Սփիւռք... Ներուժ


«Արդարադատութիւնը առանց ուժի՝

անզօր է, ուժն առանց

արդարութեան՝ բռնակալ»:

Փասկալ:

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Հայ սփիւռքի պատ­մութեան անդրա­դառ­նալ չէ նպա­տակս. ան յայտնի է շա­տերուն եւ գաղտնիք չէ, որ ան­ցեալ դա­րերու ըն­թացքին բա­զում հայ­կա­կան օճախ­ներ ստեղ­ծո­ւած են ամէ­նուր, կա­մայ թէ ակա­մայ, ու զար­գա­ցած տե­ղի հան­գա­մանքնե­րուն հաշ­տո­ւելու, յար­մա­րուե­լու պայ­մա­նով եւ կը շա­րու­նա­կուի մինչ օրս։ Տե­ղին է յի­շել Սպա­հանի՝ Նոր Ջու­ղա­յի ստեղ­ծումը պար­սիկ շահ Ապա­սի մօտ 30,000 հա­յերի բռնի տե­ղահա­նու­մով Ագու­լի­սի (Նա­խիջե­ւան) շրջա­նէն՝իր երկրի ար­հեստնե­րը եւ առեւ­տուրը զար­գացնե­լու նպա­տակով, որ դար­ձաւ Պարսկաս­տա­նի յար­գե­լի ու սի­րելի քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը։ Յի­շենք Լե­հաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը եւ Լվով քա­ղաքի հայ­կա­կան եկե­ղեցին որ կան­գուն է մինչ այ­սօր։ Զանց չառ­նենք Սին­կա­փու­րը, Կալ­կա­թան եւ Հնդկաս­տա­նի հա­րաւա­յին շրջան­նե­րուն հաս­տա­տուած մեծ ու փոքր օճախ­նե­րը, մին­չեւ իսկ Պանկլա­տեշը, ուր հայ եկե­ղեցին բաց է եւ կը գոր­ծէ։

Ըստ հրեայ պատ­մա­բան Յով­սեփ Ֆլա­ւիու­սի ասոյ­թին, որ Սո­ղոմո­նի տա­ճարի աւե­րու­մէա ետք, Վես­պա­սեան կայ­սեր պա­հան­ջով հաս­տա­տուե­ցաւ Հռոմ, այնտեղ յայտնա­բերեց ար­դէն կա­յացած մեծ հրէական հա­մայնք, որ վաշ­խա­ռու գոր­ծարքնե­րով կը զբա­ղէր։ Աւե­լի հե­ռու չեր­թա­լու հա­մար ըն­դունինք, որ սփիւռքը նոր երե­ւոյթ չէ, միայն թէ հա­մայնքնե­րը տար­բեր կե­ցուածք եւ կար­գա­վիճակ կ՚ու­նե­նան տե­ղի բնակ­չութեան եւ իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։ Աներկբայ է, որ ԱՄՆ եւ արեւ­մուտքի բա­զում եր­կիրնե­րու ղե­կավար դա­սակար­գի զգա­լի մաս կը կազ­մեն ծա­գու­մով հրեանե­րը, մինչ հայ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը բա­ցակայ են աս­պա­րէզէն, բայց ատե­լու­թեան բա­ւական մո­լեռանդ մաս­նակցու­թիւն ու­նին իրենց իսկ հա­րազատ երկրի ու տար­բեր հայ խմբակ­նե­րու նկատ­մամբ, որոնց չեմ յանդգնիր «կու­սակցու­թիւն» կո­չել, քան­զի ատե­լու­թիւնը գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն չէ, մինչդեռ մեր միակ եւ եզա­կի մար­տահրա­ւէրն է՝ փրկո­ւիլ ոչնչա­ցու­մէն։

Մեր երկրի նո­րագոյն պատ­մութեան 90-ական­նե­րուն՝ Կիւմրի­ւի երկրա­շար­ժի աւե­րու­մէն յե­տոյ կար­ճա­տեւ բերկրան­քի շրջան ապ­րե­ցանք, երբ հռչա­կելով ան­կա­խու­թիւն, ողջ հա­յու­թիւնը դա­րած էր միաձայն, մի բուռ երկրին տէր ու տի­րական, որու շնոր­հիւ սահ­մա­նափակ եւ նեղ մի­ջոց­նե­րով, բայց մեր կամ­քի ու­ժով եւ նո­ւիրա­տուու­թեամբ կա­րողա­ցանք Ար­ցախ ազա­տագ­րել եւ պատ­րաստ էինք սփիւռքի հնա­րաւոր աջակ­ցութեամբ մին­չեւ Պա­քու հաս­նիլ։ Ողջ հա­յու­թիւնը աներկբայ պատ­րաստ էր միաձու­լո­ւել, եթէ խան­գա­րող ու­ժե­րը չմի­ջամ­տէին, եւ հայ սփիւռքը բա­ւական ու­ժեղ ըլ­լար՝ ոչ-պա­ռակ­տուած, այլ կազ­մա­կեր­պո­ւած, ըն­դունակ եւ պատ­րաստ սա­տարե­լու։ Ցա­ւօք չկա­յին անհրա­ժեշտ կա­ռոյցներ, թէեւ անհրա­ժեշտ պա­հանջ կար։ Այդ շրջա­նին էր, որ երկրի նա­խագահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան ար­գի­լեց երկ ներս քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թեան մը գոր­ծունէու­թիւնը, եւ սկիզբ առաւ ներ­քին պա­տերազ­մը, որ ներ­կա­յիս կը շա­րու­նա­կուի քսան տա­րի դա­դարէն ետք։

Աշ­խարհով մէկ բո­ղոքի ցոյ­ցեր, մին­չեւ իսկ մա­հափորձ կազ­մա­կեր­պե­լով, որոնց ցա­ւօք լայ­նօ­րէն կը մաս­նակցին եւ կը քա­ջալե­րեն սփիւռքա­հայ տար­բեր կու­սակցա­կան խմբեր եւ մա­մու­լի մե­ծամաս­նութիւ­նը։ Անոնց ան­բա­ժան մաս­նիկն է Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ վեր­նա­խաւը՝ միակ նպա­տակով՝ վե­րաց­նել ար­դի իշ­խա­նու­թիւնը եւ հայ պե­տակա­նու­թիւնը։ Այս հաս­տա­տու­մին լա­ւագոյն ապա­ցոյցն է Բագ­րատ կղե­րը։ Սխալ չըլ­լար եզ­րա­կաց­նել, որ այս ար­կա­ծախնդրի փո­ղոց ել­նելն ու ան­կարգու­թիւններ ստեղ­ծե­լը առա­ջին հեր­թին վար­կա­բեկեց ի՛ր իսկ կար­գը՝ նող­կանքի զգա­ցում ստեղ­ծե­լով իր վե­րադա­սի հետ մէկ­տեղ։ Զանց չառ­նենք Ազ­գա­յին Ժո­ղովի նիս­տե­րուն տի­րող լիրբ ան­կարգու­թիւննե­րը։

Ի՞նչն էր պատ­ճա­ռը, որ եղեռ­նէն հա­րիւր տա­րի անց ԱՄՆ հաս­տա­տուած հսկա­յական հայ գա­ղու­թը անըն­դունակ եղաւ գէթ մէկ հա­յազ­գի ծե­րակու­տա­կան ու­նե­նալ, երբ փոքր չէ բարձրա­գոյն կրթու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րու թի­ւը։ Նոյն զու­գա­հեռը կա­րելի է ընել եւ­րո­պական եւ այլ երկրնե­րու հա­մար։

Նոյն տրա­մաբա­նու­թեամբ, մեծ բաց­թո­ղում է հա­մայն հայ հա­սարա­կու­թեան կող­մէ, որ մօտ ան­ցեալի օրե­րուն կամ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին Քըրք Քըր­քո­րեանի նման­նե­րը տար­րա­կան գա­ղափա­րը չու­նե­ցան իրենց մի­ջոց­նե­րը միաւո­րելով ստեղ­ծե­լու հա­մաշ­խարհա­յին մա­կար­դա­կի հայ դրա­մատուն, որուն ի սփիւռս ցրուած բո­լոր հա­յերը իրենց լու­մա­յով կա­րող էին մաս­նակցիլ։ Թե­րեւս այդ պա­րագա­յին ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը ստի­պուած չէր ըլ­լար աջ ու ձախ դռներ ծե­ծելով օգ­նութիւն մու­րա­լու։

Փո­խարէ­նը ամէ­նուր եկե­ղեցի եւ խաչ­քար կանգնե­ցու­ցինք՞ Եթէ այդ դրա­մով եւ մի փոքր յա­ւելու­մով բա­նակը զի­նուէր, թե­րեւս այլ ելք ու­նե­նար 44-օրեայ պա­տերազ­մը, մինչ բարձրա­գոյն հո­գեւոր դա­սը կը փոր­ձէր Ար­ցա­խը փրկել կա­թողի­կոսա­կան պա­տարա­գով՝ առանց մի դա­հեկան յատ­կացնե­լու հայ­րե­նիքի պաշտպա­նու­թեանը։

Տե­­ղին է նշել ՀՀ-Սփիւռք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու ոտ­­քին կաղ ըլ­­լա­­­լու փաս­­տը։ Չփնտռենք պատ­­ճառնե­­րու ակունքնե­­րը, բայց աներկբայ է, որ սփիւռքի կա­­պը, սէ­­րը մայր հայ­­րե­­­նիքի հետ աւե­­լի զգաց­­մունքա­­յին է քան գործնա­­կան՝ այ­­ցե­­­լել, Սե­­ւանը եւ Արա­­րատը տես­­նել, մինչ գործնա­­կան գետ­­նի վրայ չնչին են ներդրում ընե­­լու ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րու թի­­ւը, իմա՛ ան­­բա­­­ւարար։

Այդ ոլոր­­տին շատ բան ու­­նինք սոր­­վե­­­լու հրեանե­­րէն, երբ ան­­հա­­­տակա­­նէն բա­­ցի իրենց բնա­­կած երկրնե­­րու գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րը կ՚ու­­ղարկեն դէ­­պի Իս­­րա­­­յէլ։ Ինչ խօսք, որ ըն­­դունող մեր եր­­կի­­­րը եւս պար­­տա­­­ւոր է անհրա­­ժեշտ եւ բա­­ւարար պայ­­մաններ երաշ­­խա­­­ւորե­­լու։

Շատ բան կայ ընե­­լիք թէ՛ հայ­­րե­­­նաբ­­նակնե­­րու եւ թէ՛ սփիռ­­քաբնակ­­նե­­­րու կող­­մէ եր­­կի­­­րը գտնո­­ւած վի­­ճակէն հա­­նելու եւ վե­­րականգնե­­լու հա­­մար, բայց ան­­յայտ է, թէ ո՞վ, ե՞րբ, ին­­չո՞վ եւ որ­­տե­­­ղէ՞ն պէտք է սկսիլ։

Կա­­րելի է են­­թադրել, որ իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նակին նման հար­­ցե­­­րով ան­­հանգստա­­ցող մաս­­նա­­­գէտ­­ներ կան եւ գլուխ քե­­րելու ժա­­մանա­­կը չէ, այլ որոշ գործնա­­կան քայ­­լեր ձեռ­­նարկե­­լու։ Բո­­լորիս պարտքն է աներկբա­­յօրէն նե­­ցուկ կանգնիլ մեր պե­­տակա­­նու­­թեանը եւ անոր նա­­խաձեռ­­նութիւննե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ