Յարձակումներ ատելութեան դրդումով

Ամէն ինչ սկսաւ Կե­սարիոյ մէջ սու­րիացի գաղ­թա­կանի մը ման­կապղծու­թեան մա­սին պնդու­մով։

Երբ լու­րը տա­րածո­ւեցաւ Կե­սարիոյ մէջ, խմբակ­ներ երթ կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ յար­ձա­կեցան սու­րիացի­ներու պատ­կա­նող գոր­ծա­տեղե­րուն ու ինքնա­շարժնե­րու վրայ յար­ձա­կիլ եւ հրկի­զել։ Այդ պա­տահար­նե­րը տե­սանիւ­թե­րը շու­տով տա­րածո­ւեցաւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ, որ­մէ ետք զա­նազան քա­ղաքա­կան դէմ­քեր յայ­տա­րարու­թիւննե­րով զսպո­ւածու­թեան կոչ ըրին հա­սարա­կու­թեան։

Նման պատ­կերներ գո­յացան Հա­թայ նա­հան­գի Ռեյ­հա­նլը գա­ւառի մէջ, ուր եւս կը բնա­կին մեծ թի­ւով սու­րիացի գաղ­թա­կան­ներ։

Ատա­նան եւս ան­բա­ժին չէ մնա­ցած եւ գաղ­թա­կան­նե­րուն բնա­կեցո­ւած Միր­զա Չե­լեպի թա­ղը ոս­տի­կանա­կան պատ­նէշնե­րով պաշտպա­նուած է։

Գո­նիայի մէջ նոյնպէս բազ­մանդամ խումբ մը յար­ձա­կած է սու­րիացիի մը վրայ եւ ծանր ծե­ծի են­թարկած են զինք։

Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Ալի Եր­լի­քայա սոց­ցանցի գրա­ռու­մով մը յայ­տա­րարեց թէ այս գրգռիչ արարքնե­րու մաս­նակցող 474 ան­ձեր բեր­ման են­թարկո­ւած են, որոնցմէ 285-ը ան­ցեալին պատ­ժի են­թարկո­ւած­ներ են գաղ­թա­կան­նե­րու փախստա­կանու­թեան, վի­րաւո­րելու, թմրե­ցու­ցի­չի, թա­լանի, գո­ղու­թէն, բռնա­բար­ման եւ խա­բեբա­յու­թեան նման յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու պատ­ճա­ռաւ։

Ու­շագրաւ է տես­նել նաեւ թէ այս դէպ­քե­րու հետ գրե­թէ նոյն օրե­րուն Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի մէջ ալ յար­ձա­կումներ կը կա­տարո­ւին թրքա­կան հա­մարա­նիշ­նե­րով բեռ­նա­տար­նե­րու դէմ։ Այստեղ ալ ցու­ցա­րար­ներ պատ­րած կամ հրկի­զած են Թուրքիոյ դրօ­շակ­նե­րը։

Առա­ջին հեր­թին այս բո­լորը դի­տուե­ցան Թուրքիոյ մէջ սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րու հան­դէպ թշնա­ման­քի հա­կազ­դե­ցու­թիւն ըլ­լա­լով։

Սա­կայն վեր­լուծա­բան­ներ իրա­ւացի չեն գտնէր այս բա­ցատ­րութիւ­նը, քա­նի որ անոնք հա­մոզո­ւած են թէ պա­տահած­նե­րը պա­տաս­խան են Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ մեր­ձեցման ջան­քե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ