Քաղաքացիներ բժշկական փորձի առարկայ դարձան

ՏԵՄ կու­­սակցու­­թեան Տի­­յար­­պե­­­քիրի պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը բա­­ւական ցնցիչ պնդու­­մով մը Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գին բե­­րած են հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին Տի­­յար­­պե­­­քիրի մէջ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու բժշկա­­գիտա­­կան փոր­­ձի մը առար­­կայ դառ­­նա­­­լուն խնդի­­րը։ Խորհրդա­­րանի ներ­­կա­­­յացո­­ւած պա­­տու­­մը հիմ­­նո­­­ւած է Տիճ­­լէ Հա­­մալ­­սա­­­րանի Բժշկա­­կան ֆա­­կուլտե­­տի դա­­սախօս փրոֆ. Ճե­­նապ Էքին­­ճիի պնդումնե­­րուն վրայ։

Էքին­­ճի կ՚ըսէ թէ Կա­­զի Եաշար­­կի­­­լի անո­­ւան հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ հի­­ւանդնե­­րու վրայ փոր­­ձո­­­ւած է թրքա­­կան ար­­տադրու­­թիւնով շո­­ղար­­ձակման սարք մը, որու հե­­տեւան­­քով մա­­հացած են կարգ մը հի­­ւանդներ։ Փրոֆ. Էքին­­ճի այս մա­­սին գրա­­ռումներ ու­­նե­­­ցած է իր սոց­­ցանցի X հա­­շուին վրայ 8 Յու­­լիս 2024 թո­­ւակա­­նին։

Ան կը պնդէ թէ 27 Յու­­նիս 2020 թո­ւակա­­նին յա­­տուկ ինքնա­­թիռ մը վայ­­րէջք կա­­տարած է Տի­­յար­­պէ­­­քիրի օդա­­կայա­­նը։ Ինքնա­­թիռի ճամ­­բորդներն էին կուրծքի հի­­ւան­­դութեանց մաս­­նա­­­գէտ դա­­սախօ­­սի մը գլխա­­ւորած հինգ բժիշկներ եւ եր­­կու պաշ­­տօ­­­նեայ։ Խումբը դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Տի­­յար­­պե­­­քիրի կու­­սա­­­կալու­­թեան անձնա­­կազ­­մին կող­­մէ եւ ուղղո­­ւեցան դէ­­պի Կա­­զի Եաշար­­կիլ Հի­­ւան­­դա­­­նոց։

Անոնք այստեղ դի­­մաւո­­րուած են քա­­ղաքի առող­­ջա­­­պահու­­թեան տնօ­­րէնի եւ բժշկա­­պետի կող­­մէ։

Էքին­­ճիի պնդումնե­­րով այս խումբը եկած էր իբ­­րեւ թէ Քո­­վիտ 19-ի ժահ­­րը առանց դե­­ղորայ­­քի դար­­մա­­­նել խոս­­տա­­­ցող սար­­քը փոր­­ձե­­­լու հա­­մար։

Թուրքիոյ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան Նա­­խարա­­րու­­թիւնը մեր­­ժած էր «Թրքա­­կան գիւտ» ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յացող այս սար­­քը գնել, քա­­նի որ ան չէ ան­­ցած հա­­մապա­­տաս­­խան փոր­­ձի ըն­­թացք։

Էքին­­ճի կը յա­­ւելէ թէ եկող խումբին մաս կը կազ­­մէր Մ.Ս. անուն անձ մը, որ մեր­­ձա­­­ւորն էր նախ­­կին ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րին։ Այս ան­­ձը կը յա­­մառէր սար­­քին փոր­­ձի իմաս­­տով շա­­հագոր­­ծումը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։

Վեր­­ջա­­­պէս Կա­­զի Եաշար­­կիլ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի բժշկա­­պետը յօ­­ժարե­­ցաւ այդ առա­­ջար­­կին եւ սար­­քը առանց հի­­ւանդնե­­րու եւ անոնց մեր­­ձա­­­ւոր­­նե­­­րուն բա­­ցատ­­րութիւն տա­­լու երեք օր շա­­հագոր­­ծո­­­ւեցաւ հի­­ւանդնե­­րու վրայ, որու հե­­տեւան­­քով մա­­հացան բազ­­մա­­­թիւ հի­­ւանդներ։

ՏԵՄ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը այս մա­­սին հար­­ցումնա­­գիր մը ուղղե­­ցին Առող­­ջա­­­պահա­­կան Նա­­խարա­­րին։

Մինչ այդ Տի­­յար­­պե­­­քիրի Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառն ալ իս­­կոյն դա­­տական եւ վար­­չա­­­կան հե­­տաքննու­­թիւն պա­­հան­­ջեց այս պնդումնե­­րուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ