյի հետ նոյն դպրոցէն ենք։ ան աւելի բարձր դասարանի աշակերտ էր։ Նոյն հանրաշարժով կը ճամբորդէինք, ուր սկսաւ մեր ընկերութիւնը եւ հասանք այսօրուան։ Սկիզբները կը խրտչէ, քանի որ ես գաղթականի աղջիկ եմ եւ տեղացիներն ալ լաւ աչքով չեն նայիր գաղթականներուն։ Սակայն ամուսնացանք եւ հիմա վարժուած են ու կը սիրեն զիս»։
Իսահակ Միրօղլու եւ կինը
Էլիզապեթ
Ահաւասիկ հայ զոյգ մը, որ ծնած են Կապադովկիոյ Չատ գիւղը եւ գաղթած են Պաֆրա։
Գրութեան սկզբին նշած էի թէ պաֆրացիները կը պատրաստուին գաղթի 101-ամեակը նշելու։ Ճամբուն հանդիպեցայ Սոֆիայի մօր Մարիքային։ Հարցուցի թէ ի՞նչ պիտի ընէ գաղթի յիշատակման օրը։ Իբրեւ պատասխան սկսաւ երգել մօրմէն լսած երգը։
«Էյմելի եար էյմելի,
ֆիսթան եէրէ տեղմելի։
Պենիմ սեւտիղիմ եարին,
Տիւնյա մալըն տեղմելի։
*
Չայ իչթիմ տիլիմ եանտը,
Տէօքիւլտիւ քիլիմ եանտը։
Եանտըղընա քըյամամ
Եարիմ սըլատա քալտը»։
Շաբաթ երեկոյ ամբողջ գիւղը մասնակցած էր Այա Պասքեվի Եկեղեցւոյ արարողութեան։ Ժամը ճիշդ կէսգիշերին սկսաւ Զատկի տօնակատարութիւնը։ Ժողովուրդը իրար կը շնորհաւորէր «Հրիստոս Անեսթի», այսինքն «Քրիստոս Յարեաւ» ըսելով։ Քահանայի առաջնորդութեամբ ժողովուրդը մոմեր ի ձեռին շրջեցան գիւղի բոլոր փողոցները եւ աւետեցին Քրիստոսի յարութիւնը։ Այդ օր վերջացած էր նաեւ Մեծ Պահքի շրջանը։ Ժողովուրդը աւանդութիւն դարձուցած էր թոք, երիկամ, սիրտ, լեարդ եւ զանազան բանջարեղէններ պարունակող ապուրով մը աւարտել պահքի շրջանը։ Այդ ապուրը յատուկ անուն մըն ալ ունէր, չեմ գիտեր ինչու՝ Մարկերիթա։
Կիրակի օր սկսաւ տան այցելութիւնները։ Համեմատաբար աւելի հարուստները իրենց տան բակին արդէն պատրաստած էին քոքորեչն ու գառնուկի խորովածը եւ կը սպասէին հիւրերու ժամանման։
Զարմիկս Անդրէաս, Սիրան եւ ես, իմ բարեկամ Տոքթ. Յանիի տան մէջ հիւրասիրուեցանք եւ համտեսեցինք տօնական ուտեստները։
Ահա աւարտած էինք դէպի Յանյա այցելութիւն մը եւս։ Հիմա կը սպասենք իրենց գալստեան։
*Այս տողերով կ՚աւարտի Տոքթոր Աւետիս Տեմիրի յուշագրութիւնները, որ կատարած էր իր համաերկրացիներու գաղթած Յունաստանի Հիւսիսային հատուածը Յանյա գաւառի Պաֆրա գիւղէն։
Մեր սիրելի բարեկամ Աւետիս Տեմիրի գրառումով կը ծանօթանանք հայ ժողովուրդի կորուսեալ բեկորներէն մէկուն հետ եւս։ Անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլանք մեծ եղեռնի հետեւանքով հայրենիքէն հեռացած ժողովուրդի մը ձուլման պատկերին, քանի որ անոնք անցնող տարիներու ընթացքին հետզհետէ կորսնցուցած են մայրենին, հայերէն անձնանունները, բայց վառ կը պահեն անցեալի նկատմամբ յիշողութիւնը իր բոլոր մանրամասներով։