Զօրակցութեան 515 ստորագրութիւն

Ռա­տիոյի եւ Հե­ռուստա­կայան­նե­րու Վե­րին Խոր­հուրդի «Աչըք Ռա­տիօ»ի դէմ գոր­ծադրած պատ­ժա­միջոց­նե­րու դէմ բո­ղոքը կ՚աճի։ Ինչպէս նշած էինք նա­խապէս ալ, քննիչ յատ­կութիւ­նով օժ­տո­ւած այդ խոր­հուրդին շնոր­հո­ւած է նաեւ պատ­ժա­միջոց­ներ տնօ­րինե­լու իրա­ւունքը։

Սա­կայն բո­լորին ծա­նօթ է թէ սոյն խոր­հուրդը իր սլաք­նե­րը կ՚ուղղէ յատ­կա­պէս այ­լա­խոհ, ան­կախ, ընդդի­մադիր մե­տիայի դէմ։

Այդ թի­րախա­ւոր­ման վեր­ջին զո­հը դար­ձած է «Աչըք Ռա­տիօ» կա­յանը, որու հրա­տարա­կու­թեան ար­տօ­նագի­րը չե­ղար­կո­ւած է խոր­հուրդի որո­շու­մով։

Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք «Աչըք Ռա­տիօն բո­լոր գա­ղափար­նե­րու ար­տա­յայտման առիթ ըն­ձե­ռող բարձրո­րակ ԶԼՄ մըն է։ Ռա­տիոյի եւ Հե­ռուստա­կայան­նե­րու Վե­րին Խոր­հուրդի ռա­տիօկա­յանի հա­ղոր­դումը կա­սեց­նե­լու որո­շու­մը անըն­դունե­լի է եւ կը հա­կասէ սահ­մա­նադ­րութեան ապա­հոված խօս­քի ազա­տու­թեան սկզբունքին։ Կը պա­հան­ջենք որո­շու­մին չե­ղար­կումը յա­նուն խօս­քի ազա­տու­թեան» ըսուած յայ­տա­րարու­թեան տակ ստո­րագ­րած են 515 անուններ։

Մինչ այդ «Աչըք Ռատիօ»ի վարչութիւնը դատարան դիմած էր վճիռին գործադրութիւնը կասեցնելու համար։ Դատարանը ընդունած է ռատիօկայանի դիմումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ