ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
Սէր ու վախը ունին հասարակաց եզր մը։ Երկուքին դէմ ալ թէ խաբուելու եւ թէ ուղղորդուելու պատրաստ ենք։ Մեր հաւատքին եւ յատկապէս ալ ճակատագրին ընթացքը ուրիշի մը ձեռքերուն յանձնած կ՚ըլլանք։ Սպանացի գրող Անտրէս Պարպա «տարօրինակ» կամ «այլ» ըլլալով դասաւորուած խմբակի մը միջոցաւ հասարակութեան հրաշալի համայնապատկեր մը կը ներկայացնէ «Լոյսի Երկիրը» անուն գործով։
Քաղաք մը երեւակայեցէք, ուր ամէն ոք երջանիկ ըլլայ։ Ոչ ոք դժգոհ է։ Հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրող այս հասարակութեան իւրաքանչիւր անհատ իր անդորրը կը փայփայէ։ Երբ գլխաւոր տեսլականը անհատի սեփական անդորրն է այդ նոյն անդորրի խանգարման հաւանականութիւնն ալ կը դառնայ մեծագոյն մղձաւանջը։
Հանգստաւէտ հասարակութիւններու մէջ ինքնապաշտպանութիւնը հազիւ ամառուայ եղանակին երախաները մժեղին խայթոցէն պահպանելու համար օգտուած շղարշի մը չափ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։
Յանկարծ ընկերային ծառայութիւններու պաշտօնեայ մը կը նշանակուի այդ քաղաքին եւ իր դիտարկումներով նոր աշխարհ մը կը պարզէ աչքերու առջեւ։ Այդ յայտնաբերումէ ետք Սան Քրիստոպալի մէջ ամէն բան տարբեր կ՚ընդհանայ։
Առեւտուրի կեդրոնի մը կողոպուտով ամէն բան փոխուած է այդ խաղաղ քաղաքի մէջ։ Կողոպուտի հեղինակները «32-նոցներ» ըլլալով կոչուած եւ մինչ այդ անտեսուած փողոցային պատանիներ են։ Քաղաքի կարգը իսկոյն տակնուվրայ կ՚ըլլայ։ Սնունդներ կը գողցուին, քաղաքի փողոցները կը կեղտոտին եւ ճիշդ այդ պահուն ալ կը նկատուի անոնց գոյութիւնը։ Տարիներէ ի վեր փողոցները բնակող, դոյզն իսկ կարեւորութեան չարժանացող այդ պատանիները, երբ սկսած են ցնցել բարգաւաճութեան եւ անդորրի շէնքերը, այդ պահուն նկատուած են իբրեւ վտանգ։ Ինչպէս բոլորս գիտենք, մարդու գլխաւոր մղումն է վտանգը զերծել կամ չէզոքացնել։ Արդէն ալ այդպէս չէ՞։ Անդորրը խանգարողներ, տիրող համակարգին սպառնացողները չեն մեկուսացուի՞ր։ Ուրեմն կ՚արժէ հարցնել «Ես եմ, կամ եւ ձեզ հետ եմ» ըսող մարդկանց այդ աղաղակը ինչո՞ւ համար նախապէս չի նկատուիր։
Եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ…
Անդորրը խանգարող 32-նոցները զսպելու եւ դաստիարակելու համար իսկոյն շարժման կ՚անցնի իշխողներու գթարար ձեռքը։ Փողոցը գիշերած ժամանակ կամ սոված պահուն խնդիր չհամարուող այդ պատանիները իսկոյն սպառնալիք մը դարձած են։ Գիրքը կը թելադրէ այդ պատանիները տեսնել նախքան անդորրի խանգարումը։