ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Պոլսահայ լուսանկարիչներու մէկտեղումով գոյացած «Պոլիս Լուսատու» համագործակցութիւնը Թոփհանէ՝ Տէփոյի մէջ ձեռնարկած էր հաւաքական ցուցահանդէսի մը։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ ցուցահանդէսը պիտի աւարտի 13 Յուլիսին։ Ցուցասրահի վարիչները նկատի ունենալով ցուցադրութեան արժանացած մեծ հետաքրքրութիւնը, որոշած են ցուցադրութիւնը շարունակել եւս երկու շաբաթներ եւ վերջակէտ նշանակած են 27 Յուլիս թուականը։
Այս առթիւ մենք ալ յարմար տեսանք Այլին Վարդանեանի այս ցուցահանդէսէն մեկնելով իր ընտանիքի «Վարպետ ձեռքեր»ուն ակնարկած յօդուածին տեղ տալ։
Մանկութեան տարիներուս չէի գիտեր թէ հայրս ինչ գործով կը զբաղի։ Գիշերները երբ տուն կու գար, շատ կ՚ուրախանայի զինք դիմաւորել, գրկել եւ անոր վրայ դրոշմուած գործի բուրմունքը հոտուըտալով։
Հայրս դռնէն մտնելով նախ կօշիկները կը հանէր, ապա վերարկուն եւ վերջապէս բոլորովին առտնի զգեստներով կ՚ուղուէր դէպի լուացարան։ Մեքենայի իւղերով սեւացած ձեռքի մաշկը մինչեւ որ վերագտնէր իր բնական գոյնը, իմ պարտականութիւնն էր քիչ-քիչ լուացքի սպիրտ թափել ծորակին տակ իրար շփող ձեռքերուն։ Սովորական օճառը անբաւարար կը մնար մեքենայի իւղը մաքրելու համար։ Տարիներ շարունակուեցաւ մեր այս արարողակարգը։
Գիտէի թէ Տոլափտերէ կ՚աշխատէր։ Գիտէի թէ մեր տան ապրուստը անոր ձեռքերուն աշխատանքն էր։ Բայց չէի կրնար պատկերացնել թէ ճիշդ ի՞նչ էր իր աշխատանքը։
Յաճախ կ՚օգտագործէր «հրապարակ իջնել» եզրը։ Ուրբաթ օրերը գանձումի օրեր էին։ Շաբթուան մը ընթացքին ձեռքի կարողութիւնով արտադրածներու փոխարժէքը ստանալու օրը։ Հայրս, ի տարբերութիւն սովորական օրերու ուրբաթ օրերուն աւելի խոժոռադէմ կը վերադառնար տուն։ Իր արդար վաստակի փոխարժէքը ստանալու համար դռնէ դուռ շրջիլը հօրս համար հաճելի բան մը չէր։ Ես այս հետեւողութիւնները կ՚ընէի հօրս դէմքի արտայայտութիւնները մեկնաբանելով։ Տարիներու հոլովոյթով պիտի կարենայի ընկալել անոր գործին էութիւնը, 11 տարեկանին Տոլափտերէ սկսող աշխատութեան դէպի Քարթալ փոխադրուիլը մանր մունր պատումներով իմաստաւորեցի։
Նոյնիսկ իրմէ պիտի լսէի թէ մանուկ հասակին հաստոցը ինչպէս պոկած էր մատներէն մէկը եւ ան ինչպէս փրթած մատը ձեռին շտապած էր դէպի հիւանդանոց։ Այդ արկածէն մնացած հետքը տակաւին թարմ է իմ յիշողութեան մէջ։ Կ՚ափսոսամ որ Տոլափտերէի այդ ապրումներու մասին աւելի շատ չեմ լսած իրմէ։
Մեծ հայրս Թադէոս ալ ձեռքերով աշխատած վարպետ կօշկակար մը եղած է։ Իմ մանկութեան ժամանակ ան վաղուց թողած էր իր աշխատանքը։ Պատկերացում մը չունիմ անոր աշխատավայրին մասին։ Կը յիշեմ սակայն իր ձեռքերը, յատկապէս ալ բութամատը։ Ահռելի ծխող մըն էր եւ եղունգները դեղնած էին այդ ծուխի մուխէն։ Մեծ հայրս ձեռքերով կը խօսէր։
Մօրս հայրն ալ ձեռքերով աշխատող մէկն էր։ Քանի մը անգամ այցելած եմ Տոլափտերէի իր աշխատանոցը։ Մասնագիտութիւնը վառարան սարքել էր։ Նկուղային այդ աշխատանոցի մէջ արտադրուած վառարանները հետզհետէ ժամանակավրէպ դարձան կեդրոնական ջեռուցման դրութեան տարածումով։ Ան ալ փոխեց իր աշխատանքի եղանակը եւ սկսաւ օդափոխիչ սարքեր արտադրել յատկապէս ճաշարաններու համար։ Նախքան իր տունը հասնիլ, անպայման կ՚այցելէր մեզ եւ իր աշխատած ճաշարաններէն համեղ ուտեստներ կը բերէր ինծի համար։ Զարէ պապուս ալ ձեռքերը եւ եղունգներու շուրջբոլորը սեւացած էր։ Մտքովս կ՚անցնէի թէ իրեն ալ առաջարկեմ հօրս լուացուելու եղանակը, բայց չէի համարձակիլ։ Ան միայն եկեղեցի կամ յատուկ այցելութեան երթալու պահուն է, որ կը ներկայանար մաս մաքուր ձեռքերով ու ես կ՚ուրախանայի զինք այդպէս տեսնելով։
Երբ իմ ընտանիքի տղամարդիկ նկուղային, օրուայ լոյսէ զուրը աշխատանոցներու մէջ ձեռքերու հմտութեամբ կ՚ապահովէին հանապազօրեայ հացը՝ անոնց կանայք իրենց ձեռքերով կը պատրաստէին համեստ ուտեստներ։
Տունը կարգի բերելը, կար-կառկտուքը եւս իրենց վիճակած գործի շարքէն էին։ Կարեւոր են այդ աշխատութիւնները, քանի որ ունեւորութեան տուրքի կամ պահեստիներու զօրակոչման տարիներուն այդ աշխատանքներով ապահոված են նաեւ տան ապրուստը։
2023 Յունուարին հիմնուեցաւ «Պոլիս Լուսատու» համագործակցութիւնը։ Այդ խմբակի «Վարպետ Ձեռքերու Կախարդը» անուն ցուցահանդէսը շրջելու պահուն մտաբերեցի նաեւ իմ յիշողութեան մէջ անջնջելի կերպով դրոշմուած ընտանիքի հարազատներուս ձեռքերը։ Խորհեցայ թէ հայրս ի զուր տեղ չէ որ աշխատանքով կեղտոտած ձեռքերու լուացման արարողակարգին զիս մասնակից կը դարձնէր իբրեւ ականատես։ Խօսուն էին կարծես այդ ձեռքերը եւ հագուստներուն հետզհետէ մաշկին թափանցած մետաղի եւ իւղի բուրմունքը իր աշխատանքին մասին ալ վկայութիւններ չէի՞ն արդեօք։
Լուսանկար կոչուածը, մանաւանդ ալ լուսանկարչութեան արուեստը բառերով բացատրելը դժուար պատումները մեզի կը ներկայացնէ ուղղանկիւն քառանկիւն ձեւաչափի մէջ։ Աւելին՝ այդ ուղղանկիւն քառանկիւն սահմանումը մեզ կ՚առաջնորդէ ներքին ճամբորդութեան մը դէպի սեփական յիշողութեան խորքերը։
«Պոլիս Լուսատու» համագործակցութեան անդամներ Արման Ճամկէօզօղլու, Պերճ Արապեան, Տիգրան Տիւլկերեան, Էտմոն Սեֆեր, Կարօ Միլոշեան, Մկրտիչ Արծիւեան, Նուրան Աքքայա եւ Սարգիս Պահարօղլու այս ցուցահանդէսի սեւ ու սպիտակ լուսանկարներով մեզ կ՚առաջնորդեն օրապահիկը ձեռքերու աշխատութիւնով ապահոված վարպետներու խաւարի մէջ միացած աշխարհին նայելու։
«Լուսատու» բառը կարծես թէ կ՚արդարանայ այս ցուցահանդէսով, քանի որ բացի վարպետներէ, հանդիսատեսը կը ծանօթանայ նաեւ այնպիսի արհեստներով, որոնք հետզհետէ գոյութենէ դադրած են։ Սակայն ինչպէս բոլոր կորուստներ այդ արհեստներու վերացումն ալ տեղի կու տայ շատ լուրջ բացթողումին։ Հետեւաբար երախտապարտ ենք իրենց վաստակին։