Մահ՝ Հալտուն Քարյոլի

ՔԱՏԻՐ ԱՔԸՆ

Հալ­տուն Քար­յոլ անու­նով մտաւ պայ­քա­րին եւ հի­մա զինք կը յու­ղարկա­ւորենք Յա­րու­թիւն Քար­յո­լաճեան մկրտու­թեան անու­նով։

Չորս տա­րի առաջ իր հետ կա­տարած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին պատ­մած էր թէ 1980-էն առաջ մաս­նակցած էր «Քուրթու­լուշ» խմբա­կին։ Աւե­լի վերջ յե­ղափո­խու­թեան յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն կա­պը խզո­ւած էր այդ շար­ժումին հետ եւ մի­ջոց մը ապ­րած էր իր մօր բնա­կած Աթենք եւ ապա Եու­կոսլա­ւիա։

1983-ին վե­րադար­ձած էր Պո­լիս եւ կրկին կապ հաս­տա­տած իր նախ­կին ըն­կերնե­րուն հետ։

Իր պա­տումնե­րով կ՚իմա­նանք թէ Ազ­մի Փա­թի եւ գոր­ծընկեր­նե­րուն հետ միասին մաս­նակցած է դրա­մատու­նե­րու կո­ղոպտման աշ­խա­տանքնե­րուն, որ իրենց անո­ւանու­մով կը հա­մարո­ւէր «հա­սարա­կայ­նա­ցում»։ Սա­կայն Հալ­տունը միշտ կը պաշտպա­նէր մե­ծածա­ւալ հա­սարա­կայ­նա­ցում մը։ Այդ մէ­կը կա­յացաւ «Պանք ոֆ Քրե­տիթ»ի Իս­թանպու­լի միակ ներ­կա­յացուցչու­թեան դէմ, ուրկէ յա­ջողե­ցան հա­սարա­կայ­նացնել բա­ւակա­նին հսկա­յական գու­մար մը։

Այդ գոր­ծո­ղու­թե­նէ ետք ձեր­բա­կալուեցաւ եւ բան­տարկո­ւեցաւ որոշ ժա­մանակ։

Մեր ծա­նօթու­թիւնը բա­ւակա­նին եր­կար ան­ցեալ ու­նի։ Այս պա­հուն կը յի­շեմ թէ Փա­րամա­զի մե­նագ­րութեան վրայ աշ­խա­տած շրջա­նին տաս­նեակ­նե­րով էջ հա­յերէն գրու­թիւններ թարգմա­նելով օգ­նած էր այդ գրքի պատ­րաստու­թեան։ Զինք աւե­լի մօ­տէն ճանչցող ըն­կերներ կը վկա­յեն անոր ան­հա­ղորդ, յա­մառ բնա­ւորու­թեան։ Բան մը՝ որ ես եր­բեք չեմ նկա­տած։ Ան լաւ մտա­ւորա­կան մըն էր։

Իմ մի­ջոցաւ ծա­նօթա­ցած էր Մա­հիր Սա­յընի հետ եւ այդ հան­դի­պումնե­րը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռէին եր­կուքին հա­մար ալ։ Ճիշդ է մտա­ւորա­կան մըն էր՞ բայց բա­ւական դժո­ւարու­թիւններ ու­նէր ար­դի ճար­տա­րագի­տու­թեան հետ։ Հա­մակարգչի ստեղ­նա­շարը իրեն հա­մար գրա­մեքե­նայէ մը աւե­լին չէր։ Կը պատ­րաստէր գիրք մը, որ անա­ւարտ մնաց։ Այդ աշ­խա­տան­քի պա­հուն յա­ճախ կ՚օգ­տուէր հան­րա­գիտա­րան­նե­րէ, կ՚առ­նէր նո­թեր, որոնք ապա կը կորսնցնէր ու չէր կրնար գտնել։ Իրեն առա­ջար­կե­ցի հա­մակար­գի­չէն մա­նաւանդ ալ «Կու­կըլ»ի գի­տելիք­նե­րէն օգ­տո­ւիլ։ Զիս մե­ղադ­րեց ըսե­լով թէ չեմ ծա­նօթա­ցու­ցած «Կու­կըլ»ը։ Նախ կար­ծե­ցի թէ կը կա­տակէ, բայց ապա տե­սայ որ լուրջ է, «Կու­կըլ»ը մարդ կար­ծած էր։ Հիւրրի­յէթի մա­հէն ետք կեան­քի լոյ­սը շի­ճեցաւ։ Քայլ առ քայլ հա­սաւ աւար­տին ու վեր­ջա­պէս զինք կորսնցու­ցինք։ Թող յա­ւէտ մնայ Յա­րու­թիւն Քար­յո­լաճեանի յի­շատա­կը։

Զինք կը յու­ղարկա­ւորենք 11 Յու­լիս հինգշաբ­թի, ժա­մը 13.00-ին Պա­լըք­լըի Հա­յոց գե­րեզ­մա­նատու­նէն, ու կ՚ամ­փո­փենք ըն­տա­նեկան շի­րիմին, ուր կը հանգչին հայ­րը եւ հօ­րաքոյրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ