Երկրի յատուկ ձայնասփիւռներու ցանցին մէջ շատ բարձր որակով ծանօթ «Աչըք Ռատիօ» կայանը, Ռատիօներու եւ Հեռուստացոյցներու Բարձրագոյն Խորհուրդի որոշումով կը հարկադրուի դադրեցնելու իր հաղորդումները։
Նման պատժի իբրեւ պատճառ կը ներկայացուի «Աչըք Կազեթէ» ծրագրի ընթացքին հիւրընկալուող դասախօսին իր ելոյթի միջոցին «Հայոց ցեղասպանութիւնը» եզրը գործածելը։ Խորհուրդը այս մեղադրանքով նախ տնօրինած էր յիշեալ ծրագրի հինգ օր դադարեցումը եւ բաւականին լուրջ դրամական տուգանք։
Ռատիօկայանը կը սպասէր աւելի յստակ բացատրութիւնը հաղորդումի դադարեցման մեկնարկման ժամկէտը յստակեցնելու համար։ Սակայն վրայ հասաւ աւելի ահռելի պատիժը, որ կը չեղարկէր ռատիօկայանի հաղորդման արտօնագրութիւնը։
Արտօնագրութեան չեղարկումով ռատիօկայանը ինքնաբերաբար դուրս կը մնայ ռատիօ ալիքները ձայնասփռող կեդրոնական անթենի համակարգէն։
Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն հասնող այս լրատուութիւնը խոր ընդվզում յառաջացուց իր գոյութիւնը բոլորովին ունկնդիրներու աջակցութիւնով շարունակող ռատիօկայանի վարչայիններու եւ ծրագիրներու հեղինակներու մօտ։
Նշենք թէ 1 Յուլիս երկուշաբթի երեկոյ ռատիօկայանը առցանց ժողով մը գումարած էր աւելի քան 80 տարբեր ծրագիրներու հեղինակներուն հետ, որոնց մաս կազմած էին «Ռատիօ Ակօս» շաբաթօրեայ թողարկման կազմէն Բագրատ Էսդուգեան։ Այդ ժողովին քննարկուած էր տնօրինուած պատժի դէմ ռատիօն պաշտպանելու զանազան միջոցները։ Այդ պահուն ոչ ոք մտաբերած էր թէ երկու օր անց կը հասնի շատ աւելի ծանր հարուած մը, որ կը սպառնայ ռատիօկայանի գոյութեան իսկ։
Ինչպէս նշեցինք վերեւ սա նոր զարգացում մըն է, հազիւ քանի մը ժամերու անցեալով եւ խնդրի հաւանական հետեւութիւնները կը փոխանցենք օրը օրին «Ակօս»ի համացանցի էջերուն վրայ։