Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք 26 Յուլիս ուրբաթ երեկոյ Գնալը Կղզիի մէջ կայանալիք Յովհաննէս Չեքիճեանի 95-ամեակին ձօնուած միջոցառումին։ Միջոցառման գլխաւոր բաժինը կը կազմէ «Եւ Եկաւ Յովհաննէս» անունը վաւերագրական ֆիլմը։ Արդարեւ չորեքշաբթի օր խմբագրատանս մէջ վայելեցինք ֆիմլի նախագծի եւ սցենարի հեղինակ Լիլիթ Մովսիսեանի այցելութիւնը։
Լիլիթ Մովսիսեան ընկերակցութեամբ իր հօր՝ Հայկ Մովսիսեանի ժամանած է քաղաքս, այս եզակի ցուցադրութեան ներկայ գտնուելու համար։
Լիլիթ Մովսիսեան այժմ կ՚ուսանի Երեւանի Թատրոնի եւ Կինոյի Պետական Ինստիտուտը։
Ֆիլմը գեղարուեստական ստեղծագործութեան ճանապարհին իր առաջին արտադրութիւնն է՝ որ կը փաստէ նաեւ ապագային իրմէ ակնկալուածներու արդար պահանջը։ Ծագումով կիւմրեցի Մովսիսեան ուսման համար հաստատուած է Երեւան եւ իր ուսուցիչներու խրախուսումով շփումներ հաստատած է եւրոպական երկիրներու հետ, ուր կը մասնակցի կինոյի եւ թատրոնի բեմադրութեան հետ առնչուած աշխատանոցներու կամ դասախօսութիւններու։
Այս անգամ ալ ան քաղաքս ժամանեց Գերմանիայէն, ուր կը գտնուէր նման բնոյթի այցելութիւնով։
Կրկին անգամ յիշեցնենք թէ տարեդարձի միջոցառման կազմակերպիչ Սեւան Աթաօղլու այդ առթիւ պատրաստած է երաժշտական ունկնդրութեան բաժին մը եւս, որու ընթացքին Լիւսի Գահվեճիօղլու եւ Յովսէփ Գույումճեան պիտի ներկայացնեն հայ երաժշտութենէ ընտրուած երգերու փունջ մը Սիրուն Սիրունեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Այժմէն կը շնորհաւորենք թէ երիտասարդ արուեստագիտուհին եւ թէ ամբողջ միջոցառման կազմակերպութիւնը ստանձնող Սեւան Աթաօղլուն։
Լիլիթ Մովսիսեան, իբրեւ երիտասարդ արուեստագէտ կը գիտակցի ուրոյն ստեղծագործութիւնով մը հանդիսատեսին ներկայանալու լուրջ պատասխանատւութեան։ Այս մասին ան ինքզինք աւելի համարձակ կը համարէ, նկատի ունենալով այդ գնահատանքը, որ լսած էր նոյն ինք հեղինակէն ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք։
«Ես անձնական փորձով նկատած եմ թէ մաէսթրօն ինչպիսի բծախնդրութեամբ կը մերձենայ այս տեսակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Ուրեմն եթէ յաջողած եմ իր հաւանութիւնը ապահովել ալ աւելի բարձրացած է ինքնավստահութիւնս եւ հիմա աւելի խաղաղ տրամադրութիւնով կը պատրաստուիմ հանդիսատեսին ներկայանալու» կ՚ըսէ երիտասարդ արուեստագիտուհին։