Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարար Իսրայէլ Քացի՝Թուրքիան պաղեստինեան «Համաս» շարժումին «զէնքերու եւ գումարներու ապահովման» մեղսակցութեամբ ամբաստանելէ ետք, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի «սուտերը» եւ «անարգալից վերաբերմունքը»։
Քաց յայտարարեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմինները վնասազերծած են «ահաբեկչական բջիջներ», որոնք «Թուրքիոյ մէջ «Համաս»ի կեդրոնատեղիէն» հրամաններ կը ստանային։
«Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը սուտերով եւ զրպարտութիւններով կ՛ուզէ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի ոճիրները թաքցնել», յայտնեց նախարարութիւնը՝ յիշեցնելով. «Ըստ Կազայի մէջ «Համաս»ի առողջապահութեան նախարարութեան՝ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր շուրջ 40 հազար պաղեստինցիներ Կազայի մէջ սպաննուեցան իսրայէլեան բանակին ձեռքով»։
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նաեւ Նեթանիահուի կառավարութեան անդամները ամբաստանեց «իշխանութեան վրայ մնալու համար շրջանային պատերազմի շղթայազերծել ձգտելու» յանցանքով, եւ կոչ ուղղեց` «զանոնք միջազգային արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու»։