Ինչպէս ծանօթ է Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը վերջերս թափ տուած է դպրոցներու ուսման ծրագրին մէջ կրօնքի դասապահերու աւելացման գործընթացին։ Բացի դասացուցակի մէջ ճշդուած դասապահերէն տարբեր դասաւանդման անուններով եւ կ՚աւելցուին կրօնքի դասաժամերը։
Այս ծիրէն ներս նախարարութիւնը վերջերս թիրախաւորեց երկու ֆրանսական կրթական հաստատութիւններ։ Շառլ տը Կոլ եւ Փիյեր Լոթի դպրոցները, պահանջելով որ անոնք եւս յօժարին նախարարութեան ճշդած ուսման ծրագրին։
Այս մասին Ֆրանսական Մշակոյթի Կեդրոնի տնօրէն Սիլվի Լեմասոն այս երկու դպրոցներու աշակերտներու ծնողներուն նամակ մը գրելով յայտնեց թէ 2024-2025 ուսման տարեշրջանի համար թուրք աշակերտներու արձանագրութիւնը կասեցուած է։
Մինչ այդ Ֆրանսայի աւագ դասպանն ալ կը հաղորդէ թէ խնդրի լուծման համար յարատեւ բանակցութիւններ կը տանին Կրթական Նախարարութեան հետ։
Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Շահին ալ յայտարարութիւն մը ընելով նշեց թէ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն 12 օտար վարժարաններ, որոնց գործունէութիւնը երաշխաւորուած է Լոզանի Դաշնագիրով։ «Նշեալ երկու դպրոցները աւելի ուշ թուականներուն հիմնուած են եւ իրենց աշակերտներու 90 տոկոսը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են։ Այս դպրոցները ստիպուած են մեր ուսման ծրագիրը գործածելու։ Եթէ չհնազանդին կ՚արգիլեմ Թուրքիոյ քաղաքացիներու արձանագրութիւնը» ըսաւ Եուսուֆ Շահին։