ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.- Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին առաջին անգամ այցելած էք Թալին։ Ինչպիսի՞ն են ձեր տպաւորութիւնները։
Նախ, որ այսպէս մաքուր, կահաւորուած մարզային քաղաք ունինք՝ եզակի երեւոյթ է։ Եւ այն, որ նման քաղաքակիրթ ու ճիշդ մօտեցում կայ, շատ տպաւորիչ է։ Ինչո՞ւ առաջին ըլլալով մաքրութեան մասին կը նշեմ, որովհետեւ այդ մշակոյթը կը ձեւաւորէ եւ կը զարգացնէ։ Սա կը համարեմ խորքային ուղերձ։ Տեղի երախաներու աչքը վաղ տարիքէն կը սկսի սորվիլ այս կարգ ու կանոնը։ Եւ կը կարծեմ, որ պէտք է նաեւ բոլոր համայնքապետերու ուշադրութիւնը հրաւիրել այս երեւոյթին։ Անոնցմէ բացի, չէի պատկերացներ, որ Թալինի մէջ այսքան գողտրիկ ու պատմական եւ կարեւոր վայրեր կան, որոնք արժանի են հանրութեան լայն շրջանակներու ճանաչմանը։ Յատկապէս կարեւոր է թէ՝ զբօսաշրջութեան քարտէզին վրայ իրենց տեղը գտնեն այս վայրերը։ Տպաւորիչ էր նաեւ Դաշտադէմի այս հզօր ամրոցային համալիրը։ Չէի պատկերացներ, որ այսպէս կը ներգործէ իմ վրայ։
Մ.Յ.- Յետ այսու, եթէ ըսեն Թալին՝ առաջին բանը, որ կը մտաբերէք։
Եթէ ըսեն Թալին՝ առաջինը կը մտաբերեմ Աշնակի երախաներու հայեացքները։ Դեռ ամբողջ համայնքը չեմ տեսած, չեմ բացայայտած, բայց Աշնակ գիւղը իր մշակութային մթնոլորտով երկար կը յիշեմ։ Գիւղէ ներս կառուցուող մշակոյթի տունը եւ այգիները պէտք է ծառայեն իրենց նպատակին։
Մ.Յ.- Ի՞նչ ծրագրեր կան ապագային իրագործուելիք՝ կապուած ձեր այցի հետ։
Իմ այցի հիմնական նպատակն է, որպէսզի այս տարածաշրջանը մշակութային առումով զարգանայ։ Այս առումով պիտի առանձնացնեմ «Զարկ ֆեստ» փառատօնը՝ նուիրուած ազգային պարին եւ մշակոյթին։ Ժամանակակից մօտեցումներով կը ներկայացուի հայ ժողովուրդի պարը ինչպէս տեղացիներուն, այնպէս ալ Հայաստան այցելած հիւրերուն։ Ինչ խօսք, այս մեր երկրի զբօսաշրջութեան էքօհամակարգին կ՚ըլլայ տեսակով մեծաչափ իրադարձութիւն։ Առաջին փորձը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ տարի, օգնեց վեր հանել շատ խնդիրներ, որոնք այս տարի կը ստանան իրենց լուծումը։
Ազգային պարը կը միաւորէ բոլորին։
Յաջորդը կապուած է մեր ազգային էպոսի հետ։ Անոր մասին դեռ չխօսինք։ Երբ յստակացուի, այն ժամանակ ալ կը զրուցենք։
Մ.Յ.- Աշնան Թալինի մէջ տեղի պիտի ունենայ բացառիկ կրթամշակութային իրադարձութիւն՝ կապուած «Սասունցի Դաւիթ» էպոսի հետ։ Խօսքը միջազգային էպոսագիտական 6-րդ գիտաժողովի մասին է, որ իր շուրջ պիտի համախմբուի հայ եւ օտարազգի էպոսագէտներ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նման բարձր մակարդակի միջոցառումներու անցկացումը համայնքներուն։
Ողջունելի է նմանօրինակ միջազգային մակարդակի գիտաժողովներու կազմակերպումը, մասնաւորապէս՝ մարզերուն։ Էպոսը կարեւորելով՝ պիտի նշեմ, որ նախ ամէն ազգ չէ, որ էպոս ունի, անկէ զատ՝ խօսքը մեր դարերէն եկած հերոսներու մասին է, որոնք մարմնացումն են մի ամբողջ ժողովուրդի։ Այդ նոյն հերոսները միշտ մեզ ներշնչած են ու մեզ ուժ տուած են ցանկացած դժուարին պայմաններուն։ Ես շատ կ՚ուզեմ, որ այսօր մեր երախաներու հերոսները ըլլան ոչ թէ մերօրեայ անհասկանալի կերպարները, այլ խիզախ դաւիթները ու մհերները։ Վերջիններուս արարքները պէտք է միշտ ըլլան մեր խօսոյթները, որ ճանաչելի ըլլան մատաղ սերունդին։ Այս առումով ալ կը կարեւորեմ նմանօրինակ միջոցառումներու անցկացումը յատկապէս մարզերու մէջ, որովհետեւ նախ մարզը, համայնքը պէտք չէ կտրուած ըլլան մայրաքաղաքէն։ Պետութեան բոլոր գիւղերուն ու համայնքներուն պիտի հասանելիութիւն ապահովուի։ Եւ մեր դերը հէնց այստեղ է։ Այսինքն, եթէ Երեւանի կեդրոնին օփերա լսելու հնարաւորութիւն կայ, ան չի նշանակեր, որ Թալին կամ Դաշտադէմի բնակուող հայրենակիցները չի պիտի ըսեն օփերան եօթ սարի ետեւ է։ Պարտինք ըսել բարձր մշակոյթը բերել այս բնակավայրեր ու մատուցել մեր բնակիչներուն։
Կարեւոր կը համարեմ նաեւ ոչ միայն հայ հանրութեան, այլ նաեւ աշխարհի հայեացքը ուղղել դէպի համապատասխան համայնք։ Այդ կերպ կը զարգանայ նաեւ զբօսաշրջութիւնը։
Մ.Յ.- Գրեթէ կէս տարի առաջ մենք շատ հետաքրքիր հարցազրոյց ունեցանք «Ակօս»ի ընթերցողի համար, որ լայն տարածում գտաւ Հայաստան եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Ի՞նչ փոխուած է այդ օրէն հայոց մշակոյթի մէջ։
Նախ պիտի ըսեմ, որ իմ լաւագոյն հարցազրոյցներէն էր, որովհետեւ մտքիս խորքին ինչ որ ունէի՝ հնարաւոր եղաւ այս միջոցով արտայայտել, որու համար անչափ շնորհակալ եմ։ Այդ օրուանէն ահագին փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, մասնաւորապէս՝ բազմաթիւ ծրագրեր իրականացուած են։ Առաջին օրուընէ, ինչ եկած եմ հայրենիք՝ որոշած եմ դուրս գալ աշխատասենեակէն եւ ինքնուրոյն ճանչնալ մարդկանց, դերասաններուն, տեխնիկական մասի աշխատակիցներուն, մշակութային գործիչներուն, բոլոր-բոլորին՝ հասկնալու համար անոնց խնդիրները ու որակները։ Դեռ իմ պաշտօնավարման տարին չէ լրացած, բայց արդէն 300-րդ միջոցառման կը մասնակցիմ։ Այն, ինչ ըրած ենք, կ՚ընենք ու պիտի ընենք՝ պէտք է աւելի աքթիւ բնոյթ կրէ, աւելի որակեալ ըլլայ ու արդիւնաւէտ։ Պետութիւնը պէտք է բարձր մշակոյթի երաշխաւորը ու հովանաւորը ըլլայ՝ այս է մեր հիմնական նպատակը։