«Քարերու Պատմութիւնը» ներկայացում

Գնալը Կղզիի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, 12 Յու­­լիս 2024, Ուրբաթ իրա­­կուն, տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «Քա­­րերու Պատ­­մութիւ­­նը» խո­­րագեալ ներ­­կա­­­յացու­­մը, ԱՄՆ-ի Փա­­սատե­­նա քա­­ղաքէն ար­­ձա­­­կուրդի հա­­մար ժա­­մանած Նո­­րայր Տա­­տու­­րեանի կող­­մէ:

Հան­­դի­­­սու­­թեան գլխա­­ւորեց Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, իր մօտն ու­­նե­­­նալով Իշ­­խա­­­նաց Կղզեաց Հո­­գեւոր Հո­­վիւ՝ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեանը։ Հան­­դի­­­սու­­թեան մաս­­նակցե­­ցաւ մշա­­կու­­թա­­­սէր հա­­սարա­­կու­­թիւնը, ինչպէս նաեւ եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղային խոր­­հուրդէ ան­­դամներ։

Սե­­ւան Աթաօղ­­լու բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց ներ­­կա­­­ներուն եւ ներ­­կա­­­յացուց նախ­­կին Պոլ­­սա­­­հայ Նո­­րայր Տա­­տու­­րեանը, որ եր­­կար տա­­րիներ առաջ ԱՄՆ հաս­­տա­­­տուած ըլ­­լա­­­լով, այնտեղ ու­­նի կրթա­­կան ու մշա­­կու­­թա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւն։

Ապա Տա­­տու­­րեան տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցեց Փա­­սատե­­նայի մէջ իր ու­­նե­­­ցած նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րուն մա­­սին։ Ըսաւ որ ներ­­կա­­­յացու­­մը նախ կա­­տարո­­ւած է իր քա­­ղաքին մէջ։ Այ­­նուհե­­տեւ «Քա­­րերու Պատ­­մութիւ­­նը» ներ­­կա­­­յացու­­մով տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցեց Հա­­յաս­­տա­­­նի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին քա­­նի մը ար­­ժէքնե­­րու մա­­սին, որոնց մէջ լսե­­լի դար­­ձան Հայ­­րա­­­վան­­քի, Հա­­ղար­­ծի­­­նի Վան­­քի, Նո­­րավան­­քի, Յով­­հա­­­նավան­­քի նման կո­­թող­­նե­­­րու պատ­­մուածքնե­­րը։ Ներ­­կա­­­յացո­­ւեցան նաեւ Չա­­րեն­­ցի Կա­­մարի, Քա­­րերու հա­­մանո­­ւագի նման մշա­­կու­­թա­­­յին այլ կո­­թող­­ներ։

Ներ­­կա­­­յացու­­մէ յե­­տոյ երի­­տասարդներ հա­­կիրճ ըն­­թերցա­­նու­­թիւններ ըրին, ապա Լի­­լիան Աւի­­թօղ­­լու դաշ­­նա­­­կով նո­­ւագեց հա­­յերէն եր­­գեր ու ներ­­կա­­­ներ միացան եր­­գե­­­ցողու­­թեան։ Ներ­­կա­­­ներու փա­­փաքով Տա­­տու­­րեան խտա­­ցեալ ձե­­ւով ներ­­կա­­­յացուց նաեւ Հայ­­կա­­­կան տա­­ղաչա­­փու­­թեան մա­­սին իր բա­­նախօ­­սու­­թիւնը, որ քա­­նի մը շա­­բաթ­­ներ առաջ ներ­­կա­­­յացո­­ւած էր։

Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը շնոր­­հա­­­ւորեց Տա­­տու­­րեանի աշ­­խա­­­տու­­թիւնը եւ յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թեց իր ապա­­գայ գոր­­ծունէու­­թեանց մէջ։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ու­­րա­­­խու­­թիւն յայտնեց նաեւ, որ մշա­­կու­­թա­­­յին նման ձեռ­­նարկներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւին Գնա­­լը Կղզիին մէջ։ Ապա, ի յի­­շատակ այս այ­­ցե­­­լու­­թեան Տա­­տու­­րեանին յանձնեց յու­­շա­­­նուէր մը։ Ներ­­կա­­­ներ եկե­­ղեց­­ւոյ պար­­տէ­­­զը ու­­նե­­­ցած մտե­­րիմ զրոյ­­ցի պահ։

Տա­­տու­­րեանի սոյն ներ­­կա­­­յացու­­մը կրկնու­­թիւնն էր եր­­կու շա­­բաթ առաջ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբի նա­­խաձեռ­­նութեամբ կա­­տարո­­ւած ներ­­կա­­­յաց­ման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ