Կուսակալը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը

Երկուշաբ­թի Յու­լի­սի 8-ին, Իս­թանպու­լի Վա­լի Տա­ւուտ Կիւլ այ­ցե­լեց քա­ղաքիս Հայ Կա­թողի­կէ Առաջ­նորդա­րանը՝ յետ­մի­ջօրէի առա­ջին պա­հերուն։

Իր շքա­խումբին մաս կը կազ­մէր նաեւ Պէ­յօղ­լո­ւի Քայ­մա­քամը՝ Ճան Աք­սոյ։

Պա­տուա­կան հիւ­րե­րը ըն­դունո­ւեցան Իս­թանպու­լի Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքի Վի­ճակա­ւոր՝ Ար­հի. Տ. Լե­ւոն Ար­քեպս. Զէ­քիեանի կող­մէ Առաջ­նորդա­րանի աւագ դահ­լի­ճին մէջ։

Ներ­կայ էին Գեր­յարգե­լի Հ. Վար­դան Ծ. վրդ. Գա­զան­ճեան, եկե­ղեցա­կան դա­սը ամ­բողջ, Ս. Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ հո­գաբար­ձութեան ան­դամներն ու ատե­նապե­տը՝ Պր. Ենալ Սու­ճի, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պր. Պեռ­նար Սա­րըպայ։

Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, որու ըն­թացքին կա­տարո­ւեցաւ նաեւ յու­շա­նուէր­նե­րու փո­խանա­կում։

Ան­նա­խըն­թաց այ­ցե­լու­թիւն, որու աւար­տին պա­տուար­ժան հիւ­րը հրա­ժեշտ առաւ իր շքա­խումբով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ