ֆրանսայի ազգային տօնը նշուեցաւ Իսթանպուլի մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, 9 Յու­լիս 2024, Երեք­շաբթի երե­կոյ, ըն­կե­րակ­ցութեամբ՝ Գա­ւազա­նակիր Հոգշ. Տ. Գաս­պար Աբղյ. Կա­րապե­տեանի, ներ­կայ գտնո­ւեցաւ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին Տօ­նին առ­թիւ Ֆրան­սա­յի Պա­լատան պար­տէ­զին մէջ կա­յացած ըն­դունե­լու­թեան։

Ֆրան­սա­յի Թուրքիոյ մօտ Աւագ Դես­պան Իզա­պէլ Տիւ­մո­նի եւ Իս­թանպու­լի Աւագ Հիւ­պա­տոս Օլի­վիյէ Կօ­վէնի ու կո­ղակի­ցին սար­քած ըն­դունե­լու­թեան ներ­կայ էին դի­ւանա­գիտա­կան դէմ­քեր ու հո­գեւոր առաջ­նորդներ։

Պատ­րիարք Հայ­րը յա­նուն հա­մայնքիս, շնոր­հա­ւորեց Ֆրան­սա­յի Թուրքիոյ Աւագ Դես­պան Տիւ­մո­նը եւ Իս­թանպու­լի Աւագ Հիւ­պա­տոս Կօ­վէնը։

Մե­ծայարգ Աւագ Դես­պանն ու Աւագ Հիւ­պա­տոսը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին մեր Հո­գեւոր Պե­տին, բե­րած ներ­կա­յու­թեան եւ բա­րեմաղ­թութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ