ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
armenag@gmail.com
Պատմական ակնարկ
Հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմական շատ խոր անցեալ ունին: Այս յարաբերութեանց ակնարկող առաջին շօշափելի վկայութիւնը կը գտնենք յոյն զօրավարպատմիչ Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրուն»ի մէջ. ըստ որուն՝ Հայաստան 6–րդ դարուն անկախութիւնը կորսնցուցած՝ պարսկական իշխանութեան սատրապութիւններէն1 մէկն էր՝ 13-րդը: Պարսից Դարեհ Ա. արքան իր ← Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը վկայէ հետեւեալը, թէ «Քա. 521–520 թթ. իր բանակը ծանր պայքար է մղած հայ ապստամբներու դէմ և յաջողած ճնշել հայերը»: Այս նոյն արձանագրութ-եան մէջ կը գտնուի մինչեւ այսօր Հայաստանի հնագոյն անուանումներէն մէկը՝ Արմինի:
Եւ այնուհետեւ այս երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը պիտի շաղկապուած մնար հազար ու մէկ թելերով, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ մեր օրերը:
Յարաբերութեանց նման որակ մը չէր կրնար լեզուականօրէն անտարբեր մնալ. անոր առաջին հետեւանքը պիտի ըլլար բառային փոխառութիւնները:
Այս տեսակէտէ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Արշակունիներու հարստութիւնը:
Արշակունի առաջին թագաւորը եղաւ Տրդատ Ա., որ Քե. 52-ին հայոց գահին բազմեցաւ ջանքերովը իր աւագ եղբօր՝ Վաղարշին, որ իր կարգին նստած էր Պարսկական գահին վրայ:
Եւ այնուհետեւ Արշակունիները Հայոց գահը պահեցին մինչեւ 428 թուականը, երբ արդէն վաղուց կորսնցուցած էին իրենց լեզուն եւ բոլորովին հայացած. յիշենք արշակունի արքաներէն՝ Տիրանը, Խոսրովը, Արշակ Բ.-ը, Պապը, Վռամշապուհը եւ ուրիշներ: Աշխարհիկ իշխանութեան վրայ աւելցաւ հոգեւորը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն (301) մինչեւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը (440) Հայ եկեղեցւոյ գահը նստան բացառապէս արշակունի կաթողիկոսներ, որոնց բոլորն ալ հայացան:
Այս հայացած պարթեւներու հսկայ զանգուածը իր արիւնակցական եւ լեզուական խոր ազդեցութիւնը պիտի ձգէր հայութեան եւ հայերէն բնիկ լեզուին, մասնաւորաբար բառերուն վրայ:
Ըստ Աճառեանի՝ ասոնք թիւով 1400 են, եւ կը յատկանշուին անով, որ բանաւոր փոխառութիւններ ըլլալով՝ գրեթէ բոլորն ալ ժողովրդախօսակցական բնոյթի էապէս կենսունակ բառեր են, որոնք կը կազմեն մեր ամէնօրեայ խօսքի առանձքը:
Ճանչնանք անոնց մէկ մասը՝ գաղափար մը կազմելու համար անոնց՝ մեր լեզուին վրայ ունեցած տարողութեան մասին:
***
1. Բնութեան երեւոյթներ՝ արուսեակ, երաշտ, խաւար, մահիկ, պախրցի, (քա- մի), վտակ։
2. Կենդանիներու տեսակներ՝ ասպ, բազէ, կաչաղակ, կապիկ, կուզ, մողէս, յովազ, սարեակ, սիրամարգ, վագր, վիշապ, փիղ և այլն։
3. Բոյսերու տեսակներ՝ անանուխ, արմաւ, բրինձ, գազար, թութ, կաղամբ, կանեփ, կապար, յասմիկ, մանուշակ, նարգիս, շոմին, պղպեղ, սոխ, վարդ, վարունգ և այլն։
4.Հանքային նիւթեր, մետաղներ՝ ապակի, արճիճ, գոհար, զմրուխտ, ժանգ, խունկ, նաւթ, վէմ և այլն։
5. Մարմնի մասեր՝ անդամ, բազուկ, գէս, դաստակ, դէմք, դիմակ, երակ, երանք (զիստ), կուլակ, կուշտ, ճակատ, վարս։
6. Հիւանդութիւններ, բժշկագիտական բառեր՝ ախտ, բժիշկ, բոյժ, բորոտ, դաշտան, դարման, ժահր, կոյր, մահ։
7. Մարդկային յարաբերութիւններ, տեսակներ՝ ազգ, ամբոխ, ասպետ, ասպնջական, գրոհ, դայեակ, երիտասարդ, իշխան, հարազատ, հարեւան, նժդեհ, պայազատ, պապ, պառաւ, ռամիկ, սեպուհ, տաճիկ, տոհմ, օտար։
8. Գիտութիւն, արուեստ, կրթութիւն՝ աշակերտ, գուսան, դաստիարակ, դպիր, դափ, զանգակ, խրատ, հանճար, մատեան, նկար, նուագ, պատկեր, հրահանգ, վարդապետ, վարժել, քանդակել։
9. Կրօն, հաւատալիք՝ ապաշխարել, բախտ, բագին, գուշակ, դրախտ, դեւ, դժոխք, զոհ, կախարդ, հմայիլ, հրաշք, հրեշտակ, մարգարէ, նզովք, նուէր, պաշտել, պարիկ, ջադու(ջատուկ), վանք, տաճար, օրհնել։
10. Գիւղատնտեսութիւն՝ ասպանդակ, բադ, գաւազան, գոմէշ, երասան, խարազան, ճամբարակ, ճանկ, ճարակել, մաճ, մատակ, մարգ, նոխազ, պահեզ, պատուաստ, պարտէզ, փեթակ։
11. Արհեստներ և յարակից ոլորտներ՝ ախոռ, ամբար, ամբարտակ, ապարանք, աւազան, բանտ, գանձ, գմբեթ, գրաւ, դահլիճ, դարպաս, դերձակ, երաշխ(աւորել), զնդան, թանկ, համարել, պահապան, պատշգամ, պատուար, պարիսպ, պարտք, սրահ, վաճառել, վաշխ(առու), վարձ, վճարել, վնաս, տաշել, տուգանք, տոյժ, փերեզակ։
12. Հագուստեղէն, զարդեղէն՝ անդրավարտիք, ապարանջան, աստառ, բազպան, բամբակ, գրպան, դիպակ, զանկապան, թագ, կօշիկ, հանդերձ, մոյկ, մուճակ, մուշտակ, շապիկ, պաստառ, պատմուճան, պարեգօտ, պսակ, սանդալ, վերմակ։
13. Ուտելիք, ըմպելիք՝ ապուխտ, խորտիկ, կարագ, հրուշակ, ճաշ, ճարպ, նշխար, շաքար, պանիր, օշարակ։
14. Առօրեայկենցաղային՝ բաժակ, բարձ, բղուկ, գահ, դաստառակ, դարան, դոյլ, զամբիւղ, թակոյկ, լական, կարաւան, կուժ, հաւանգ (սանդ), ճանապարհ, ճրագ, մակոյկ, մոմ, շիշ, պայուսակ, պատրոյգ, սկաւառակ, սպաս(ք), սրուակ, վանդակ, տախտակ, տակառ, տաշտ, քսակ։
15. Ժամանակ, թիւ, չափ, կշիռ եւ դրամ՝ բիւր, դրամ, ժամ, ժամանակ, հազար, նախ, նահանջ, նաւասարդ, փող։
16. Երկիր, տեղ, վայր՝ աշխարհ, անապատ, ապահարզան, ապստամբ, ասպատակ, ասպետ, արշաւ, աւար, աւան, բարապան, դահիճ, դաշտ, դարան, դատ, դատաստան, դատաւոր, դեսպան, դրօշ, զէնք, զինուոր, զօրք, զրահ, թշնամի, իշխան, հաշտութիւն, հպատակ, հրամանատար, հրապարակ, ճամբար, մարզ, մարզել, մարզպան, մուրհակ, նախարար, նախճիր, նահանջ, նահապետ, նամակ, ոստան, ոստիկան, պահակ, պայքար, պատերազմ, պատճեն, պատուիրակ, պարեկ, պետ, սահման, սաղաւարտ, վկայ, վճիռ, օրէնք:
17.Գոյներ՝ գոյն, երանգ, կապոյտ, կարմիր, ճերմակ,սեւ,սպիտակ:
18. Վերացական հասկացություններ՝ ախորժ, ակամայ, անգամ, կամայ, ազդ, ամբարիշտ, ամբարտաւան, անապակ, անուշ, աշկարայ, աշխատել, ապաստան, ապիրատ, ապսպրել, առատ, առոյգ, արագ, արժան, արձակ, աւարտ, աւեր, բազում, բազմել, բաժանել, բաշխել, բարակ, բաւ, բնակիլ, բովանդակ, բոյր, գովել, գումարել, դաժան, դէմ, դիտել, դժգոյն, դժխեմ, դժկամակ, դժնդակ, դժնեայ, դժուար, դսրովել, դրուատ(ել), դրժել, դրուժան, երամ, երկ, զանազան, զօր(ութիւն), զուր, զգոյշ, թշնամանք, թշուառ, թոշակ, ժահ, ժահր, ժիր, խամ, խոստանալ, խոստովանիլ, խորտակել, կամք, կարի, կերպ, կոյտ, հակիրճ, հաճել, համ, համակ, համայն, հանգամանք, հանդարտ, հանդէս, հաւասար, հզօր, հնար, հրամայել, հրաման, հրաւէր, ճախր, ճար, ճարակ, ճարպիկ, ճեմել, միշտ, մուրազ, յանդիման, յարգ (արգ), յաւերժ, յաւէտ, յիշատակ, յիշել, յոյժ, յուզել, նազել, նամ, նաւակատիք, նիշ, նիրհել, նկուն, նման, նշան, նշանակ, նշմարել, նպաստ, շատ, շնորհ, շտապ, չուան, պահել, պայման, պաշտպան, պատասխան, պատգամ, պատիր, պատիւ պատշաճ, պատուէր, պատուիրան, պատսպարել, պատրաստ, պատուհաս, պարարտ, պարզ, պէս, պէտք, ջատագով, ջոկ, ջուխտ, սով, սպանել, ստուար, սրսկել, սուգ, վանել, վանկ, վատ, վատթար, վավերական, վեհ, վիճակ, վիշտ, վճիտ, վստահ, վտարել, վրէպ, տակ, տակաւին, տանջել, տարազ, տօթ, ուխտ, ուժ, ուշ, փարթամ, փառք, փտիլ, քանդել, քարշիլ, օրինակ։
***