Լռութեան գինը

«Ճիշդ խօսելու համար բաւական

խելք չունենալը չարիք է,

որ առաւել մեծ է՝ լռելու համար

բաւարար դատողութիւն չունենալը»։

Փիեր Շարոն

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Խօսիլ կը նշա­նակէ բնա­կանօ­րէն ար­տա­սանել բա­ռեր, որոնց հա­մախմբու­մը կ՚ար­տա­յայ­տէ որե­ւէ միտք, ուր կայ բո­վան­դա­կու­թիւն, նպա­տակ, ծրա­գիր կամ գոր­ծի անցնե­լու կար­գադրու­թիւն, սէր, խան­դա­ղանք. ողբ, ատե­լու­թիւն եւ բա­զում նման իմաստներ։ Բա­րեկիրթ երկրնե­րու մէջ, ուր հա­սարա­կու­թեան հա­ւասա­րակշռո­ւած բա­րոյա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ ստեղ­ծուած են, բնա­կան է, որ խօս­քը ու­նե­նայ իր լիիրաւ ար­ժէ­քը, որուն կը զու­գակցէ նաեւ ճիշդ տե­ղին եւ ժա­մանա­կին լռե­լու յատ­կութիւ­նը։ Բա­ցառո­ւած չէ, որ բե­մահար­թա­կէն ու ամ­պիոն­նե­րէն շա­ղակ­րա­տու­թիւնը կ՚ըլ­լայ տի­րակալ, մա­նաւանդ երբ կը խօ­սին քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը։ Այն հա­մատա­րած արատ է ամե­նու­րէք, եւ մեր աւե­տեաց եր­կի­րը բա­ցառու­թիւն չըլ­լա­լով՝ ու­նի աւե­լի ցած վար­կա­նիշ, որու հիմ­նա­կան պատ­ճառնե­րէն է զար­գա­ցած քա­ղաքա­կան մտքի, բա­րեկրթու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնը եւ շա­համո­լու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը։

Կա­րիք կա՞յ ար­դեօք յի­շեց­նե­լու խորհրդա­րանի նիս­տե­րու դահ­լի­ճի մէջ հնչող ելոյթնե­րու որա­կի եւ տե­սակի մա­սին՝ մաս­նա­ւորա­բար ընդդի­մու­թեան, բայց նաեւ յա­ճախ իշ­խա­նու­թեան մաս կազ­մող ան­ձանց կող­մէ, որ անըն­դունե­լի եւ պա­խարա­կելի են։ Բա­զում են պատ­գա­մաւոր­ներ, որ ոչ թէ մո­ռացած են, այլ չեն գի­տէր լռե­լու իրենց ու­նե­ցած իրա­ւունքը։ Առա­ւել եւս ող­բա­լի է, երբ մեր հա­սարա­կու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը կրա­ւորա­կան դիր­քո­րոշում ու­նի։ Անոր միացած է կա­րող մտա­ւորա­կանու­թիւնը, իսկ հան­րութիւ­նը ոչ առողջ, թմրած կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւի։ Զանց չառ­նենք այն կա­րեւոր հան­գա­ման­քը, որ ներ­քին եւ ար­տա­քին թշնա­մինե­րուն միացած են Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ բարձրաս­տի­ճան ծա­ռայող­նե­րը, ար­դի գա­հակա­լի հետ եւ առաջ­նորդու­թեամբ։ Այս երե­ւոյ­թը հա­ճելի բոյր չու­նե­նալու կող­քին, հա­մահունչ չէ որե­ւէ օրի­նակա­նու­թեան, ըլ­լա­լով ստոր եւ նենգ դա­ւադ­րութիւն պե­տակա­նու­թեան եւ ժո­ղովուրդի նկատ­մամբ։

Քա­ղաքա­կան առու­մով թու­նա­ւոր մթնո­լորտ կը տի­րէ երկրի մէջ, որու պատ­ճառնե­րը բա­զում են եւ այ­լա­զան։ Այն տպա­ւորու­թիւնը ստեղ­ծո­ւած է, որ ակա­մայէն կը յան­գենք այն եզ­րա­կացու­թեան, թէ հայ մար­դը կորսնցու­ցած է իրա­տեսու­թեան եւ իրա­խօսու­թեան բնա­կան յատ­կութիւ­նը։ Այ­լեւս ոչ ոք ոչ ոքի հասկնա­լու ըն­դունակ չէ, ո՞ւր մնաց հա­մագոր­ծակցե­լու։ Նախ­կի­նին տի­րող բո­լոր յան­ցանքնե­րը ու սխալ­նե­րը սրբագ­րո­ւած են եւ մո­ռացու­թեան մատ­նո­ւելով մնա­ցած է միայն մէկ նշա­նաբան՝ վար­չա­պետի հրա­ժարա­կան պա­հան­ջե­լը։ Ար­դէն հին­գե­րորդ տա­րին է, որ տար­բեր փրկա­րար­ներ հան­դէս եկան այդ դրօ­շը ծա­ծանե­լով, թէ Ար­ցա­խը պի­տի փրկեն, որ ՀՀ ապ­րի։ Մին­չեւ որ հեր­թը հա­սաւ ան­յա­ջող մի կղե­րակա­նի, որ միւսնե­րէն աւե­լի տխմար չէր, բայց ոչինչ չու­նէր աւե­լի, իսկ տա­րածած քա­րոզը սո­փես­տութիւն էր, մին­չեւ իսկ իր խա­չակ­րաց ար­շա­ւը անո­ւանե­լով սրբա­զան։ Ան չէր հաս­կա­ցած, որ գոր­ծե­լով նախ­կին նա­խագահ­նե­րու հո­վանիի ներ­քոյ որ­պէս ար­կա­ծախնդիր աճ­պա­րար՝ նող­կանք կ՚առա­ջաց­նէ ժո­ղովուրդի մօտ, չան­տե­սելով նախ­կիննե­րու վե­րադար­ձի վա­խը։ Փրկիչ կղե­րը մի քա­նի մո­լորո­ւած­նե­րու խումբով կը յանդգնի յար­ձա­կում փոր­ձել ԱԺ-ի վրայ։ Գու­ցէ տե­ղին է եկե­ղեցիի վեր­նա­խաւի հե­ռացու­մը նա­խատե­սել ԱԺ-ի քո­ւէար­կումով։

Վե­րոն­շեալի հետ աւե­լորդ չէ նշել, որ ամէն ինչ տե­ղին եւ կա­տարեալ չէ նաեւ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակին։ Փոր­ձա­ռու­թեան ան­բա­ւարար ըլ­լա­լու հե­տեւան­քով, որոշ սայ­թա­քումներ կ՚ըլ­լան դի­ւանա­գիտա­կան եւ այլ ոլորտնե­րու մէջ։ Յա­ճախ կա­ռավա­րու­թեան ան­դամնե­րը եւ ին­քը վար­չա­պետը տե­ղին թէ ան­տե­ղի կ՚ընեն յայ­տա­րարու­թիւններ, որ թե­րեւս նա­խընտրե­լի կ՚ըլ­լար լռել, բան մը, որ ըն­դունո­ւած է դի­ւանա­գիտա­կան մի­ջավայ­րի մէջ։ Իր վար­կա­նիշը պահ­պա­նելու հա­մար, որ­քան ճիշդ կ՚ըլ­լար, որ վար­չա­պետը մուրճը ձեռ­քին ամ­պիոնէն չյայ­տա­րարէր, թէ բո­լոր օրի­նազանցնե­րուն պէտք է պատ­ժել եւ թա­լանած գու­մարնե­րը վե­րադարձնել պե­տու­թեան գան­ձա­րան։ Հա­սարա­կու­թիւնը հա­ւատաց եւ ծա­փահա­րեց, բայց ար­դիւնք չտե­սաւ, իսկ խօս­քը դար­ձաւ մա­տի փա­թաթան այ­լա­խոհ­նե­րու հա­մար։

Բո­լորը գի­տեն, որ Երե­ւանի եւ Մոս­կո­ւայի ջրե­րը միեւ­նոյն հու­նով չեն հո­սիր։ Կան եր­կուստեք խնդիր­ներ եւ դժգոհ կե­ցուածք, տե­ղի՞ն է ար­դեօք ամէն առի­թով ծա­ծանել այդ հան­գա­ման­քը, առիթ տա­լով որոշ ռուս գոր­ծիչնե­րու տհաճ ար­տա­յայ­տութիւններ տա­րածե­լուն մեր հաս­ցէին, երբ Փու­թի­նը բա­ցայայտ կը յայ­տա­րարէ, թէ ՀՀ-ը բա­րեկամ եր­կիր է՝ հա­շուի չառ­նե­լով իր կե­ցուած­քը 44-օրեայ եւ hետա­գայ ար­տա­գաղ­թի օրե­րուն։ Աներկբայ է, որ խնդի­րը պէտք է բա­ցայայ­տո­ւի եւ լու­ծումի յան­գի, բայց դի­ւանա­գիտա­կան եւ բա­րեկիրթ ու­ղի­ներով։

Մէկ այլ օդէն կա­խուած խնդիր է ՀԱՊԿ-էն հե­ռանա­լը, որ անընդհատ կը յի­շատա­կուի ամէն առի­թով եւ ամէն մէ­կուն կող­մէ, առանց նկա­տի առ­նե­լու, որ կա­րեւոր պե­տական մա­կար­դա­կի խնդիր է եւ աւե­լի լուրջ մօ­տեցու­մի ար­ժա­նի, մին­չեւ իսկ գաղտնի մնա­լու։

Տի­րող խառ­նի­ճաղանջ պայ­մաննե­րու կող­քին մի նոր մտա­հոգո­ւելու մթնո­լորտ ստեղ­ծո­ւած է տե­ղահա­նուած մեր քոյր ու եղ­բայր ար­ցախցի­ներու կող­մէն, որ հան­րա­հաւա­քի ըն­թացքին կը պա­հան­ջեն, որ ՀՀ կա­ռավա­րու­թիւնը եւ եթէ հնա­րաւոր է մի­ջազ­գա­յին հան­րութիւ­նը ապա­հովեն իրենց հա­ւաքա­կան վե­րադար­ձը եւ զի­ջումներ չկա­տարել Ալիեւին։

Այս պա­հան­ջը որ­քան օրի­նական է եւ տե­ղին, դժո­ւար է հա­մաձայ­նո­ւիլ անոր իրա­տեսու­թեան հետ։ Այ­սուհան­դերձ կա­րեւոր է նշել, որ Բագ­րա­տի կող­քին ցոյ­ցե­րուն տխմար հպար­տութեամբ եւ գո­հու­նակ ցու­ցա­կանու­թեամբ կը քայ­լէին Ար­ցա­խի թե­մի առաջ­նորդը եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ իրենց հա­մակիր­նե­րով։ Երիցս ող­բա­լի է, որ ըն­կե­րային ցան­ցե­րուն մէջ «ղա­րաբաղ­ցի-հա­յաս­տանցի» բար­բա­ջան­քը դար­ձած է հա­մատա­րած, որ թե­րեւս հե­տեւանք է Ար­ցա­խի մնա­յուն ներ­կա­յացուցչու­թեան տա­րած­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջադէ­պին, երբ ոս­տի­կանու­թիւնը ուժ գոր­ծադրե­լով գրա­ւած էր Շահ­րա­մանեանի մե­քենան անոր վա­րոր­դի կաս­կա­ծելի գոր­ծունէու­թեան հե­տեւան­քով։

Դժո­ւար է հաշ­տո­ւել նման քաոսա­յին վի­ճակի հետ, երբ թշնա­մին ոչ միայն դուրսէն է, այլ նաեւ ներ­սէն։ Կը մնայ ամե­նազօ­րին աղեր­սել՝ հա­մայն մեր իմա­ցակա­նու­թիւնը զար­գացնել ի հե­ճուկս մեր թշնա­մինե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ