Յուլիս ամսու առաջին շաբթուայ բաւականին ծանրաբեռնուած օրակարգի մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն դատավարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս մամուլը զբաղած է գորշ Գայլերու նախկին նախագահ Սինան Աթէշի ոճրի դատավարութեան կողքին 2015-ի, 10 Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ իրականացած եւ 101 զոհեր խլած ահաբեկչական արարքի դատավարութիւնը։
Այս վերջինը հասած ըլլալով վճիռներ արձակելու հանգրուանին, յատկապէս աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանար։ Արդարեւ այս դատէն ներս մեղադրեալ 10 ամբաստանեալներ դատապարտուեցան ցկեանս բանտարկութեան։
Դատական նիստին մասնակցեցան զոհուածներու հարազատները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ՏԵՄ կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւիլայ Չելենք եւ ամբաստանեալներէ ոմանց իրաւապաշտպանները։
Տուժողներու փաստաբանները կը պահանջէին որ ամբաստանեալները մեղադրուին մարդկութեան դէմ յանցագործութեան համապատասխան յօդուածներով։ Դատակազմը ամբողջ դատական գործընթացքի միջոցին մերժեց այս պահանջը եւ խնդիրը բնութագրեց 101 անձերու մահուան պատճառ դարձած ահաբեկչութեան ձեւաչափով։
Նիւթը ունի բազմաթիւ նուրբ շերտեր, որոնք զգուշօրէն շրջանցուեցան կամ անտեսուեցան դատավարութեան ընթացքին։ Օրինակի համար ոստիկանութիւնը տեղեակ էր ահաբեկչական գործողութիւնը իրականացնող մահապարտներու բոլոր շարժումներէն։ Անոնք հետեւած էին մահապարտներուն Այնթապէն ցամաքային ճամբով մինչեւ մայրաքաղաք Անգարա երկարող ճամբորդութեան, բայց չէին միջամտած հանրահաւաքի կայացած Անգարայի կայարանի շրջաբակը մտնելուն։
Դատավարութեան տեւողութեան ընթացքին զոհուածներէն ոմանց հարազատները պետական պաշտօնեաներուն ալ դատուելուն մասին պահանջը յղեցին նաեւ Սահմանադրական Ատեան եւ այս վերջինն ալ մերժեց կատարուած դիմումը։
Կարելի է ըսել թէ տասը մեղադրեալներու ցկեանս բանտարկութեան դատապարտումը արդարութեան երաշխիքը չէ եղած, որքան ատեն որ անպատժելիութեան քօղի ետին մնացած են դաւադրական այս ոճիրի առիթ ընծայող պաշտօնեաները։